YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎՆԱՆՈՒ 3

3
ՅՈՎՆԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ՀՆԱԶԱՆԴԻ
1Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Յովնանին եղաւ՝ ըսելով. 2«Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու տո՛ւր անոր այն պատգամը, որ ես քեզի կը յայտնեմ»։ 3Եւ Յովնան Տէրոջը խօսքին համեմատ ելաւ Նինուէ գնաց։ Նինուէ #3:3 Եբր., Աստուծոյխիստ մեծ քաղաք մըն էր՝ երեք օրուան ճամբու տարածութեամբ։ 4Յովնան քաղաքը մտաւ ու մէկ օրուան ճամբայ պտըտելով՝ կը քարոզէր ու կ’ըսէր. «Դեռ քառասուն օր կայ եւ Նինուէն պիտի կործանի»։
5Նինուէացիները Աստուծոյ հաւատալով՝ ծոմապահութիւն քարոզեցին ու մեծէն մինչեւ պզտիկը քուրձ հագան։ 6Այս խօսքը Նինուէի թագաւորին հասաւ։ Անիկա իր աթոռէն ելաւ ու վրայէն պատմուճանը հանեց եւ քուրձ հագաւ ու մոխիրի վրայ նստաւ 7Եւ Նինուէի մէջ մունետիկ կանչել տուաւ ու թագաւորին ու իր մեծամեծներուն հրամանովը պատուիրեց՝ ըսելով. «Մարդ ու անասուն, արջառ ու ոչխար թող բան չուտեն, չարածին ու ջուր չխմեն 8Եւ մարդիկ ու անասուններ քուրձ թող հագնին ու բոլոր ուժով Աստուծոյ թող աղաղակեն։ Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն ու իր ձեռքերուն մէջ եղած անիրաւութենէն թող դառնայ. 9Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած դառնայ ու գթայ եւ իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ ու չկորսուինք»։ 10Աստուած անոնց գործերը տեսաւ, որ իրենց չար ճամբաներէն դարձան, ուստի Աստուած գթաց ու այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ։

Currently Selected:

ՅՈՎՆԱՆՈՒ 3: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in