ՅՈՎԵԼԵԱՅ 2
2
ՄԱՐԱԽԸ՝ ՏԷՐՈՋ ՕՐՈՒԱՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
1Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք,
Ահազանգ թող լսուի սուրբ լերանս վրայ։
Երկրին բոլոր բնակիչները թող դողան,
Քանզի Տէրոջը օրը կու գայ,
2Խաւարի ու մէգի օրը,
Ամպի ու մառախուղի օրը։
Ինչպէս արշալոյսը լեռներուն վրայ կը տարածուի,
Այնպէս շատուոր ու զօրաւոր ժողովուրդ մը պիտի գայ,
Որուն նմանը երբեք չէ եկած
Ու ասկէ ետքը ապագային ալ
Պիտի չգայ՝ դարէ դար։
3Անոր առջեւէն կրակը պիտի սպառէ
Ու ետեւէն բոցը պիտի այրէ.
Երկիրը անոր առջեւ Եդեմի դրախտին պէս էր,
Բայց անոր ետեւը ամայի անապատ պիտի ըլլայ։
Անկէ բան մըն ալ պիտի չազատի։
4Անոնց կերպարանքը ձիերու կերպարանքին պէս է,
Անոնք ձիաւորներու պէս պիտի արշաւեն։
5Լեռներու գլուխներուն վրայ կառքերու ձայնի պէս,
Յարդը ուտող կրակի բոցի ձայնին պէս,
Պատերազմի շարուած զօրաւոր ժողովուրդի պէս պիտի ցատկեն։
6Անոնց առջեւ ժողովուրդները պիտի տագնապին,
Բոլոր երեսները գոյներնին պիտի նետեն։
7Անոնք զօրաւորներու պէս պիտի վազեն,
Պատերազմիկներու պէս պարիսպներու վրայ պիտի ելլեն,
Իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ,
Իրենց շաւիղներէն պիտի չխոտորին։
8Մէկզմէկ պիտի չհրեն,
Իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ։
Եթէ սուրի վրայ ալ իյնան՝ պիտի չվիրաւորուին։
9Քաղաքին մէջ պիտի պտըտին
Ու պարսպին վրայ պիտի վազեն։
Տուներուն վրայ պիտի ելլեն,
Գողի պէս պատուհաններէն պիտի մտնեն։
10Անոնց առջեւ երկիրը պիտի դողայ,
Երկինք պիտի սարսի,
Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին,
Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։
11Տէրը իր զօրքերուն առջեւ իր ձայնը պիտի բարձրացնէ,
Քանզի անոր բանակը խիստ մեծ է,
Քանզի անոր հրամանը գործադրողը զօրաւոր է.
Քանզի Տէրոջը օրը խիստ մեծ ու խիստ ահեղ է,
Ո՞վ կրնայ անոր դիմանալ։
ԿՈՉ ՄԸ ԶՂՋՈՒՄԻ
12Սակայն հիմա Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը՝
Ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով։
13Ձեր սրտերը պատռեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները»։
Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք.
Քանզի անիկա ողորմած ու գթած,
Երկայնամիտ ու բազումողորմ է
Ու չարիքի համար կը զղջայ։
14Ո՞վ գիտէ, թերեւս անիկա դառնայ ու զղջայ
Ու իր ետեւէն օրհնութիւն թողու,
Որպէս զի կարող ըլլաք ձեր Տէր Աստուծոյն
Հացի ընայ ու ըմպելի նուէր մատուցանել։
15Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք,
Ծոմապահութեան օր որոշեցէ՛ք,
Հանդիսաւոր ժողով գումարեցէ՛ք.
16Ժողովուրդը հաւաքեցէ՛ք, ժողովը սրբեցէ՛ք, ծերերը հաւաքեցէ՛ք.
Տղաքներն ու կաթնկեր մանուկները հաւաքեցէ՛ք.
Փեսան իր սենեակէն թող ելլէ
Ու հարսը՝ իր առագաստէն։
17Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները
Սրահին ու սեղանին մէջտեղ թող լան
Ու ըսեն. «Ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ խնայէ՛
Եւ քու ժառանգութիւնդ մի՛ նախատեր,
Որ ազգերը անոնց վրայ տիրեն։
Ինչո՞ւ համար ժողովուրդներուն մէջ ըսեն թէ
‘Ո՞ւր է անոնց Աստուածը’»։
ՏԷՐԸ ԵՐԿՐԻՆ ԱՐԳԱՍԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ
18Այն ատեն Տէրը իր երկրին համար նախանձախնդիր պիտի ըլլայ
Ու իր ժողովուրդին պիտի ողորմի։
19Եւ Տէրը պատասխան պիտի տայ ու իր ժողովուրդին ըսէ.
«Ահա ես ձեզի ցորեն, գինի ու իւղ պիտի պարգեւեմ,
Որ անոնցմով կշտանաք։
Ձեզ անգամ մըն ալ ազգերուն մէջ նախատինքի առարկայ պիտի չընեմ։
20Հիւսիսային զօրքը ձեր վրայէն պիտի հեռացնեմ.
Անոր երեսը՝ դէպի արեւելեան ծովը,
Կռնակը դէպի արեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։
Զանիկա չոր ու ամայի երկիր մը պիտի քշեմ.
Անոր գէշ հոտը պիտի ելլէ,
Անոր գարշահոտութիւնը պիտի աւելնայ,
Քանզի մեծ բաներ ըրաւ։
21Մի՛ վախնար, ո՛վ երկիր, ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր,
Քանզի Տէրը մեծ բաներ պիտի ընէ։
22Ո՛վ դաշտի անասուններ, մի՛ վախնաք,
Քանզի անապատին արօտները պիտի կանանչանան,
Քանզի ծառը իր պտուղը պիտի տայ,
Թզենին ու որթատունկը իրենց արդիւնքը պիտի տան։
23Եւ դո՛ւք, ո՛վ Սիօնի որդիներ,
Ձեր Տէր Աստուծմով ցնծացէ՛ք եւ ուրախ եղէ՛ք,
Քանզի անիկա #2:23 Եբր., արդարութեամբպէտք եղած չափով առաջին անձրեւը ձեզի պիտի տայ,
Ձեզի անձրեւ պիտի տեղացնէ, առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը առաջուան պէս։
24Կալերը ցորենով պիտի լեցուին,
Հնձանները գինիով ու իւղով պիտի յորդին։
25Կրկին ձեզի պիտի տամ այն տարիներուն պտուղները,
Որոնք մարախը, ջորեակը, գրուիճն ու խառնիճը,
Ձեր մէջ ղրկած իմ մեծ բանակս, կերան։
26Առատօրէն պիտի ուտէք ու կշտանաք
Ու ձեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի օրհնէք,
Որ ձեզի համար հրաշքներ ըրաւ։
Իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ։
27Պիտի գիտնաք թէ ես Իսրայէլի մէջ եմ,
Թէ ձեր Տէր Աստուածը ես եմ եւ ուրիշ մը չկայ։
Իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ։
ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԸ
28«Ասկէ յետոյ
Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ
Ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան,
Ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն։
Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն։
29Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ
Այն օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ։
30Երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ պիտի դնեմ,
Արիւն, կրակ եւ ծուխի սիւներ։
31Արեւը խաւարի պիտի դառնայ ու լուսինը՝ արիւնի,
Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։
32Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի.
Քանզի Տէրոջը ըսածին պէս՝
Սիօն լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ փրկութիւն պիտի ըլլայ,
Այն մնացորդներուն մէջ ալ՝ որոնք Տէրը պիտի կանչէ»։
Currently Selected:
ՅՈՎԵԼԵԱՅ 2: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.