YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎԵԼԵԱՅ 1

1
1Տէրոջը խօսքը Փաթուէլի որդիին Յովէլին։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՀՈՒՆՁՔԻՆ ԱՒԵՐՈՒՄԻՆ ՎՐԱՅ Կ’ՈՂԲԱՅ
2«Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ ծերեր
Ու ակա՛նջ տուէք, ո՛վ երկրի բոլոր բնակիչներ,
Միթէ այսպիսի բան եղա՞ծ է ձեր օրերուն մէջ,
Կամ ձեր հայրերուն օրերուն մէջ։
3Ասիկա ձեր որդիներուն պատմեցէ՛ք
Ու ձեր որդիները իրենց որդիներուն
Ու անոնց որդիները յետագայ ազգին թող պատմեն։
4Ինչ որ խառնիճը թողուց՝ մարախը կերաւ,
Ինչ որ մարախը թողուց՝ ջորեակը կերաւ,
Ինչ որ ջորեակը թողուց՝ գրուիճը կերաւ»։
5«Արթնցէ՛ք, ո՛վ գինովներ ու լացէ՛ք
Եւ դուք ամէնքդ, ո՛վ գինի խմողներ.
Սուգ բռնեցէ՛ք քաղցուին համար,
Քանզի ձեր բերնէն կտրուեցաւ։
6Վասն զի իմ երկրիս վրայ
Զօրաւոր անթիւ ազգ մը ելաւ։
Անոր ակռաները առիւծի ակռաներ են
Ու անիկա մատակ առիւծի ժանիքներ ունի։
7Անիկա իմ որթատունկս աւերեց
Եւ իմ թզենիս կոտրտեց։
Զանոնք բոլորովին կեղուեց ու վար ձգեց,
Անոնց ճիւղերը ճերմկցուեցան։
8Ողբ ըրէ՛ կոյսի մը պէս՝
Որ իր երիտասարդութեան էրկանը համար քուրձ հագած կ’ողբայ։
9Հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը Տէրոջը տունէն կտրուեցան։
Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները սուգ կը բռնեն։
10Արտերը ամայացան, երկիրը սուգ կը բռնէ,
Քանզի ցորենը աւերուեցաւ,
Նոր գինին չորցաւ, իւղը պակսեցաւ։
11Ամչցէ՛ք, ո՛վ երկրագործներ,
Ողբացէ՛ք, ո՛վ այգեգործներ,
Թէ՛ ցորենին համար եւ թէ՛ գարիին համար,
Քանզի արտերուն բերքը փճացաւ։
12Որթատունկը չորցաւ ու թզենին թօշնեցաւ,
Նռնենին, արմաւենին, խնձորենին եւ
Արտին բոլոր ծառերը չորցան.
Այսպէս մարդոց որդիներէն ուրախութիւնը վերցուեցաւ։
13 Քուրձ հագէ՛ք ու ողբացէ՛ք, ո՛վ քահանաներ.
Հառաչեցէ՛ք, ո՛վ խորանին պաշտօնեաներ.
Եկէ՛ք, ո՛վ իմ Աստուծոյս ծառաները,
Գիշերը քուրձերու մէջ անցուցէ՛ք,
Քանզի հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը
Ձեր Աստուծոյն տունէն վերցուեցան։
14Ծոմապահութեան օր որոշեցէք,
Հանդիսաւոր ժողով գումարեցէ՛ք.
Ծերերն ու երկրին բնակիչները
Ձեր Տէր Աստուծոյն տունը հաւաքեցէք
Ու Տէրոջը աղաղակեցէ՛ք։
15Աւա՜ղ այն օրուան համար։
Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է,
Ու Ամենակարողէն եկած աւերումին պէս պիտի գայ։
16Ահա մեր աչքին առջեւէն կերակուրը,
Մեր Աստուծոյն տունէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը դադրեցան։
17 # 1:17 Եբր., Իրենց Հողին չոր կոշտերուն տակ սերմերը փտտեցան,
Շտեմարանները պարապ մնացին, ամբարները քանդուեցան,
Քանզի ցորենը խորշակահար եղաւ։
18Ի՜նչպէս կը հեծեծեն անասունները.
Արջառներուն նախիրները աստանդական կը պտըտին,
Քանզի անոնց համար արօտ չկայ։
Ոչխարներուն հօտերն ալ կորսուեցան։
19Քեզի՛ պիտի աղաղակեմ, ո՛վ Տէր,
Քանզի կրակը կերաւ արօտները
Ու բոցը այրեց դաշտին բոլոր մասերը։
20Դաշտին անասուններն անգամ քեզի կը նային,
Քանզի ջուրերուն վտակները ցամքեր են
Ու կրակը կերեր է արօտները։

Currently Selected:

ՅՈՎԵԼԵԱՅ 1: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in