YouVersion Logo
Search Icon

ՈՎՍԵԱՅ 14

14
ՈՎՍԷԷԻ ԱՂԵՐՍԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ
1Ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուծոյդ դարձիր,
Քանզի քու անօրէնութեանդ պատճառով գլորեցար։
2Այս խօսքերը ձեզի հետ առէք ու Տէրոջը դարձէ՛ք.
Անոր ըսէ՛ք. «Ամէն անօրէնութիւն վերցո՛ւր
Եւ բարութիւնը ընդունէ՛
Ու մեր շրթունքներուն պտուղները պիտի մատուցանենք։
3Ասորեստանցին մեզ պիտի չփրկէ.
Ձիերու վրայ պիտի չհեծնենք
Ու անգամ մըն ալ մեր ձեռքերուն գործին՝
‘Մեր Աստուածն ես’ պիտի չըսենք,
Քանզի որբը քեզմէ ողորմութիւն կը գտնէ»։
ՏԷՐԸ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
4Անոնց անհաւատութիւնը պիտի բժշկեմ,
Զանոնք յօժարութեամբ պիտի սիրեմ։
Քանզի իմ բարկութիւնս անոնցմէ վերցուեցաւ։
5Իսրայէլին ցօղի պէս պիտի ըլլամ,
Անիկա շուշանի պէս պիտի ծաղկի
Եւ իր արմատները Լիբանանի եղեւիններուն պէս պիտի արձակէ։
6Անոր ճիւղերը պիտի տարածուին,
Անոր վայելչութիւնը ձիթենիի պէս պիտի ըլլայ,
Անոր անուշահոտութիւնը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։
7Անոնք իմ հովանիիս տակ պիտի բնակին,
Պարտէզի պէս պիտի կենդանանան
Ու որթատունկի պէս պիտի բողբոջին։
Անոր յիշատակը Լիբանանի գինիին պէս պիտի ըլլայ։
8Եփրեմ պիտի ըսէ. «Կուռքերու հետ ի՞նչ գործ ունիմ»։
Ես անոր խնդրանքը լսեցի ու անոր խնամք տարի.
Ես կանանչ մայրի ծառի պէս եմ,
Քու պտուղը ինծմէ է։
9Ո՞վ է իմաստուն, որ ասոնք հասկնայ,
Կամ խոհեմ, որ ասոնք գիտնայ։
Քանզի Տէրոջը ճամբաները շիտակ են,
Արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն.
Բայց յանցաւորները անոնց մէջ պիտի գլորին։

Currently Selected:

ՈՎՍԵԱՅ 14: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in