YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈԲԱՅ 16

16
1Յոբ պատասխանեց.
2«Ես ատոնց պէս շատ բաներ լսած եմ.
Ամէնքդ ալ ձանձրացնող մխիթարիչներ էք։
3Դատարկ խօսքերը վերջ ունի՞ն.
Կամ ի՞նչ բանէ դրդուած պատասխան կու տաք։
4Ես ալ ձեզի պէս կրնայի խօսիլ։
Եթէ ձեր անձը իմ անձիս տեղը ըլլար,
Կրնայի ձեզի դէմ խօսքեր դիզել
Ու ձեզի դէմ գլուխս երերցնել։
5 Սակայն իմ բերնովս կրնայի ձեզ զօրացնել
Ու շրթունքներուս մխիթարութիւնը ձեր տրտմութիւնը կրնար փարատել։
6Եթէ խօսիմ՝ տրտմութիւնս չի փարատիր
Եւ եթէ լռեմ՝ ի՞նչ կը պակսի ինծմէ։
7Բայց հիմա Աստուած զիս յոգնեցուց.
Բոլոր #16:7 Եբր., ժողովստունս ամայի ըրաւ»։
8Նաեւ զիս #16:8 Կամ, խորշոմութիւններով ծածկեցբռնեց ու ասիկա ինծի դէմ վկայութիւն մըն է
Ու իմ նիհարութիւնս ինծի դէմ ելլելով՝ զիս կ’ամբաստանէ։
9Անոր բարկութիւնը զիս պատռեց ու ինծի թշնամի եղաւ,
Ակռաները իմ վրաս կրճտեց։
Թշնամիս սուր աչքերով ինծի նայեցաւ։
10Բերաննին վրաս բացին
Ու զիս նախատելու համար ծնօտներուս ապտակ զարկին.
Մէկտեղ վրաս հաւաքուեցան։
11Աստուած զիս ամբարշտին յանձնեց
Ու անօրէններուն ձեռքը ձգեց։
12Հանգիստ էի ու զիս ճնշեց
Ու վզէս բռնելով՝ զիս ջախջախեց
Ու զիս իրեն նշանակետ ըրաւ։
13Անոր աղեղնաւորները իմ բոլորտիքս առին։
Երիկամունքներս կը խոցէ ու ինծի չի խնայեր.
Մաղձս գետինը կը թափէ։
14Կոտորածի վրայ կոտորած ընելով զիս կոտորեց,
Իմ վրաս զինուորի մը պէս յարձակեցաւ։
15Մորթիս վրայ քուրձ կարեցի
Ու եղջիւրս #16:15 Կամ, հողի մէջհողով աղտոտեցի։
16Երեսս լալէն #16:16 Կամ, կարմրեցաւուռեցաւ
Ու աչքիս թարթիչներուն վրայ մահուան շուք կայ.
17Թէեւ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն չկայ
Ու աղօթքս մաքուր է։
18Ո՛վ երկիր, իմ արիւնս մի՛ ծածկեր
Ու աղաղակս հանգստանալու տեղ թող չգտնէ։
19Հիմա ալ՝ ահա իմ վկաս երկնքի մէջ է ու
Փաստաբանս բարձր տեղերն է։
20Զիս ծաղր ընողները իմ բարեկամներս են։
Աչքերս Աստուծոյ առջեւ արցունք կը թափեն։
21Երանի՜ թէ մարդ կարենար Աստուծոյ հետ վիճաբանիլ,
Ինչպէս մարդ՝ իր ընկերին հետ։
22Վասն զի քիչ տարիներ անցնելէ յետոյ՝
Այնպիսի ճամբայ մը պիտի երթամ, ուրկէ ա՛լ պիտի չդառնամ»։

Currently Selected:

ՅՈԲԱՅ 16: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in