ՅՈԲԱՅ 15
15
ԵՐԿՐՈՐԴ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
(15:1–21:34)
1Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխանեց.
2«Միթէ իմաստուն մարդը հովի պէս #15:2 Եբր., գիտութիւնովխօսքերո՞վ պիտի պատասխանէ
Ու իր փորը արեւելեան հովո՞վ պիտի լեցնէ։
3Պարապ խօսքերո՞վ պիտի վիճաբանի,
Խօսքերով՝ որոնք օգուտ մը չունին։
4Մանաւանդ դուն Աստուծոյ երկիւղը կը խափանես
Ու Աստուծոյ մատուցուելիք աղօթքը կ’արգիլես։
5Որովհետեւ բերանդ քու անօրէնութիւնդ կը ցուցնէ
Ու նենգաւորներուն լեզուն ընտրեցիր։
6Քու բերա՛նդ քեզ պիտի դատապարտէ ու ոչ թէ՝ ես։
Քու շրթունքներդ քեզի դէմ պիտի վկայեն։
7Առաջին ծնած մարդը դո՞ւն ես,
Կամ բլուրներէն առա՞ջ ստեղծուեցար։
8Աստուծոյ գաղտնիքներուն ունկնդիր եղա՞ր
Եւ իմաստութիւնը միայն քեզի՞ պահեցիր։
9Ի՞նչ գիտես դուն, որ մենք չենք գիտեր.
Ի՞նչ բանէ տեղեկութիւն ունիս, որ մենք չունինք։
10Մեր մէջ ճերմակ մազերով
Ու խիստ ծեր մարդիկ ալ կան,
Որոնք տարիքով քու հօրմէդ աւելի մեծ են։
11Միթէ քի՞չ կը թուին քեզի Աստուծոյ մխիթարութիւնները
# 15:11 Կամ, ծածուկ բան մը ունի՞ս արդեօք Ու քեզի ըսուած մեղմ խօսքերը՝ ՝։
12Քու սիրտդ ո՞ւր կը տանի քեզ
Ու աչքերդ ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն,
13Որ հոգիդ Աստուծոյ դէմ դարձնելով՝
Բերնէդ այդպիսի խօսքեր կը հանես։
14Մարդը ի՞նչ է, որ մաքուր ըլլայ
Ու կնոջմէն ծնածը՝ որ արդարանայ.
15Ահա Աստուած իր սուրբերուն չի հաւատար
Ու երկինք անոր աչքերուն առջեւ մաքուր չէ.
16Ո՞ւր կը մնայ գարշելի ու պիղծ մարդը,
Որ անօրէնութիւնը ջուրի պէս կը խմէ։
17Քեզի իմացնեմ, մտիկ ըրէ ինծի
Ու տեսածս պատմեմ քեզի։
18Ինչ որ իմաստունները յայտնեցին
Ու բնաւ չծածկեցին ինչ որ իրենց հայրերէն առին։
19(Երկիր անոնց միայն տրուեցաւ
Ու անոնց մէջէն օտարական մը չանցաւ)։
20Չարը իր բոլոր օրերուն մէջ տանջանք կը կրէ
Ու բռնաւորին քիչ տարիներ պահուած են։
21Վախի ձայնը անոր ականջն է.
Խաղաղութեան մէջ անոր վրայ կործանիչը պիտի գայ.
22Չի հաւատար թէ մութէն պիտի ելլէ
Ու անիկա սուրի սահմանուած է։
23‘Հացը ո՞ւր է’ ըսելով՝ թափառական կը պտըտի.
Գիտէ թէ մութ օրը պատրաստ է իր ձեռքը։
24Նեղութիւնն ու տառապանքը զանիկա կը վախցնեն
Ու պատերազմի պատրաստուած թագաւորի պէս անոր կը յաղթեն,
25Վասն զի Աստուծոյ դէմ ձեռք վերցուց
Ու Ամենակարողին դէմ հպարտացաւ։
26Անոր վրայ կը յարձակի #15:26 Եբր., խստապարանոցգոռոզութեամբ
Ու իր թանձր եւ ուռուցիկ վահանով։
27Որովհետեւ իր երեսը ճարպով ծածկեց
Ու երիկամունքները պարարտութեամբ գոցեց։
28Անիկա աւերակ քաղաքներու մէջ բնակեցաւ
Ու կործանելու մօտեցած անշէն տուներու մէջ։
29Անիկա պիտի չհարստանայ,
Անոր ստացուածքները հաստատ պիտի չըլլան։
Անոնց երջանկութիւնը երկրի վրայ պիտի չտարածուի։
30Մութէն պիտի չազատի.
Բոցը պիտի չորցնէ անոր ճիւղերը
Ու Աստուծոյ բերնին շունչովը պիտի ոչնչանայ։
31Խաբուելով ունայնութեան թող չվստահի,
Վասն զի անոր վարձքը ունայնութիւն պիտի ըլլայ։
32Օրերը չլմնցած պիտի կտրուի
Ու ճիւղերը նորէն պիտի չկանանչանան։
33Որթատունկի պէս իր ազոխը պիտի թափէ
Ու ձիթենիի պէս իր ծաղիկները պիտի թօթափէ։
34Վասն զի կեղծաւորներուն ժողովը ամայի պիտի ըլլայ
Ու կրակը պիտի այրէ կաշառք առնողներուն վրանները։
35Անոնք թշուառութիւն կը յղանան, անօրէնութիւն կը ծնանին
Ու սրտերնին խաբէութիւն կը պատրաստէ»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 15: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.