ՅՈԲԱՅ 17
17
1«Շունչս կը կտրի, օրերս կը մարին,
Գերեզմանը ինծի կը սպասէ։
2Չէ՞ որ ծաղր ընողներ կան իմ քովս,
Անոնց գրգռութիւնը աչքիս առջեւ է։
3Աղէ՜, քու քովդ ինծի երաշխաւոր մը դիր.
Ո՞վ կայ որ իմ ձեռքս բռնէ։
4Վասն զի դուն իմաստութիւնը անոնց սրտէն ծածկեցիր,
Անոր համար պիտի չբարձրացնես զանոնք։
5Ով որ իր #17:5 Կամ, բարեկամներուն շողոքորթութիւն կ’ընէբարեկամները կողոպտուելու կը մատնէ՝ ՝,
Անոր տղոցը աչքերը պիտի նուաղին։
6Զիս ժողովուրդներուն բերնի ծամոց ըրաւ,
Անոնց առջեւ զզուելի եղայ։
7Նաեւ աչքերս տրտմութենէն շլացան
Ու մարմնիս բոլոր անդամները շուքի պէս եղան։
8Ուղիղները այս բանին վրայ պիտի զարմանան
Ու անմեղները պիտի յուզուին կեղծաւորին դէմ։
9Ու արդարը հաստատ պիտի կենայ իր ճամբուն մէջ
Եւ մաքուր ձեռք ունեցողը երթալով պիտի զօրանայ։
10Բայց դուք ամէնքդ ալ դարձէ՛ք ու եկէ՛ք,
Վասն զի ձեր մէջ իմաստուն մէկը չեմ գտներ։
11Իմ օրերս անցան,
Իմ դիտաւորութիւններս ու սրտիս խորհուրդները խափանուեցան։
12Գիշերը ցորեկի փոխուեցաւ
Ու լոյսը #17:12 Կամ, խաւարին առջեւէն կարճ եղաւխաւարին մօտեցաւ՝ ՝։
13Եթէ երկար սպասեմ գերեզմանին, որ իմ տունս պիտի ըլլայ,
Անկողինս մթութեան մէջ փռեմ,
14Եթէ ապականութեան աղաղակեմ՝ ըսելով. ‘Դուն իմ հայրս ես’
Եւ որդերուն՝ ‘Դուք իմ մայրս ու քոյրս էք’,
15Այն ատեն ո՞ւր է իմ յոյսս։
Իմ յոյսս ո՞վ պիտի տեսնէ։
16Գերեզմանին առանձնութեանը մէջ պիտի իջնէ,
Երբ մէկտեղ հողին մէջ հանգստանանք»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 17: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.