ՅՈԲԱՅ 14
14
1«Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի,
Որ թշուառութիւնով լեցուն է։
2Ծաղիկի պէս կ’ելլէ ու կը կտրուի
Ու շուքի պէս կը փախչի ու չի կենար։
3Բայց անո՞ր վրայ ալ աչքերդ կը բանաս
Ու զիս քեզի հետ դատաստանի՞ կը տանիս։
4Անմաքուրէն ո՞վ կրնայ մաքուր հանել։
Բնաւ մէկը չի կրնար։
5Անոր օրերը որոշուած են,
Անոր ամիսներուն թիւը քու քովդ է.
Դուն անոր սահման դրիր
Ու անիկա չի կրնար անդին անցնիլ։
6Երեսդ մէկդի դարձուր անկէ, որպէս զի անիկա հանգչի,
Մինչեւ որ վարձկանի պէս իր օրը լմնցնէ։
7Վասն զի եթէ ծառը կտրուի, դեռ յոյս կայ,
Որ վերստին ծլի ու ճիւղը պակաս չըլլայ։
8Թէեւ անոր արմատը երկրին մէջ ծերացած ըլլայ
Ու անոր կոճղը՝ հողին մէջ մեռած,
9Անիկա ջուրին հոտէն պիտի ծաղկի
Ու նոր տնկուած ծառի պէս ճիւղեր պիտի արձակէ։
10Բայց մարդը կը մեռնի ու #14:10 Կամ, ապականութիւն կը տեսնէկ’երթայ։
Մարդը իր հոգին կ’աւանդէ ու ետքը ո՞ւր ըլլալը յայտնի չըլլար։
11 Ինչպէս ջուրերը ծովէն կը շոգիանան
Ու գետը կը ցամքի ու կը չորնայ,
12Այսպէս ալ մարդը գետինը կը պառկի ու չ’ելլեր.
Մինչեւ որ ա՛լ երկինք չըլլայ՝ պիտի չելլէ
Ու իր քունէն պիտի չարթննայ։
13Երանի՜ թէ մինչեւ քու բարկութեանդ անցնիլը՝
Գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։
Ինծի ժամանակ մը որոշէիր ու ետքը զիս միտքդ բերէիր։
14Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։
Պատերազմիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ,
Մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս գայ։
15Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ.
Քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս։
16Քանի որ հիմա քայլերս կը համրես,
Մեղքս մի՛ քններ։
17Իմ յանցանքս քսակի մէջ կնքուած է
Ու իմ անօրէնութեանս վրայ ծածկոց մը դրիր։
18Իրաւ որ լեռը իյնալով կը կործանի
Ու ապառաժը իր տեղէն կը փոխադրուի։
19Ջուրերը կը մաշեցնեն քարերը,
Իրենց յորդած ժամանակը գետնին հողերը կը քշեն կը տանին.
Դուն ալ մարդուն յոյսը այնպէս կը կորսնցնես։
20Դուն բոլորովին կը յաղթես ու անիկա կ’երթայ.
Անոր դէմքը փոխելով՝ զանիկա կը վռնտես։
21Անոր տղաքը պատիւ կ’ունենան ու ինք չի գիտնար.
Անոնք անարգ կ’ըլլան ու ինք անոնց վիճակը չ’իմանար։
22Միայն իր մարմնին ցաւը կ’զգայ
Ու իր հոգին կը տրտմի իր ներսիդին»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 14: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.