YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈԲԱՅ 13

13
1«Ահա այս ամէնը իմ աչքս տեսաւ,
Ականջս լսեց ու իմացաւ։
2Ձեր գիտցածը ես ալ գիտեմ։
Ես ձեզմէ նուաստ չեմ։
3Բայց ես Ամենակարողին խօսքը լսել
Ու իմ իրաւունքներս Աստուծոյ ներկայացնել կը փափաքիմ.
4Սակայն դուք սուտ խօսքեր կը հնարէք.
Ամէնքդ ալ կեղծ բժիշկներ էք։
5Երանի՜ թէ բոլորովին լուռ կենայիք
Եւ ատիկա ձեզի իմաստութիւն պիտի սեպուէր։
6Հիմա իմ պատճառաբանութիւնս լսեցէք
Ու շրթունքներուս փաստերուն ականջ դրէք։
7Աստուծոյ մասին անիրաւութեա՞մբ կը խօսիք
Ու անոր համար նենգութեա՞մբ կ’արտայայտուիք։
8Միթէ աչառութի՞ւն կ’ընէք անոր,
Կամ Աստուծոյ փա՞ստը կը պաշտպանէք։
9Աղէ՞կ է որ անիկա ձեզ քննէ.
Պիտի խաբէ՞ք զանիկա մարդ խաբելու պէս։
10Եթէ ծածուկ աչառութիւն ալ ընէք,
Անշուշտ անիկա պիտի յանդիմանէ ձեզ։
11Միթէ անոր վեհափառութիւնը ձեզ չի՞ վախցներ,
Ու անոր ահը ձեր վրայ չ’ի՞յնար։
12Ձեր ասացուածքները մոխիրի առակներ են,
Ձեր #13:12 Կամ, մարմինները կաւէ մարմիններուպատնէշները կաւէ պատնէշներու՝ ՝ պէս են։
13Լռեցէք իմ առջեւս, որ ես խօսիմ
Եւ ինչ որ ուզէ թող պատահի ինծի։
14Ինչո՞ւ համար մարմինս ակռաներուս մէջ առնեմ
Ու հոգիս ափիս մէջ դնեմ,
15Թէեւ անիկա զիս սպաննէ, ես անոր պիտի յուսամ.
Մանաւանդ ճամբաներս անոր առջեւ պիտի պաշտպանեմ։
16Իմ փրկութիւնս անիկա է.
Բայց կեղծաւորը բնաւ անոր առջեւ պիտի չգայ։
17Աղէկ մտիկ ըրէք իմ խօսքիս
Ու իմ ըսելիքս ձեր ականջներուն թող հասնի։
18Ահա հիմա իմ դատս կարգի դրած եմ,
Գիտեմ թէ պիտի արդարանամ։
19Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի.
Քանզի եթէ հիմա լռելու ըլլամ, պիտի մեռնիմ։
20Միայն թէ այս երկու բանը մի՛ ըներ ինծի
Ու այն ատեն քու երեսէդ պիտի չպահուըտիմ։
21Ձեռքդ վրայէս վերցուր
Ու քու երկիւղդ թող զիս չզարհուրեցնէ։
22Ետքը դուն կանչէ ու ես պատասխան տամ,
Կամ թէ ես խօսիմ ու դուն ինծի պատասխան տուր։
23Որչա՞փ են իմ անօրէնութիւններս ու մեղքերս։
Իմ յանցանքս ու մեղքս ինծի իմացուր։
24Ինչո՞ւ համար երեսդ կը պահես
Ու զիս քեզի թշնամի կը սեպես։
25 Հովէն քշուած տերեւի՞ մը դէմ ահաւոր պիտի ըլլաս,
Կամ թէ չոր մղե՞ղ մը պիտի հալածես.
26 # 13:26 Եբր., դառնութիւններ Դառնութեան վճիռ կու տաս՝ ՝ ինծի
Ու իմ երիտասարդութեանս անօրէնութիւնները ինծի ժառանգ կու տաս,
27Ոտքերս կոճղի մէջ կը դնես
Ու բոլոր ճամբաներս կը զննես
Եւ իմ ոտքերուս քայլերուն սահման կը դնես։
28Ու այս մարմինս փտտած բանի պէս
Ու ցեցէն կերուած լաթի պէս կը մաշի»։

Currently Selected:

ՅՈԲԱՅ 13: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in