ՅՈԲԱՅ 12
12
1Յոբ պատասխանեց.
2«Արդարեւ ժողովուրդը դուք էք
Ու իմաստութիւնը ձեզի հետ պիտի մեռնի։
3Ես ալ ձեզի պէս խելք ունիմ, ես ձեզմէ նուաստ չեմ
Ու այսպիսի բաներ #12:3 Եբր., որո՞ւն քովը չկայո՞վ չի գիտեր՝ ՝։
4Իր բարեկամէն ծաղրուող մարդ մըն եմ ես.
Բայց ով որ Աստուծոյ աղաղակէ,
Աստուծմէ պատասխան պիտի առնէ։
Արդար ու կատարեալ մարդը ծաղր կ’ըլլայ։
5Ոտքը սահելու վրայ եղողը, հանգիստ կեանք վարողին կարծիքին համաձայն՝
Անպիտան ջահ մըն է։
6Գողերուն վրանները յաջողութեան մէջ են
Ու Աստուած բարկացնողները ապահով են,
Անոնց ձեռքը Աստուած առատութեամբ #12:6 Եբր., կը բերէկը լեցնէ։
7Բայց, աղէ՜, անասուններուն հարցուր, որպէս զի քեզի սորվեցնեն
Ու երկնքի թռչուններուն՝ որպէս զի քեզի իմացնեն,
8Կամ թէ երկրին ըսէ ու անիկա քեզի պիտի սորվեցնէ.
Ծովուն ձուկերը անգամ քեզի պիտի պատմեն։
9Ասոր հետ մէկտեղ ո՞վ չի գիտեր,
Թէ ասիկա ընողը Տէրոջը ձեռքն է,
10Որ ամէն ապրողի անձը
Ու բոլոր մարդկային մարմնի հոգին իր ձեռքն ունի։
11Միթէ ականջը խօսքերը չ’ո՞րոշեր,
Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ։
12Իմաստութիւնը ծերերուն քովն է
Ու հանճարը՝ օրերուն շատութեանը մէջ։
13Անոր քով է իմաստութիւնն ու զօրութիւնը։
Հանճարն ու իմաստութիւնը Անորն են։
14Ահա Ան կը փլցնէ ու ա՛լ չի շինուիր։
Եթէ մէկուն վրայ գոցէ, ա՛լ չի բացուիր։
15Ահա Անիկա ջուրերը կ’արգիլէ ու կը չորնան։
Ու զանոնք թող կու տայ ու երկիրը տակն ու վրայ կ’ընեն։
16Զօրութիւնն ու հանճարը անոր հետ են։
Խաբուողն ու խաբողը անորն են։
17Խորհրդականները կողոպտուած կը պտըտցնէ
Ու դատաւորները կը յիմարացնէ։
18Թագաւորներուն իշխանութիւնը կը քակէ
Ու մէջքերնին չուան կը կապէ։
19Նախարարները կողոպտուած կը պտըտցնէ
Ու զօրաւորները կը կործանէ։
20Հաւատարիմներուն շրթունքը կը պապանձեցնէ
Ու ծերերուն խելքը կ’առնէ։
21Ազնուականներուն վրայ անարգութիւն կը թափէ
Ու հզօրներուն գօտին կը թուլցնէ։
22Խորունկ բաները խաւարէն հանելով կը յայտնէ
Ու մահուան ստուերը կը լուսաւորէ։
23Ազգերը կը շատցնէ ու զանոնք կը կորսնցնէ.
Ազգերը ասդին անդին կը տարածէ ու անոնց կ’առաջնորդէ։
24Երկրի ժողովուրդներուն առաջնորդներուն խելքը կ’առնէ
Ու ճամբայ չունեցող անապատներու մէջ կը մոլորեցնէ զանոնք։
25Անոնք առանց լոյսի մութին մէջ խարխափելով կ’երթան
Ու գինովներու պէս կը մոլորին»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 12: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.