YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈԲԱՅ 11

11
1Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց.
2«Միթէ շատ խօսքերուն պատասխան պիտի չտրուի՞
Ու լեզուանի մարդը կրնա՞յ խօսքով արդարանալ։
3Քու պարապ խօսքերդ մարդիկը պիտի լռեցնե՞ն,
Երբ դուն ծաղր ընես, պիտի չըլլա՞յ մէկը որ քեզ ամչցնէ։
4Վասն զի դուն ըսիր թէ ‘Իմ խօսքս մաքուր է
Ու քու աչքիդ առջեւ անարատ եմ’։
5Սակայն երանի՜ թէ Աստուած խօսէր
Ու քեզի դէմ իր շրթունքը բանար
6Ու քեզի յայտնէր իմաստութեան գաղտնիքը,
Որ մարդուս իմացածին կրկինն է։
Հիմա գիտցիր թէ Աստուած
Քու անօրէնութեանդ մէկ մասը #11:6 Եբր., քեզի կը մոռցնէանտես կ’ընէ՝ ՝։
7Աստուծոյ գաղտնիքը կրնա՞ս հասկնալ,
Ամենակարողը կատարելապէս կրնա՞ս իմանալ։
8Անիկա երկնքին պէս բարձր է. ի՞նչ կրնաս ընել.
Դժոխքէն խորունկ է. ի՞նչ կրնաս գիտնալ։
9Անոր չափը՝ երկրէն երկայն
Ու ծովէն լայն է։
10Եթէ անիկա յարձակի ու գոցէ կամ հաւաքէ,
Ո՞վ անոր արգելք պիտի ըլլայ,
11Քանզի ինք ունայն մարդիկը կը ճանչնայ
Ու անօրէնութիւնը տեսնելով՝ ուշադրութիւն պիտի չընէ՞։
12Բայց անմիտ մարդը մեծամիտ է
Ու կնոջմէ ծնած մարդը վայրենի իշու ձագի պէս է։
13Եթէ դուն սիրտդ շտկես
Ու ձեռքերդ անոր երկնցնես,
14Եթէ քու ձեռքդ անօրէնութիւն կայ, զանիկա քեզմէ հեռացուր
Ու մի՛ թողուր, որ վրաններուդ մէջ անզգամութիւն բնակի։
15Այն ատեն անշուշտ կրնաս պարզերես մնալ,
Հաստատ կ’ըլլաս ու բանէ մը չես վախնար։
16 Քու թշուառութիւնդ պիտի մոռնաս,
Անցած ջուրերու պէս պիտի յիշես զանիկա։
17Ու կեանքդ կէսօրուան լոյսէն պայծառ պիտի ըլլայ.
Թէեւ խաւարի մէջ ըլլաս, առտուան պէս պիտի երեւիս
18Եւ ապահով պիտի ըլլաս, վասն զի յոյս կայ քեզի։
Պիտի պաշտպանուիս ու ապահովութեամբ պիտի հանգստանաս։
19Եւ պիտի պառկիս ու վախցնող պիտի չըլլայ
Ու շատերը քեզ պիտի փնտռեն։
20Բայց ամբարիշտներուն աչքերը պիտի նուաղին
Ու անոնց ապաստանարան պիտի չգտնուի
Ու յոյսերնին հոգեվարքի մէջ պիտի ըլլայ»։

Currently Selected:

ՅՈԲԱՅ 11: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in