ԵՐԵՄԵԱՅ 52
52
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԸ
(Դ. Թագ. 24:18–25:7)
1Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր ու Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։ 2Անիկա Յովակիմին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ. 3Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ բորբոքեցաւ եւ զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Անոր համար Սեդեկիան Բաբելոնի թագաւորէն ապստամբեցաւ։
4Անոր թագաւորութեանը իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմի վրայ եկաւ ու անոր դէմ բանակեցաւ եւ շուրջը պատնէշներ շինեցին 5Ու մինչեւ Սեդեկիա թագաւորին տասնըմէկերորդ տարին քաղաքը պաշարուած էր։ 6Չորրորդ ամսուն, ամսուան իննին, քաղաքին մէջ սաստիկ սով եղաւ ու ժողովուրդը հաց չունէր 7Եւ քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ ու բոլոր պատերազմողները փախան եւ գիշերով թագաւորին պարտէզին մօտակայ երկու պարսպին մէջի դրանը ճամբայով քաղաքէն ելան։ Քաղդէացիները քաղաքին շուրջը կեցեր էին։ Փախստականները դաշտի ճամբայէն գացին։ 8Քաղդէացիներու զօրքը թագաւորին ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան։ Անոր բոլոր զօրքը իր քովէն ցրուեցան։ 9Թագաւորը բռնեցին ու զանիկա Բաբելոնի թագաւորին Ռեբղա տարին Եմաթի երկրին մէջ եւ անոր դատաստանը տեսաւ։ 10Բաբելոնի թագաւորը Սեդեկիային տղաքները անոր աչքերուն առջեւ մորթեց եւ Յուդայի բոլոր իշխաններն ալ Ռեբղայի մէջ մորթեց 11Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց։ Բաբելոնի թագաւորը զանիկա Բաբելոն տարաւ ու մինչեւ իր մահուան օրը բանտի մէջ պահեց։
ՏԱՃԱՐԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
12Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին տասնըիններորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, ամսուան տասին Բաբելոնի թագաւորին առջեւ կայնող Նաբուզարդան դահճապետը Երուսաղէմ մտաւ 13Ու Տէրոջը տունը եւ թագաւորին տունը այրեց ու Երուսաղէմի բոլոր տուները ու բոլոր մեծ տուները կրակով այրեց։ 14Դահճապետին հետ եղող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքերը Երուսաղէմի շրջակայ բոլոր պարիսպները փլցուցին։ 15Ժողովուրդին աղքատներէն մաս մը, քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդին մնացորդը ու Բաբելոնի թագաւորին բռնած փախստականները ու մնացած բազմութիւնը Նաբուզարդան դահճապետը գերի տարաւ։ 16Բայց Նաբուզարդան դահճապետը երկրին աղքատներէն մաս մը թողուց իբր այգեգործներ ու երկրագործներ։
17Քաղդէացիները Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ սիւներն ու մեքենովթները ու Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ ծովը կտոր կտոր ըրին ու անոնց բոլոր պղինձը Բաբելոն տարին։ 18Եւ թաղարներն ու թիակները եւ բազմակալներն ու կոնքերը եւ խնկամաններն ու պաշտօնի համար գործածուած բոլոր պղնձէ անօթները առին։ 19Գաւաթներն ու բուրվառները եւ կոնքերն ու թաղարները եւ աշտանակներն ու խնկամանները եւ բաժակները առաւ դահճապետը՝ ինչ որ ոսկիէ էր՝ իբրեւ ոսկի ու ինչ որ արծաթէ էր՝ իբրեւ արծաթ։ 20Նաեւ Սողոմոն թագաւորին՝ Տէրոջը տանը համար շինած երկու սիւները, մէկ ծովն ու #52:20 Կամ, անոր տակը եղած տասներկու եզներն ու մեքենովթներըմեքենովթներուն տակ եղած տասներկու պղնձէ եզները՝ ՝, բոլոր այս գործիքներուն պղինձին կշիռքը անհաշիւ էր։ 21Սիւներէն մէկուն բարձրութիւնը տասնըութը կանգուն էր ու անոր շրջապատը տասներկու կանգուն էր։ Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր ու մէջը պարապ էր։ 22Անոր վրայ պղնձէ խոյակ մը կար։ Մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր եւ խոյակին շուրջը ցանցակերպ զարդ ու նուռեր կային։ Բոլորն ալ պղնձէ էին։ Միւս սիւնն ալ նուռերով այնպէս էր։ 23Նուռերը ամէն կողմէն իննիսունըվեց հատ էին ու ցանցակերպ զարդին շուրջի բոլոր նուռերը հարիւր հատ էին։
ՅՈՒԴԱՅԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԲԱԲԵԼՈՆ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ
(Դ. Թագ. 25:18-21,27-30)
24Դահճապետը առաջին քահանան Սարայիան ու երկրորդ քահանան Սոփոնիան ու դրան երեք պահապանները առաւ 25Եւ քաղաքէն ներքինի մը առաւ, որ պատերազմող մարդոց զօրագլուխն էր ու քաղաքին մէջ գտնուած՝ թագաւորին #52:25 Եբր., երեսը տեսնողներէնառջեւ կեցողներէն՝ ՝ եօթը մարդ ու երկրին ժողովուրդը զինուորագրող մեծ գրագիրը եւ քաղաքին մէջ գտնուած երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ առաւ։ 26Նաբուզարդան դահճապետը զանոնք առաւ ու Բաբելոնի թագաւորին՝ Ռեբղա տարաւ։ 27Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ մեռցուց Եմաթի երկրին Ռեբղայի մէջ։ Այսպէս Յուդա իր երկրէն գերի տարուեցաւ։
28Նաբուգոդոնոսորի գերի քշած ժողովուրդը ասիկա է։ Եօթներորդ տարին երեք հազար քսանըերեք Հրեայ. 29Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին՝ Երուսաղէմէն ութ հարիւր երեսունըերկու հոգի. 30Նաբուգոդոնոսորի քսանըերեքերորդ տարին Նաբուզարդան դահճապետը Հրեաներէն եօթը հարիւր քառասունըհինգ հոգի գերի քշեց. ամէնքը չորս հազար վեց հարիւր հոգի եղան։
31Յուդայի Յովաքին թագաւորին գերութեանը երեսունըեօթներորդ տարուան տասներկրորդ ամսուան քսանըհինգերորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը իր թագաւոր եղած տարին, Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց ու զանիկա բանտէն հանեց։ 32Անոր հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ ու անոր աթոռը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն աթոռէն վեր դրաւ. 33Անոր բանտի լաթերը փոխեց ու անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ միշտ անոր հետ հաց կ’ուտէր։ 34Անոր ռոճիկը մշտատեւ ռոճիկ ըլլալով, անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ մինչեւ անոր մահուան օրը Բաբելոնի թագաւորին կողմէ ամէն օր անոր կը տրուէր։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 52: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.