ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ 1
1
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՑԱՒԵՐԸ
1Ինչպէ՜ս առանձին կը նստի բազմամարդ քաղաքը.
Ազգերուն մէջ մեծ եղողը՝ որբեւարիի պէս եղաւ,
Գաւառներուն մէջ իշխանուհի եղողը՝ հարկատու եղաւ։
2Գիշերը անդադար կու լայ ու իր արցունքները իր այտերուն վրայ են.
Անոր բոլոր սիրելիներէն զինք մխիթարող չկայ.
Անոր բոլոր բարեկամները անոր նենգութիւն ըրին, անոր թշնամի եղան։
3Յուդան տառապանքի եւ խիստ ծառայութեան համար գերի քշուեցաւ.
Հեթանոսներուն մէջ կը բնակի, հանգստութիւն չի գտներ։
Անոր բոլոր հալածիչները անոր նեղութիւններուն մէջ անոր վրայ հասան։
4Սիօնի ճամբաները կը սգան՝ հանդիսաւոր տօներուն եկող չըլլալուն համար.
Անոր բոլոր դռները ամայացած են, անոր քահանաները կը հեծեն.
Անոր կոյսերը կը տրտմին ու ինք դառնութեան մէջ է։
5Անոր ոսոխները իշխան եղան, անոր թշնամիները յաջողութիւն գտան,
Վասն զի Տէրը զանիկա տրտմութեան մատնեց իր յանցանքներուն համար.
Անոր պզտիկ տղաքը թշնամիէն տարուեցան։
6Եւ Սիօնի աղջիկէն իր բոլոր վայելչութիւնը գնաց։
Անոր իշխանները ճարակ չգտնող եղջերուներու պէս եղան,
Որոնք հալածողին առջեւէն առանց ուժի կ’երթան։
7Երուսաղէմ իր տառապանքի ու թշուառութեան օրերը՝
Իր առաջուան ունեցած բոլոր ցանկալի բաները յիշեց,
Երբ իր ժողովուրդը թշնամիին ձեռքը ինկաւ ու իրեն օգնող չեղաւ։
Թշնամիները զանիկա տեսան ու անոր կործանումին վրայ խնդացին։
8Երուսաղէմ ծանր մեղք գործեց, անոր համար #1:8 Կամ, թափառական եղաւպիղծ սեպուեցաւ՝ ՝.
Զանիկա պատուողները զանիկա անարգեցին, վասն զի անոր մերկութիւնը տեսան։
Անիկա ալ հառաչեց ու ետ դարձաւ։
9Անոր պղծութիւնը իր քղանցքներուն վրայ է, անիկա իր վախճանը չյիշեց
Ու զարմանալի կերպով մը նուաստացաւ։ Անիկա մխիթարիչ չունի։
«Ո՛վ Տէր, իմ տառապանքիս նայէ, վասն զի թշնամին հպարտացաւ»։
10Թշնամին ձեռքը երկնցուց անոր բոլոր ցանկալի բաներուն.
Քանզի տեսաւ որ հեթանոսները իր սրբարանին մէջ մտան,
Որոնց համար դուն պատուիրեր էիր, որ անոնք քու ժողովարանդ չմտնեն։
11Անոր բոլոր ժողովուրդը հաց փնտռելէն հառաչեց։
Իրենց հոգին ուժովցնելու համար՝ իրենց ցանկալի բաները կերակուրի փոխարէն տուին։
«Տե՛ս, ո՛վ Տէր ու նայէ՛, վասն զի անարգուեցայ»։
12«Արդեօք հոգ չէ՞ք ըներ, ո՛վ բոլոր ճամբայէ անցնողներ.
Նայեցէ՛ք ու տեսէ՛ք, թէ արդեօք այն ցաւին պէս ցաւ կա՞յ, որ իմ վրաս եկաւ,
Վասն զի Տէրը զիս նեղեց իր սաստիկ բարկութեան օրը։
13Բարձրէն իմ ոսկորներուս կրակ ղրկեց, որ անոնց տիրեց.
Ոտքերուս առջեւ ցանց տարածեց եւ զիս ետ դարձուց.
Զիս ամայացուց ու բոլոր օրը զիս մարած թողուց։
14Իմ յանցանքներուս լուծը անոր ձեռքով կապուեցաւ.
Անոնք միացան ու իմ պարանոցիս վրայ ելան. իմ ոյժս կտրեցին։
Տէրը զիս այնպիսի ձեռքերու մատնեց, որոնցմէ չեմ կրնար ազատիլ։
15Տէրը իմ բոլոր զօրաւորներս անարգեց.
Իմ երիտասարդներս կոտորելու համար իմ վրաս ժողով գումարեց։
Տէրը Յուդայի կոյս աղջիկը հնձանի մէջ կոխեց։
16Անոր համար կու լամ, աչքերս, աչքերս արցունք կ’իջեցնեն.
Վասն զի մխիթարիչը, որ իմ հոգիս պիտի նորոգէր՝ ինծմէ հեռացաւ։
Իմ տղաքս նուաղեցան, վասն զի թշնամին զօրացաւ։
17Սիօն իր ձեռքերը տարածեց, զայն մխիթարող չկայ։
Տէրը հրամայեց, որ Յակոբին թշնամիները զինք շրջապատեն։
Երուսաղէմ անոնց մէջ դաշտանաւոր կնոջ պէս եղաւ։
18Տէրը արդար է, վասն զի անոր հրամանին դէմ ապստամբեցայ։
Հիմա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ, մտիկ ըրէ՛ք ու իմ ցաւս տեսէ՛ք.
Իմ կոյսերս ու երիտասարդներս գերութեան գացին,
19Իմ սիրականներս կանչեցի, անոնք զիս խաբեցին,
Իմ քահանաներս ու ծերերս քաղաքին մէջ հոգինին աւանդեցին,
Երբ իրենց համար կերակուր կը փնտռէին՝ իրենց հոգին ուժովցնելու համար։
20Ո՛վ Տէր, նայէ՛, վասն զի նեղուեցայ, աղիքներս խռովեցան.
Սիրտս ներսիդիս տակնուվրայ եղաւ, վասն զի ապստամբեցայ.
Դուրսէն սուրը զիս զրկեց ու ներսը մահ կայ։
21Իմ հառաչանքս լսեցին, բայց մխիթարող չկայ.
Իմ բոլոր թշնամիներս իմ թշուառութիւնս լսելով ուրախացան, վասն զի դուն ըրիր ասիկա։
Որոշած օրդ պիտի բերես ու անոնք ինծի պէս պիտի ըլլան։
22Անոնց բոլոր չարութիւնը թող քու առջեւդ հասնի
Եւ անոնց այնպէ՛ս ըրէ, ինչպէս ինծի ըրիր իմ բոլոր յանցանքներուս համար.
Վասն զի իմ հեծութիւններս շատ են ու իմ սիրտս նուաղած է»։
Currently Selected:
ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ 1: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.