Bible App logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 38

38
ԵՐԵՄԻԱՆ ՉՈՐ ՋՐՀՈՐԻ ՄԸ ՄԷՋ
1Մատթանին որդին Սափատիան ու Փասուրին որդին Գոդողիան եւ Սեղեմիային որդին Յուքազն ու Մեղքիային որդին Փասուրը Երեմիային բոլոր ժողովուրդին հետ խօսած խօսքերը լսեցին, որ ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 2«Այս քաղաքին մէջ կեցողը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ Քաղդէացիներուն հետ ելլողը ողջ պիտի մնայ եւ անոր կեանքը իրեն աւարի մը պէս պիտի ըլլայ ու պիտի ապրի»։ 3Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս քաղաքը անպատճառ Բաբելոնի թագաւորին զօրքին ձեռքը պիտի տրուի, որը զանիկա պիտի առնէ»։ 4Իշխանները թագաւորին ըսին. «Կ’աղաչենք, թող այս մարդը մեռցուի, վասն զի այս քաղաքին մէջ մնացած պատերազմիկներուն ձեռքերն ու բոլոր ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէ՝ անոնց այսպիսի խօսքեր ըսելով. վասն զի այս մարդը այս ժողովուրդին խաղաղութիւնը չի փնտռեր, հապա անոր չարիքը»։ 5Սեդեկիա թագաւորը ըսաւ. «Ահա անիկա ձեր ձեռքն է, որովհետեւ թագաւորը ձեզի հակառակ բան մը չի կրնար ընել»։ 6Երեմիան առին եւ զանիկա թագաւորին որդիին Մեղքիային գուբը նետեցին, որ բանտին գաւիթին մէջ էր։ Երեմիան չուաններով իջեցուցին։ Այն գուբին մէջ ջուր չկար, հապա միայն տիղմ, որով Երեմիա տիղմին մէջ կ’ընկղմէր։
7Թագաւորին տունը եղող Եթովպիացի ներքինին Աբդեմելէք լսեց, որ Երեմիան գուբը ձգեցին։ Երբ թագաւորը Բենիամինին դուռը կը նստէր, 8Աբդեմելէք թագաւորին տունէն ելաւ ու թագաւորին խօսեցաւ ու ըսաւ. 9«Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, այս մարդիկը սխալ ըրին Երեմիա մարգարէն գուբը նետելով. քանզի քաղաքին մէջ ա՛լ հաց չգտնուելուն համար՝ անիկա հոն անօթութենէն #38:9 Կամ, արդէն կը մեռնիպիտի մեռնի՝ ՝»։ 10Թագաւորը Եթովպիացի Աբդեմելէքին հրամայեց ու ըսաւ. «Ասկէ քեզի հետ երեսուն մարդ ա՛ռ ու Երեմիա մարգարէն գուբէն հանէ, քանի որ մեռած չէ»։ 11Աբդեմելէքը իրեն հետ մարդիկ առաւ ու թագաւորին տունը՝ շտեմարանին տակ գնաց եւ անկէ պատռած լաթեր ու հին լաթեր առաւ եւ զանոնք չուաններով գուբը Երեմիային իջեցուց։ 12Եթովպիացի Աբդեմելէք Երեմիային ըսաւ. «Այս պատռած ու հին լաթերը թեւերուդ տակ չուաններուն տակը դիր»։ Երեմիան այնպէս ըրաւ։ 13Ու Երեմիան չուաններով քաշեցին եւ զանիկա գուբէն դուրս հանեցին ու Երեմիա բանտին գաւիթին մէջ նստաւ։
ՍԵԴԵԿԻԱՆ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿԸ ԴԻՄԷ
14Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց ու Երեմիա մարգարէն իր քով առաւ Տէրոջը տանը երրորդ մուտքը եւ Երեմիային ըսաւ. «Քեզի բան մը պիտի հարցնեմ, ինծմէ բան մի՛ պահեր»։ 15Երեմիան ըսաւ Սեդեկիային. «Եթէ քեզի պատմեմ, զիս անշուշտ պիտի մեռցնես եւ եթէ քեզի խրատ տամ, ինծի մտիկ պիտի չընես»։ 16Բայց Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային գաղտուկ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Մեզ ստեղծող Տէրը կենդանի է, որ քեզ պիտի չմեռցնեմ եւ քեզ պիտի չմատնեմ այս մարդոց ձեռքը, որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն»։ 17Այն ատեն Երեմիան Սեդեկիային ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն յանձնուիս, քու հոգիդ ողջ պիտի մնայ եւ քաղաքը կրակով պիտի չայրի եւ դուն ու քու տունդ ողջ պիտի մնաք. 18Բայց եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն չյանձնուիս, այն ատեն այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի տրուի, որոնք զանիկա կրակով պիտի այրեն եւ դուն անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս’»։ 19Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային ըսաւ. «Քաղդէացիներուն կողմը անցած Հրեաներէն կը վախնամ. չըլլայ որ զիս անոնց ձեռքը տան ու ինծի հետ անարգանքով վարուին»։ 20Երեմիան ըսաւ. «Պիտի չտան. կ՛աղաչեմ, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ, որ քեզի ըսի, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու քու անձդ ապրի, 21Բայց եթէ ելլել չուզես, Տէրոջը ինծի ցուցուցած տեսիլքն այս է. 22‘Ահա Յուդայի թագաւորին տունը մնացած բոլոր կիները Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն պիտի տարուին ու այն կիները պիտի ըսեն. «Քու բարեկամներդ քեզ հրապուրեցին ու քեզի յաղթեցին ու ոտքերդ տիղմի մէջ ընկղմելուն պէս՝ անոնք ետ քաշուեցան»։ 23Քու բոլոր կիներդ ու տղաքներդ Քաղդէացիներուն պիտի հանեն. դուն ալ անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս, հապա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքով պիտի բռնուիս եւ դուն պատճառ պիտի ըլլաս, որ այս քաղաքը կրակով այրի’»։ 24Ու Սեդեկիան ըսաւ Երեմիային. «Այս խօսքերը մարդ թող չիմանայ ու դուն պիտի չմեռնիս։ 25Եւ եթէ իշխանները քեզի հետ խօսիլս լսեն ու քեզի գան ու քեզի ըսեն՝ ‘Թագաւորին հետ ի՞նչ խօսեցար, մեզի պատմէ. մեզմէ մի՛ պահեր, որ քեզ չմեռցնենք։ Թագաւորը քեզի հետ ի՞նչ խօսեցաւ’. 26Այն ատեն անոնց ըսէ. «Ես թագաւորին առջեւ աղաչանք ըրի, որ զիս Յովնաթանին տունը չղրկէ, որ հոն մեռնիմ’»։ 27Բոլոր իշխանները Երեմիային եկան ու անոր հարցուցին եւ անոնց պատմեց այն խօսքերուն համաձայն, որոնք թագաւորը պատուիրեր էր։ Անոնք խօսելէն դադարեցան. վասն զի բանը չյայտնուեցաւ։ 28Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ մնաց, մինչեւ Երուսաղէմի առնուած օրը։ Երբ Երուսաղէմ առնուեցաւ, անիկա հոն էր։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 38: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 38