Bible App logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 39

39
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
1Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմ եկաւ ու զանիկա պաշարեց։ 2Սեդեկիային տասնըմէկերորդ տարուան չորրորդ ամիսը, ամսուան իննին քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ։ 3Եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր իշխանները, այսինքն Ներգեղսարասարը, Սամերգանաբաւ, Սարսեքիմ ներքինապետը, Ներգեղսարասար մոգպետը ու Բաբելոնի թագաւորին բոլոր մնացած իշխանները եկան միջին դուռը նստան։
4Երբ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու բոլոր պատերազմիկները զանոնք տեսան, փախան ու քաղաքէն գիշերով թագաւորին պարտէզին ճամբովը երկու պարսպին մէջի դռնէն դուրս ելան։ 5Քաղդէացիներուն զօրքը անոնց ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան եւ զանիկա բռնեցին ու Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղա՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առջեւ հանեցին, որ անոր դատը տեսաւ։ 6Բաբելոնի թագաւորը Ռեբղայի մէջ Սեդեկիային տղաքը անոր աչքերուն առջեւ ու Յուդայի բոլոր ազնուականները մորթեց։ 7Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց, որպէս զի Բաբելոն տանի։ 8Քաղդէացիները կրակով այրեցին թագաւորին ու ժողովուրդին տուները ու Երուսաղէմի պարիսպները փլցուցին։ 9Նաբուզարդան դահճապետը քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդը ու իր կողմը անցած փախստականները եւ ուրիշ մնացորդներ Բաբելոն գերի տարաւ։ 10Նաբուզարդան դահճապետը Յուդայի երկրին մէջ թողուց ժողովուրդին աղքատները, որոնք բան մը չունէին եւ նոյն օրը անոնց այգիներ ու արտեր տուաւ։
ԵՐԵՄԻԱ ՎԵՐՍՏԻՆ Կ’ԱԶԱՏԻ
11Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երեմիային համար Նաբուզարդան դահճապետին պատուիրեց ու ըսաւ. 12«Զանիկա ա՛ռ եւ աչքդ անոր վրայ ըլլայ ու անոր ամենեւին չարիք մի՛ հասցներ եւ ինչ որ քեզի ըսէ՝ այնպէս ըրէ՛»։ 13Նաբուզարդան դահճապետը ու Նաբուսազաբան ներքինապետը ու Ներգեղսարասար մոգպետը եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր նախարարները մարդ ղրկեցին 14Ու Երեմիան բանտին գաւիթէն առին ու զանիկա Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային տուին, որպէս զի զանիկա տունը տանի։ Անիկա ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։
ԱԲԴԵՄԵԼԷՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՅՍ
15Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային, երբ անիկա բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր, ըսելով. 16«Գնա՛ Եթովպիացի Աբդեմելէքին խօսէ՛ ու ըսէ՛. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքին վրայով ըսած խօսքերս պիտի գործադրեմ՝ չարիքի եւ ոչ թէ բարիքի համար ու այն օրը քու աչքերուդ առջեւ պիտի կատարուին։ 17Եւ այն օրը քեզ պիտի ազատեմ ու այն մարդոց ձեռքը պիտի չտրուիս, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս։ 18Վասն զի քեզ անշուշտ պիտի ազատեմ ու սուրով պիտի չիյնաս եւ քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի ինծի ապաւինեցար’», կ’ըսէ Տէրը։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 39: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 39