YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 37

37
ՍԵԴԵԿԻԱՅԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ
1Յովսիային որդին Սեդեկիա թագաւորը Յովակիմին որդիին Յեքոնիային տեղ թագաւորեց, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Յուդայի վրայ թագաւոր դրաւ. 2Բայց անիկա ու իր ծառաները ու երկրին ժողովուրդը Տէրոջը Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսած խօսքերուն մտիկ չըրին։
3Սեդեկիա թագաւորը Սեղեմիային որդին Յուքաղը ու Մաասիային որդին Սոփոնիա քահանան Երեմիա մարգարէին ղրկեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ՛»։ 4Այն ժամանակ Երեմիան ժողովուրդին մէջ կը մտնէր կ’ելլէր ու զանիկա տակաւին բանտը դրած չէին։ 5Եգիպտոսէն Փարաւոնին զօրքը եկաւ ու Երուսաղէմը պաշարող Քաղդէացիները երբ այդ լուրը լսեցին, Երուսաղէմէն քաշուեցան։
6Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 7Ինծի հարցնելու համար ձեզ ինծի ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. ‘Ահա ձեզի օգնութեան համար եկող Փարաւոնին զօրքը իր երկիրը՝ Եգիպտոս պիտի դառնայ 8Ու Քաղդէացիները պիտի դառնան եւ այս քաղաքին դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն եւ կրակով այրեն’։ 9Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ խաբէք ձեր անձերը՝ ըսելով թէ «Քաղդէացիները անշուշտ մեզմէ պիտի երթան», վասն զի պիտի չերթան. 10Քանզի թէեւ ձեզի հետ պատերազմ ընող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքը զարնէք եւ անոնցմէ միայն մէկ քանի վիրաւորուած մարդիկ մնան, նորէն անոնց ամէն մէկը իր վրանէն ելլելով՝ այս քաղաքը կրակով պիտի այրեն’»։
ԵՐԵՄԻԱՆ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ ՈՒ ԿԸ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԻ
11Ու երբ Քաղդէացիներու զօրքը Փարաւոնին զօրքին պատճառով Երուսաղէմին վրայէն քաշուեցան, 12Երեմիա Երուսաղէմէն ելաւ, որ Բենիամինին երկիրը երթայ ու անկէ ժողովուրդին մէջ իր բաժինը առնէ։ 13Երբ անիկա Բենիամինին դուռն էր, հոն Անանիային որդիին Սեղեմիային որդին, Յերիա անունով ոստիկան մը կար։ Անիկա Երեմիա մարգարէն բռնեց ու ըսաւ. «Դուն Քաղդէացիներուն կողմը կ’անցնիս»։ 14Ու Երեմիա ըսաւ. ‘Սուտ է, ես Քաղդէացիներու կողմը չեմ անցնիր’։ Բայց ոստիկանը անոր մտիկ չըրաւ ու բռնեց Երեմիան ու զանիկա իշխաններուն տարաւ։ 15Իշխանները Երեմիային սրդողեցան ու զանիկա ծեծեցին եւ բանտարկեցին Յովնաթան դպիրին տանը մէջ. վասն զի այն տունը բանտ ըրեր էին։
16Երեմիան բանտը ու խուցերուն մէջ մտաւ ու հոն երկար ատեն նստաւ։ 17Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց, զանիկա առաւ։ Թագաւորը իր տանը մէջ գաղտուկ անոր հարցուց ու ըսաւ. «Արդեօք Տէրոջմէ խօսք մը կա՞յ»։ Երեմիա ըսաւ. «Կայ». նաեւ ըսաւ. «Դուն Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուիս»։ 18Երեմիա ըսաւ Սեդեկիա թագաւորին. «Քեզի կամ ծառաներուդ կամ այս ժողովուրդին դէմ ի՞նչ մեղք գործեցի, որ զիս բանտը դրիք։ 19Ո՞ւր են ձեր մարգարէները, որոնք ձեզի մարգարէութիւն ըրին ու ըսին. ‘Բաբելոնի թագաւորը ձեր վրայ ու այս երկրին վրայ պիտի չգայ’։ 20Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, մտի՛կ ըրէ, թող իմ աղաչանքս քու առջեւդ ընդունելի ըլլայ ու զիս նորէն Յովնաթան դպիրին տունը մի՛ ղրկեր, որ հոն չմեռնիմ»։ 21Սեդեկիա թագաւորը հրամայեց ու Երեմիան բանտին գաւիթը դրին ու ամէն օր հացագործներուն փողոցէն մէկմէկ նկանակ հաց կու տային անոր, մինչեւ որ քաղաքին հացը բոլորովին հատաւ։ Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ կը նստէր։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 37: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 37