ԵՐԵՄԵԱՅ 36
36
ԲԱՐՈՒՔ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՏՈՄՍԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ
1Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին Տէրոջը կողմէ այս խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. 2«Քեզի գրքի տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ՛ այն բոլոր խօսքերը, որոնք քեզի հետ խօսելու սկսած օրէս Յովսիային օրերէն մինչեւ այսօր Իսրայէլի վրայով ու Յուդայի վրայով եւ բոլոր ազգերուն վրայով խօսեցայ։ 3Կարելի է, որ Յուդայի տունը լսէ այն բոլոր չարիքը, որ ես մտադրած եմ անոնց ընել, որպէս զի ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ եւ ես անոնց անօրէնութիւնն ու մեղքը ներեմ»։
4Երեմիա Ներիային որդին Բարուքը կանչեց։ Բարուք Երեմիային բերնէն Տէրոջը անոր ըսած բոլոր խօսքերը այն գրքի տոմսին վրայ գրեց։ 5Երեմիա Բարուքին պատուիրեց ու ըսաւ. «Ես այս տեղ արգելափակուած եմ, չեմ կրնար Տէրոջը տունը երթալ, 6Ուստի դուն գնա՛ ու ծոմապահութեան օրը Տէրոջը տանը մէջ ժողովուրդին ականջներուն տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը խօսքերը կարդա՛, նաեւ իրենց քաղաքներէն եկող բոլոր Յուդայի ականջներուն կարդա՛, 7Թերեւս #36:7 Եբր., անոնց աղօթքը Տէրոջը առջեւ իյնայՏէրոջը առջեւ իյնալով աղօթք ընեն՝ ՝ եւ ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ. քանզի մեծ է այն բարկութիւնն ու սրտմտութիւնը, որ Տէրը այս ժողովուրդին համար վճռեց»։ 8Ու Ներիային որդին Բարուքը Երեմիա մարգարէին հրամայածին պէս ըրաւ եւ այն տոմսէն Տէրոջը խօսքերը կարդաց Տէրոջը տանը մէջ։
9Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին հինգերորդ տարուան իններորդ ամիսը, բոլոր Երուսաղէմի ժողովուրդին ու Յուդայի քաղաքներէն Երուսաղէմ եկող բոլոր ժողովուրդին, Տէրոջը առջեւ ծոմապահութիւն քարոզեցին։ 10Բարուք Սափան դպիրին որդիին Գամարիային սենեակը, Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը, վերի գաւիթին մէջ բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսէն Երեմիային խօսքերը կարդաց։
ՏՈՄՍԸ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԿԱՐԴԱՑՈՒԻ
11Սափանին որդիին Գամարիային որդին Միքիան, երբ տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը բոլոր խօսքերը լսեց, 12Թագաւորին տունը դպիրին սենեակը իջաւ։ Բոլոր իշխանները, Եղիսամա դպիրը, Սեմայիային որդին Դաղայիան ու Աքոբորին որդին Եղնաթանը եւ Սափանին որդին Գամարիան ու Անանիային որդին Սեդեկիան եւ բոլոր իշխանները հոն նստեր էին։ 13Միքիան անոնց յայտնեց այն բոլոր խօսքերը, որոնք լսեր էր, երբ Բարուք ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսը կը կարդար։ 14Բոլոր իշխանները Քուսիին որդիին Նաթանիային որդին Յուդինը Բարուքին ղրկեցին՝ ըսելով. «Ժողովուրդին ականջներուն կարդացած տոմսդ ա՛ռ ու հոս եկուր»։ Ուստի Ներիային որդին Բարուքը տոմսը առաւ ու անոնց գնաց։ 15Անոնք ըսին իրեն. «Կ’աղաչենք, նստէ՛ ու մեր առջեւ ալ կարդա՛ զանիկա»։ Բարուք անոնց առջեւ կարդաց։ 16Երբ այն բոլոր խօսքերը լսեցին, վախով իրարու նայեցան ու Բարուքին ըսին. «Անշուշտ այդ բոլոր խօսքերը թագաւորին պիտի պատմենք»։ 17Բարուքին հարցուցին. «Շնորհք ըրէ՛, պատմէ՛ մեզի թէ ի՛նչպէս գրեցիր այդ խօսքերը անոր բերնէն»։ 18Բարուք անոնց ըսաւ. «Այս խօսքերը անիկա ինծի իր բերնովը ըսաւ ու ես զանոնք մելանով այս տոմսին վրայ գրեցի»։ 19Այն ատեն իշխանները Բարուքին ըսին. «Գնա՛, պահուըտեցէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ Երեմիան եւ ուր ըլլալնիդ մարդ թող չգիտնայ»։
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՏՈՄՍԸ ԿԸ ՎԱՌԷ
20Անոնք սրահը թագաւորին մտան, բայց տոմսը Եղիսամա դպիրին սենեակին մէջ պահեր էին։ Այս բոլոր խօսքերը թագաւորին ալ պատմեցին։ 21Թագաւորը Յուդին ղրկեց, որ այն տոմսը բերէ։ Ան ալ զանիկա Եղիսամա դպիրին սենեակէն առաւ եւ թագաւորին ու թագաւորին քով կայնող բոլոր իշխաններուն առջեւ կարդաց։ 22Իններորդ ամիսը ըլլալով՝ թագաւորը ձմեռնատանը մէջ նստած էր ու առջեւը վառուած կրակարան մը կար։ 23Երբ Յուդին երեք կամ չորս երես կարդաց, զանիկա զմելիով կտրեց ու կրակարանին կրակին մէջ նետեց, մինչեւ որ բոլոր տոմսը կրակարանին կրակին մէջ սպառեցաւ։ 24Թագաւորն ու անոր բոլոր ծառաները, որոնք այս բոլոր խօսքերը կը լսէին, չվախցան, ո՛չ ալ հանդերձնին պատռեցին. 25Եւ Եղնաթանը, Դաղայիան ու Գամարիան թագաւորին աղաչեցին, որ տոմսը չայրէ, բայց անոնց մտիկ չըրաւ։ 26Եւ թագաւորը՝ իր որդիին Յերամէլին ու Եզրիէլի որդիին Սարայիային ու Աբդիէլին որդիին Սեղեմիային հրամայեց, որ Բարուք դպիրն ու Երեմիա մարգարէն բռնեն. բայց Տէրը զանոնք պահեց։
ԵՐԵՄԻԱ ՈՒՐԻՇ ՏՈՄՍ ՄԸ ԿԸ ԳՐԷ
27Թագաւորը այն տոմսը ու Երեմիային բերնէն Բարուքին գրած խօսքերը այրելէն ետքը՝ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. 28«Նորէն գնա՛, քեզի ուրիշ տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ առաջուան խօսքերը, որոնք Յուդայի Յովակիմ թագաւորին այրած տոմսին մէջ կային։ 29Եւ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն այդ տոմսը այրեցիր, ըսելով թէ «Ինչո՞ւ համար անոր վրայ գրեցիր թէ Բաբելոնի թագաւորը անպատճառ պիտի գայ ու այս երկիրը պիտի աւերէ եւ անկէ մարդն ու անասունը պիտի վերցնէ»’»։
30Անոր համար Տէրը Յուդայի Յովակիմ թագաւորին վրայով այսպէս կ’ըսէ. «Անիկա Դաւիթին աթոռին վրայ նստող մարդ պիտի չունենայ եւ անոր մեռելը ցորեկը տաքի մէջ ու գիշերը ցուրտի մէջ պիտի ձգուի։ 31Զինք եւ իր սերունդը ու իր ծառաները պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար եւ անոնց վրայ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ ու Յուդայի մարդոցը վրայ պիտի բերեմ այն չարիքը, որ անոնց յայտնեցի, բայց անոնք մտիկ չըրին»։
32Երեմիա ուրիշ տոմս մը առաւ ու զանիկա Ներիայի որդիին Բարուք դպիրին տուաւ։ Անիկա ալ անոր վրայ Երեմիային բերնէն՝ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին կրակով այրած գրքին բոլոր խօսքերը գրեց ու անոնց վրայ անոնց պէս ուրիշ շատ խօսքեր աւելցան։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 36: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.