YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 35

35
ԵՐԵՄԻԱ ԵՒ ՌԵՔԱԲԵԱՆՆԵՐԸ
1Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին օրերը Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ. 2«Ռեքաբեաններուն տունը գնա՛ ու անոնց հետ խօսէ՛ եւ զանոնք Տէրոջը տունը՝ սենեակ մը տա՛ր ու անոնց գինի խմցո՛ւր»։ 3Ես ալ Քաբասինիային որդիին Երեմիային որդին Յեզոնիան ու անոր եղբայրները եւ բոլոր որդիները ու Ռեքաբեաններուն բոլոր տունը առի 4Եւ զանոնք Տէրոջը տունը տարի Սեղղումին որդիին Մաասիա դռնապանին սենեակին վրայ եղող իշխաններուն սենեակին քովի՝ Աստուծոյ մարդուն Յեգդողիային որդիին Անանին որդիներուն սենեակը. 5Ռեքաբեաններուն որդիներուն առջեւ գինիով լեցուն ամաններ ու գաւաթներ դրի եւ անոնց ըսի. «Գինի խմեցէ՛ք»։ 6Ու անոնք ըսին. «Գինի չենք խմեր. քանզի մեր հայրը, Ռեքաբին որդին Յովնադաբը, մեզի պատուիրեց ու ըսաւ. ‘Դուք ու ձեր որդիները յաւիտեան գինի պիտի չխմէք 7Եւ տուն մի՛ շինէք ու մի՛ ցանէք եւ այգի մի՛ տնկէք ու մի՛ ստանաք, հապա ձեր բոլոր օրերը վրաններու մէջ բնակեցէ՛ք, որպէս զի ձեր պանդուխտ եղած երկրին վրայ շատ օրեր ապրիք’։ 8Մեր հօրը Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին մեզի հրամայածին պէս անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ մեր բոլոր օրերուն մէջ մենք, մեր կիները, մեր տղաքներն ու մեր աղջիկները գինի չենք խմեր, 9Բնակելու համար տուներ չենք շիներ ու այգի եւ ագարակ ու սերմ չենք ստանար. 10Հապա վրաններու մէջ կը բնակինք ու հնազանդութիւն ընելով՝ մեր հօրը Յովնադաբին մեզի հրամայածը կը գործադրենք։ 11Բայց երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը այս երկիրը եկաւ, ըսինք. ‘Եկէք, Քաղդէացիներուն զօրքին երեսէն ու Ասորիներու զօրքին երեսէն Երուսաղէմ երթանք’. այսպէս Երուսաղէմի մէջ կը բնակինք»։
12Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 13Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛ Յուդայի մարդոց ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսէ՝ ‘Իմ խօսքերուս մտիկ ընելու համար խրատ չէ՞ք ընդունիր’։ 14Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին իր որդիներուն գինի չխմելու համար պատուիրած խօսքերը հաստատ պահուեցան. վասն զի իրենց հօրը հրամանին հնազանդութիւն ընելով՝ մինչեւ այսօր չեն խմեր, բայց թէեւ ես ձեզի խօսեցայ, կանուխ ելլելով, սակայն դուք ինծի մտիկ չըրիք։ 15Եւ իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի՝ կանուխ ելլելով ու ըսի՝ ‘Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն թող դառնայ։ Բարի գործեր ըրէք ու օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք ու անոնց ծառայութիւն մի՛ ընէք, որպէս զի ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ բնակիք’, բայց ձեր ականջը չծռեցիք ու ինծի մտիկ չըրիք։ 16Մինչ Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին որդիները իրենց հօրը պատուիրած հրամանը հաստատ պահեցին, բայց այս ժողովուրդը ինծի մտիկ չըրաւ»։ 17Անոր համար զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքը, որ անոնց համար որոշեր էի. վասն զի անոնց խօսեցայ, բայց մտիկ չըրին ու անոնց կանչեցի, բայց պատասխան չտուին»։
18Երեմիա Ռեքաբեաններուն տանը ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեր հօրը Յովնադաբին պատուէրին մտիկ ըրիք ու անոր բոլոր հրամանները պահեցիք եւ ձեզի պատուիրածին պէս ըրիք, 19Ուստի Ռեքաբեան Յովնադաբէն միշտ իմ առջեւս կայնող մարդ պակաս պիտի չըլլայ’»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 35: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 35