ԵՐԵՄԵԱՅ 34
34
ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՍԵԴԵԿԻԱՅԻՆ
1Երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովն ու իր իշխանութեան տակ եղող երկրին բոլոր թագաւորութիւններովը եւ բոլոր ժողովուրդներով Երուսաղէմի վրայ ու անոր բոլոր քաղաքներուն դէմ պատերազմ կ’ընէր, Տէրոջը կողմէ Երեմիային այս խօսքը եղաւ.
2Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛, Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսէ՛ ու անոր ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա կրակով այրէ։ 3Դուն անոր ձեռքէն պիտի չազատիս, անշուշտ պիտի բռնուիս ու անոր ձեռքը պիտի տրուիս. քու աչքերդ Բաբելոնի թագաւորին աչքերը պիտի տեսնեն ու անոր բերանը քու բերնիդ հետ պիտի խօսակցի ու Բաբելոն պիտի երթաս’։ 4Բայց Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ, ո՛վ Սեդեկիա՝ Յուդայի թագաւոր՝ Տէրը քեզի համար այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն սուրով պիտի չմեռնիս, 5Դուն խաղաղութեամբ պիտի մեռնիս. ինչպէս քեզմէ առաջ եղող քու հայրերուդ, առաջուան թագաւորներուն համար խունկեր ծխեցին, նոյնպէս քեզի համար պիտի ծխեն ու «Վա՜յ, տէր իմ» ըսելով՝ քու վրադ պիտի ողբան, վասն զի այս խօսքը ես խօսեցայ’, կ’ըսէ Տէրը։
6Յետոյ Երեմիա մարգարէն այս բոլոր խօսքերը Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսեցաւ Երուսաղէմի մէջ։ 7Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմի դէմ ու Յուդայի մնացած բոլոր քաղաքներուն դէմ, Լաքիսի ու Ազեկայի դէմ, պատերազմ կ’ընէր, վասն զի Յուդայի քաղաքներէն պարսպապատ քաղաքներ ասոնք մնացեր էին։
ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ԽԱԲԵՊԱՏԻՐ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ
8Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող բոլոր ժողովուրդին հետ ուխտ ըրաւ, որ ազատութիւն քարոզեն, 9Որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը, Եբրայեցի մարդն ու Եբրայեցի կինը, ազատ արձակէ ու անգամ մըն ալ մարդ մը իր Հրեայ եղբայրը ծառայ չընէ։ 10Հնազանդեցան բոլոր իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը, որոնք այն ուխտին մէջ մտան, որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը ազատ արձակէ եւ ա՛լ անոնք ծառայ չըլլան։ Հնազանդեցան եւ զանոնք արձակեցին. 11Բայց անկէ ետքը դարձան ու իրենց ազատ արձակած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցին եւ զանոնք բռնադատեցին որ ծառայ ու աղախին ըլլան։
12Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 13«Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեր հայրերուն հետ ուխտ ըրի զանոնք Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ հանած օրս ու ըսի. 14Եօթը տարիէն ետքը ձեզմէ ամէն մէկը ազատ պիտի արձակէ իր Եբրայեցի եղբայրը, որ իրեն ծախուած է ու վեց տարի իրեն ծառայեր է, զանիկա ազատ արձակէ. բայց ձեր հայրերը ինծի մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին։ 15Թէեւ դուք ատեն մը դարձաք ու ամէն մարդ իր ընկերին ազատութիւն քարոզելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ըրիք եւ իմ առջեւս ուխտ ըրիք այն տանը մէջ, որ իմ անունովս կոչուած է. 16Բայց ետքը դառնալով՝ իմ անունս պղծեցիք ու ամէնքդ ալ ձեր ազատ արձակած ու իրենց կամքին ձգուած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցիք ու զանոնք բռնադատեցիք որ ձեզի ծառայ ու աղախին ըլլան’»։
17Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դուք ինծի մտիկ չըրիք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը համար ու ամէն մէկը իր ընկերին համար ազատութիւն չքարոզեց, ուստի ես ձեզի համար կ’ըսէ Տէրը, սուրին, ժանտախտին ու սովին ազատութիւն պիտի տամ ու ձեզ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան պիտի մատնեմ։ 18Այն մարդիկը, որոնք զուարակը երկուքի կտրելով ու անոր կտորներուն մէջտեղէն անցնելով՝ իմ առջեւս ըրած ուխտերը չկատարեցին եւ իմ ուխտս զանց ըրին, պիտի մատնեմ, 19Այսինքն Յուդայի իշխաններն ու Երուսաղէմի իշխանները, պալատականները եւ քահանաները ու երկրին բոլոր ժողովուրդը, որոնք զուարակին կտորներուն մէջտեղէն անցան, 20Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ եւ անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան։ 21Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու անոր իշխանները իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը եւ ձեզմէ դարձող Բաբելոնի թագաւորին զօրքերուն ձեռքը պիտի մատնեմ»։ 22«Ահա ես հրամայեցի, կ’ըսէ Տէրը ու անոնք այս քաղաքը պիտի գան, անոր դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն ու կրակով այրեն. այսպէս Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի վերածեմ»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 34: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.