ԵՐԵՄԵԱՅ 33
33
ՅՈՅՍԻ ՈՒՐԻՇ ԽՈՍՏՈՒՄ ՄԸ
1Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Երեմիային եղաւ, երբ անիկա տակաւին բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր. 2«Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, այս քաղաքը շինող Տէրը, որ զանիկա հաստատելու համար զանիկա ստեղծեց, որուն անունը Եհովա է. 3Ինծի կանչէ՛ ու քեզի պատասխան տամ եւ քեզի մեծ ու խորհրդաւոր բաներ պատմեմ, որոնք դուն չես գիտեր։ 4Վասն զի այս քաղաքին ու Յուդայի թագաւորներուն տուներուն համար, որոնց պատնէշներն ու ամրոցները փլած են, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 5Քաղդէացիներուն դէմ՝ ՝ պատերազմ ընելու կու գան։ Այն տուները մեռած մարդոց դիակներովը պիտի լեցուին, որոնք իմ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի զարնեմ. վասն ես այս քաղաքէն իմ երեսս ծածկեցի՝ իրենց բոլոր չարութեանը համար։ 6Ահա անոր առողջութիւն ու բժշկութիւն պիտի բերեմ ու զանոնք պիտի բժշկեմ եւ խաղաղութեան ու բարօրութեան առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ։ 7Յուդան գերութենէ ու Իսրայէլը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք առաջուան պէս պիտի հաստատեմ։ 8Անոնց ինծի դէմ գործած բոլոր անօրէնութենէն զանոնք պիտի սրբեմ ու անոնց ինծի դէմ ըրած բոլոր անօրէնութիւններն ու յանցանքները պիտի ներեմ։ 9Ասիկա ինծի ուրախութեան անուն, փառք ու պարծանք պիտի ըլլայ երկրի բոլոր ազգերուն մէջ, որոնք պիտի լսեն այն բարութիւնները, որ ես անոնց պիտի ընեմ եւ պիտի վախնան ու դողան այն բարութեան ու յաջողութեանը համար, որ ես այս քաղաքին պիտի ընեմ»։
10Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ ‘Մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է’ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, որոնք անմարդ ու անբնակ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ ամայացած են, նորէն պիտի լսուի 11Ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն. նաեւ անոնց ձայնը, որոնք Տէրոջը տունը գոհութեան ընծաներ բերելով՝ կ’ըսեն. ‘Գոհացէ՛ք զօրքերու Տէրոջմէն, վասն զի Տէրը բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է’. քանզի այս երկրին գերիները իրենց առաջուան վիճակին պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ 12Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որ մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ նորէն հօտեր պառկեցնող հովիւներու բնակարաններ պիտի ըլլան. 13Լեռնային քաղաքներուն մէջ, դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ եւ Բենիամինի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ հօտերը դարձեալ զիրենք համրողին ձեռքէն պիտի անցնին», կ’ըսէ Տէրը։
14«Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, որ Իսրայէլի տանը համար եւ Յուդայի տանը ըրած խոստումս պիտի կատարեմ։ 15Այն օրը ու այն ժամանակը Դաւիթէն արդարութեան շառաւիղ մը պիտի բուսցնեմ եւ անիկա երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։ 16Այն օրերը Յուդան պիտի ազատի ու Երուսաղէմը ապահովութեամբ պիտի բնակի եւ այս է անոր անունը որով պիտի կոչուի. ‘Տէրը Մեր Արդարութիւնը’։ 17Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դաւիթէն Իսրայէլի տանը աթոռին վրայ նստող մարդ պակաս պիտի չըլլայ 18Ու Ղեւտացի քահանաներէն ողջակէզ, հացի ընծայ ու զոհ մատուցանող մարդ յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ իմ առջեւս»։
19Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 20«Եթէ ցորեկուան ուխտս ու գիշերուան ուխտս կրնաք աւրել, որ ցորեկը եւ գիշերը իրենց ժամանակովը չըլլան, 21Իմ ծառայիս Դաւիթին հետ ունեցած ուխտս ալ պիտի աւրուի, որ իր աթոռին վրայ թագաւորութիւն ընելու որդի չունենայ. նոյնպէս ալ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացի քահանաներուն հետ ունեցած ուխտս։ 22Ինչպէս երկնքի զօրքերը չեն համրուիր ու ծովուն աւազը չի չափուիր, իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդը եւ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացիները այնքան պիտի շատցնեմ»։
23Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 24«Չե՞ս լսեր թէ այս ժողովուրդը ի՛նչ կը խօսի ու կ’ըսէ. ‘Տէրը իր ընտրած երկու ազգատոհմերը երեսէ ձգեց ու անոնք իմ ժողովուրդս կ’անարգեն, զանիկա իրենց առջեւ ազգ չսեպելու չափ’։ 25Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ ցորեկուան ու գիշերուան համար ուխտ ըրած չեմ եւ երկինքներուն ու երկրի կանոններ դրած չեմ, 26Յակոբին ու իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդն ալ երեսէ պիտի ձգեմ, որպէս զի ա՛լ անոր սերունդէն Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի սերունդին վրայ իշխաններ չդնեմ. վասն զի անոնք գերութենէ պիտի դարձնեմ ու անոնց պիտի ողորմիմ’»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 33: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.