YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 32

32
ԵՐԵՄԻԱՆ ԱՐՏ ՄԸ ԿԸ ԳՆԷ
1Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին տասներորդ տարին, այսինքն Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին, Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է։ 2Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմը կը պաշարէր ու Երեմիա մարգարէն Յուդայի թագաւորին տունը եղող բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր։ 3Վասն զի Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը զանիկա բանտարկեց՝ ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ համար մարգարէութիւն ըրիր ու ըսիր թէ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ ու զանիկա պիտի առնէ 4Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը Քաղդէացիներուն ձեռքէն պիտի չազատի. հապա անշուշտ Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու անոր հետ բերան առ բերան պիտի խօսի եւ անոր հետ աչք աչքի պիտի տեսնուի։ 5Ու անիկա Սեդեկիան Բաբելոն պիտի տանի ու Սեդեկիա հոն պիտի մնայ մինչեւ ես անոր այցելեմ, կ’ըսէ Տէրը. եթէ Քաղդէացիներուն հետ պատերազմ ընէք, յաջողութիւն պիտի չգտնէք»։
6Այն ատեն Երեմիան ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 7‘Ահա քու հօրեղբօրդ Սեղղումին որդին՝ Անամայէլը քեզի պիտի գայ ու պիտի ըսէ. «Անաթովթի մէջ եղող ագարակս քեզի ծախու առ, վասն զի ազգականութեան իրաւունքով քեզի կ’իյնայ, որ ծախու առնես»։ 8Եւ Տէրոջը խօսքին համեմատ իմ հօրեղբօրս որդին Անամայէլը ինծի եկաւ բանտին գաւիթը ու ինծի ըսաւ. ‘Շնորհք ըրէ՛, Բենիամինին երկիրը Անաթովթի մէջ ունեցած ագարակս ծախու ա՛ռ, վասն զի ժառանգութեան իրաւունքը քուկդ է ու քեզի կ’իյնայ, որ փրկես, քեզի ծախու ա՛ռ’։ Այն ատեն գիտցայ թէ ասիկա Տէրոջը խօսքն էր։ 9«Եւ հօրեղբօրս որդիէն, Անամայէլէն, Անաթովթի մէջ եղող ագարակը ծախու առի ու ստակը տասնըեօթը սիկղ արծաթ կշռեցի անոր։ 10Մուրհակ մը գրեցի ու կնքեցի ու վկաներ բռնեցի եւ արծաթը կշիռքով կշռեցի։ 11Ստացուածքին մուրհակը, թէ՛ հրամանին ու կանոններուն համեմատ կնքուածը եւ թէ՛ բաց եղածը առի։ 12Ու ստացուածքին մուրհակը, հօրեղբօրս որդիին Անամայէլին աչքերուն առջեւ ու ստացուածքի մուրհակին մէջ գրուող վկաներուն աչքերուն առջեւ, բանտի գաւիթին մէջ նստող բոլոր Հրեաներուն աչքերուն առջեւ, Մաասիային որդիին Ներիային որդիին Բարուքին տուի։ 13Անոնց աչքերուն առջեւ, Բարուքին պատուիրեցի ու ըսի. 14‘Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Այս մուրհակները, այս կնքուած ստացուածքին մուրհակը ու այս բաց մուրհակը ա՛ռ եւ զանոնք հողէ ամանի մը մէջ դիր, որպէս զի շատ օրեր մնան։ 15Քանզի զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս երկրին մէջ նորէն տուներ ու ագարակներ եւ այգիներ ծախու պիտի առնուին’։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
16Ստացուածքին մուրհակը Ներիային որդիին Բարուքին տալէս ետքը, Տէրոջը աղօթք ըրի ու ըսի. 17‘Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու երկնցած բազուկովդ երկինքն ու երկիրը ստեղծեցիր. ոեւէ բան քեզի դժուար չէ։ 18Դուն հազարներուն ողորմութիւն կ’ընես ու հայրերուն անօրէնութեան պատիժը անոնցմէ ետքը անոնց որդիներուն կու տաս. դուն մեծ ու հզօր Աստուած ես եւ քու անունդ Զօրքերու Տէր է։ 19Դուն խորհուրդով՝ մեծ ու գործով զօրաւոր ես, այնպէս որ ամէն մէկուն իր ճամբաներուն համեմատ ու անոր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընելու համար՝ քու աչքերդ մարդոց որդիներուն բոլոր ճամբաներուն վրայ բաց են։ 20Դուն մինչեւ այսօր Եգիպտոսի երկրին մէջ ու Իսրայէլի մէջ եւ բոլոր մարդոց մէջ նշաններ ու հրաշքներ ընելով՝ քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։ 21Քու ժողովուրդդ Իսրայէլը, նշաններով ու հրաշքներով եւ զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով եւ մեծ սարսափով Եգիպտոսէն հանեցիր 22Ու անոնց տուիր այս երկիրը, որ իրենց հայրերուն երդում ըրեր էին իրենց տալու, այնպիսի երկիր մը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։ 23Անոնք մտան ու զանիկա ժառանգեցին, բայց քու ձայնիդ ականջ չտուին եւ քու օրէնքիդ համեմատ չքալեցին. անոնք չըրին քու պատուիրածներդ, ուստի այս բոլոր չարիքը անոնց վրայ բերիր։ 24Ահա քաղաքին դէմ պատնէշներ կանգնուեցան, որպէս զի զանիկա առնեն եւ քաղաքը սուրին, սովին ու ժանտախտին պատճառով, անոր դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուեցաւ եւ քու ըսածդ կատարուեցաւ ու ահա կը տեսնես։ 25Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ըսիր թէ ‘Ագարակը ստակով քեզի ծախու ա՛ռ ու վկաներ բռնէ՛. թէեւ քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը կը մատնուի’»։
26Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 27«Ահա ես եմ Եհովա՝ ամէն մարմնի Աստուածը. միթէ ինծի դժուար բան մը կա՞յ։ 28Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա պիտի առնէ. 29Այս քաղաքին դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիները պիտի գան ու այս քաղաքը կրակի պիտի տան ու այրեն։ Նաեւ պիտի այրեն այն տուները, որոնց տանիքներուն վրայ Բահաղի խունկ կը ծխէին եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէին՝ զիս բարկացնելու համար։ 30Քանզի Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները իրենց մանկութենէն ի վեր իմ առջեւս միայն չարութիւն գործեցին եւ որովհետեւ Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերուն գործերովը անդադար զիս բարկացուցին’, կ’ըսէ Տէրը։ 31Քանզի այս քաղաքը իր շինութեան օրէն մինչեւ այսօր իմ բարկութեանս ու սրտմտութեանս համար եղաւ, որպէս զի զանիկա երեսիս առջեւէն վերցնեմ, 32Իսրայէլի որդիներուն ու Յուդայի որդիներուն, թէ՛ իրենց եւ թէ՛ իրենց թագաւորներուն, իշխաններուն, քահանաներուն ու մարգարէներուն եւ Յուդայի մարդոցն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն բոլոր չարութեանը պատճառով, որ ըրին զիս բարկացնելու համար։ 33Եւ ինծի կռնակ դարձուցին եւ ո՛չ թէ՝ երես։ Թէեւ անոնց սորվեցուցի՝ կանուխ ելլելով ու սորվեցնելով՝ բայց անոնք մտիկ չըրին, որ խրատ ընդունին. 34Հապա իմ անունովս կոչուած տանը մէջ իրենց պղծութիւնները դրին, զանիկա պղծելու համար։ 35Ու Ենովմի որդիին ձորին մէջ Բահաղին բարձր տեղեր շինեցին, իրենց տղաքներն ու աղջիկները Մողոքին համար կրակէ անցընելու, որ ես անոնց հրամայած չէի ու մտքէս ալ անցած չէր, որ անոնք այս պղծութիւնը ընեն՝ Յուդային մեղանչել տալու համար»։
ՅՈՅՍԻ ԽՈՍՏՈՒՄ ՄԸ
36«Ուստի հիմա Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ այս քաղաքին համար, որ դուք կ’ըսէք թէ ‘Սուրով, սովով ու ժանտախտով Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը կը մատնուի’. 37Ահա ես զանոնք պիտի հաւաքեմ այն բոլոր երկիրներէն, ուր զանոնք իմ բարկութիւնովս, սրտմտութիւնովս ու մեծ ցասումովս ցրուեցի եւ զանոնք այս տեղ պիտի դարձնեմ ու ապահովութեամբ պիտի բնակեցնեմ։ 38Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։ 39Անոնց մէկ սիրտ ու մէկ ճամբայ պիտի տամ, որպէս զի միշտ ինծմէ վախնան եւ իրենց ու իրենցմէ ետքը իրենց զաւակներուն աղէկ ըլլայ։ 40Անոնց հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ, որ անոնց բարիք ընելէն անոնցմէ ետ չքաշուիմ ու իմ վախս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ, որպէս զի ինծմէ չխոտորին։ 41Անոնց բարիք ընելով՝ անոնց համար պիտի ուրախանամ ու զանոնք բոլոր սրտովս ու բոլոր հոգիովս ու ճշմարտութեամբ այս երկրին մէջ պիտի տնկեմ։ 42Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս այս ժողովուրդին վրայ այս բոլոր մեծ չարիքը բերի, նոյնպէս անոնց վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր բարիքը, որ անոնց խոստացայ։ 43Նորէն ագարակներ ծախու պիտի առնուին այդ երկրին մէջ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ ‘Ամայացած է ու մարդէ եւ անասունէ զուրկ է ու Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուած է’։ 44Բենիամինին երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու լեռնային քաղաքներուն մէջ եւ դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ ստակով ագարակներ ծախու պիտի առնեն եւ մուրհակներ պիտի գրեն ու պիտի կնքեն ու վկաներ պիտի բռնեն, վասն զի զանոնք գերութենէ ետ պիտի դարձնեմ»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 32: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 32