YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 31

31
ԻՍՐԱՅԷԼ ՏՈՒՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ
1«Այն ատեն, կ’ըսէ Տէրը,
Իսրայէլի բոլոր ազգատոհմերուն Աստուած պիտի ըլլամ
Ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան»։
2Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Սուրէն փախած ժողովուրդը անապատին մէջ շնորհք գտաւ,
Երբ Իսրայէլ #31:2 Կամ, կ’երթայի Իսրայէլին հանգստութիւն տալուկ’երթար հանգստութիւն գտնելու՝ ՝»։
3Տէրը շատոնցմէ ինծի երեւցաւ՝ ըսելով.
«Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի.
Անոր համար #31:3 Կամ, շարունակեցի քեզի ողորմիլողորմութեամբ քեզ քաշեցի՝ ՝։
4Քեզ նորէն պիտի շինեմ ու պիտի շինուիս, ո՛վ Իսրայէլ։
Նորէն քու թմբուկներդ պիտի առնես
Եւ ցնծութեամբ պար բռնողներուն խումբին հետ պիտի միանաս։
5Նորէն Սամարիայի լեռներուն վրայ այգիներ պիտի տնկես։
Տնկողները պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։
6Վասն զի օր պիտի գայ, երբ
Եփրեմի լերանը վրայի պահապանները պիտի կանչեն.
‘Ելէ՛ք ու մեր Տէր Աստուծոյն՝ դէպի Սիօն երթանք’»։
7Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Յակոբին համար ուրախութեամբ երգեցէ՛ք
Եւ ազգերուն ղեկավարին համար ցնծացէ՛ք.
Ձա՛յն տուէք, օրհնեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.
‘Ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդդ՝
Իսրայէլի մնացորդը՝ փրկէ՛’։
8Ահա ես զանոնք հիւսիսի երկրէն պիտի բերեմ
Ու զանոնք՝ երկրի ծայրերէն
Ու անոնց հետ կոյրն ու կաղը,
Յղին ու ծնած կինը զաւակներով մէկտեղ պիտի հաւաքեմ։
Մեծ խումբ մը հոս պիտի դառնայ։
9Լալով պիտի գան ու աղաչանքներով զանոնք պիտի բերեմ.
Զանոնք ջուրերու վտակներուն քովէն պիտի պտըտցնեմ,
Շիտակ ճամբայէն, որուն մէջ պիտի չգայթին.
Վասն զի Իսրայէլին հա՛յր եղայ
Ու Եփրեմը իմ անդրանիկս է։
10«Ո՛վ ազգեր, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք
Ու հեռաւոր կղզիներուն պատմեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.
‘Իսրայէլը ցրուողը զանիկա պիտի հաւաքէ
Եւ զանիկա պիտի պահպանէ, ինչպէս հովիւը իր հօտը կը պահպանէ’։
11Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը
Ու զանիկա իրմէ զօրաւորին ձեռքէն ազատեց։
12Եւ անոնք պիտի գան ու Սիօնի բարձրութեանը վրայ ուրախութեան ձայն պիտի վերցնեն
Եւ պիտի դիմեն Տէրոջը բարիքներուն,
Այսինքն ցորենին ու գինիին ու իւղին
Եւ հօտերուն ու արջառներուն։
Անոնց անձերը ջրուած պարտէզի պէս պիտի ըլլան
Ու ա՛լ պիտի չնուաղին։
13Այն ատեն կոյսը պար բռնելով պիտի ուրախանայ,
Նաեւ երիտասարդները եւ ծերերը մէկտեղ։
Վասն զի անոնց սուգը ուրախութեան պիտի փոխեմ
Եւ զանոնք տրտմութենէն պիտի ուրախացնեմ։
14Քահանաներուն հոգիները պարարտութիւնով պիտի լեցնեմ։
Իմ ժողովուրդս իմ բարիքներովս պիտի կշտանայ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՒԹԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆԴԷՊ
15Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ,
Ողբի ու դառնագին լացի ձայն։
Ռաքէլ իր տղոցը համար կու լար
Եւ իր տղոցը համար մխիթարուիլ չէր ուզեր,
Վասն զի անոնք չկային»։
16Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Քու ձայնդ լալէն
Եւ աչքերդ արցունքէն դադրեցո՛ւր։
Վասն զի քու գործիդ համար վարձք կայ
Ու թշնամիին երկրէն պիտի դառնան»։
17«Քու ապագայիդ համար յոյս կայ, կ’ըսէ Տէրը,
Թէ քու տղաքներդ իրենց սեփական երկիրը պիտի դառնան»։
18«Յիրաւի Եփրեմին այսպէս ողբալը լսեցի.
‘Զիս խրատեցիր ու խրատուեցայ՝
Լուծի չսորված զուարակի պէս.
Զիս դարձո՛ւր, որպէս զի դառնամ,
Վասն զի իմ Տէր Աստուածս դո՛ւն ես։
19Իրաւցընէ դառնալէս ետքը զղջացի
Ու կրթուելէս ետքը իմ ազդրիս զարկի.
Ամչցայ ու նախատուեցայ,
Վասն զի մանկութեանս անարգանքը կրեցի’։
20Միթէ Եփրեմ իմ պատուական որդի՞ս է,
Կամ սիրական զաւա՞կ մըն է.
Վասն զի երբ ես անոր վրայով խօսիմ,
Շարունակ զանիկա կը յիշեմ.
Այս պատճառով իմ աղիքս կը գալարի անոր համար.
‘Անշուշտ անոր ողորմութիւն պիտի ընեմ’ կ’ըսէ Տէրը։
21Քեզի կոթողներ կանգնեցո՛ւր, քեզի սիւներ տնկէ՛,
Սիրտդ մեծ ճամբուն՝ քու գացած շաւիղիդ՝ դի՛ր։
Դարձի՛ր, ո՛վ Իսրայէլի կոյս,
Այս քու քաղաքներդ դարձիր։
22Ո՛վ ապստամբ աղջիկ,
Մինչեւ ե՞րբ աստանդական պիտի շրջիս,
Քանզի Տէրը երկրի վրայ նոր բան ստեղծեց,
Կին մարդը պիտի պաշտպանէ այր մարդը»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԸ
23Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.
«Այսուհետեւ Յուդայի երկրին մէջ
Ու անոր քաղաքներուն մէջ այս խօսքը պիտի ըսեն՝
Երբ անոնք գերութենէ դարձնեմ.
‘Տէրը քեզ օրհնէ,
Ո՛վ արդարութեան բնակարան, սո՛ւրբ լեռ’։
24Եւ հոն, Յուդայի մէջ ու միանգամայն անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ
Երկրագործներ ու հօտերու հետ չուողներ պիտի բնակին։
25Քանզի յոգնած հոգին պիտի զովացնեմ
Ու ամէն մարած հոգի պիտի կշտացնեմ»։
26Ասոր վրայ արթնցայ ու նայեցայ
Եւ իմ քունս ինծի անոյշ էր։
27«Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ Իսրայէլին տունը եւ Յուդային տունը
Մարդու սերմ ու անասունի սերմ պիտի ցանեմ։
28Ինչպէս խլելու, փլցնելու, աւերելու
Եւ կորսնցնելու ու չարիք հասցնելու համար
Անոնց վրայ հսկեցի,
Նոյնպէս ալ շինելու ու տնկելու համար
Անոնց վրայ պիտի հսկեմ, կ’ըսէ Տէրը։
29Այն օրերը անգամ մըն ալ պիտի չըսեն.
‘Հայրերը ազոխ կերան
Ու որդիներուն ակռաները առին’.
30Հապա ամէն մարդ իր անօրէնութեանը համար պիտի մեռնի.
Ով որ ազոխ ուտէ,
Անոր ակռաները պիտի առնեն»։
31«Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Եւ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ
Նոր ուխտ պիտի ընեմ,
32Ո՛չ թէ այն ուխտին պէս, որ անոնց հայրերուն ըրի
Այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի՝
Զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար.
Քանզի անոնք իմ ուխտս զանց ըրին,
# 31:32 Կամ, Թէեւ անոնց վրայ տիրողը ես էի Ես ալ զանոնք մերժեցի՝ ՝», կ’ըսէ Տէրը.
33Բայց այն օրերէն ետքը
Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է.
«Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ
Ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։
Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ
Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։
34Ու անկէ ետքը մարդ մը իր ընկերին
Ու ուրիշ մը իր եղբօրը պիտի չսորվեցնէ՝
Ըսելով. ‘Տէրը ճանչցիր’.
Հապա անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը
Ամէնքը զիս պիտի ճանչնան,
Վասն զի անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ
Ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ»։
35Այսպէս կ’ըսէ Տէրը,
Որ արեւը հաստատեց օրուան լոյսին համար
Եւ գիշերուան լոյսին համար լուսինին ու աստղերուն կանոններ դրաւ,
Որ ծովը կը յանդիմանէ, երբ անոր ալիքները կը գոռան.
Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։
36«Եթէ այս կանոնները իմ առջեւէս դադարին,
Իսրայէլի սերունդն ալ իմ առջեւէս ազգ ըլլալէ պիտի դադարի»։
37Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Եթէ երկինքը կրնայ վերէն չափուիլ
Ու երկրին հիմերը՝ վարէն քննուիլ,
Ես ալ Իսրայէլի բոլոր սերունդը,
Իրենց բոլոր ըրածներուն համար պիտի մերժեմ»։
38«Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ Անանայէլին աշտարակէն մինչեւ Անկեան դուռը
Քաղաքը Տէրոջը համար պիտի շինուի
39Եւ չափին լարը անկէ
Մինչեւ Գարեբին բլուրը պիտի ելլէ
Ու դէպի Գոաթ պիտի դառնայ
40Եւ դիակներուն ու մոխիրներուն բոլոր ձորը
Ու բոլոր արտերը մինչեւ Կեդրոն հեղեղատը,
Մինչեւ Ձիերուն դրանը անկիւնը՝ դէպի արեւելք,
Սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը.
Անգամ մըն ալ պիտի չքակուի ու պիտի չփլչի յաւիտեան։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 31: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in