ԵՐԵՄԵԱՅ 30
30
ՏԷՐՈՋԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
1Տէրոջը կողմանէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ՝ 2Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կը խօսի ու կ’ըսէ. «Բոլոր քեզի ըսած խօսքերս գրքի մը մէջ գրէ՛. 3Քանզի ահա օրեր պիտի գան, երբ իմ ժողովուրդս Իսրայէլն ու Յուդան գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք իրենց հայրերուն տուած երկիրս պիտի դարձնեմ, որ զանիկա ժառանգեն»։
4Եւ Իսրայէլի համար ու Յուդայի համար Տէրոջը ըսած խօսքերը ասոնք են.
5«Սոսկալի ձայն մը լսեցինք,
Վախ կայ ու խաղաղութիւն չկայ։
6Հիմա հարցուցէ՛ք ու տեսէ՛ք,
Թէ արդեօք այր մարդը զաւակ կը ծնանի՞.
Ինչո՞ւ համար ամէն կտրիճ
Ծննդական կնոջ պէս ձեռքերը մէջքը դրած
Ու բոլորին երեսները դեղնած կը տեսնեմ։
7Վա՜յ, քանզի անիկա մեծ օր է, անոր պէս չկայ։
Անիկա Յակոբին նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ,
Բայց անկէ պիտի ազատի։
8«Վասն զի այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,
Անոր լուծը անոնց պարանոցէն պիտի կոտրեմ
Եւ կապերը պիտի փրցնեմ
Ու անգամ մըն ալ օտարներուն պիտի չծառայեն.
9Հապա անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն
Ու Դաւիթ թագաւորին ծառայութիւն պիտի ընեն,
Որ ես պիտի հանեմ անոնց։
10«Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնար
Ու ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր.
Քանզի ահա ես քեզ պիտի պահեմ
Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեանը երկրէն պիտի ազատեմ։
Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ
Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ։
11«Վասն զի ես քեզ ազատելու համար քեզի հետ եմ, կ’ըսէ Տէրը.
Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը,
Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի,
Բայց քեզ պիտի չսպառեմ,
Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ,
Սակայն քեզ բոլորովին պիտի չհանեմ»։
12Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Քու հարուածդ անբժշկելի է ու վէրքդ անդարմանելի է.
13 Զանիկա դարմանելու համար քու դատդ տեսնող մը չկայ.
Քեզի համար դեղ ու սպեղանի չկայ։
14Քու բոլոր հոմանիներդ քեզ մոռցան,
Քեզ չեն փնտռեր։
Վասն զի քեզ թշնամիի հարուածով,
Անգութ մէկուն պատիժովը զարկի՝
Քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար,
Քանզի քու մեղքերդ շատցան։
15Քու վէրքիդ համար ինչո՞ւ կ’աղաղակես։
Քու ցաւդ անբժշկելի է։
Այդ բաները քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար քեզի ըրի,
Քանզի քու մեղքերդ շատցան։
16Անոր համար ամէն անոնք, որ քեզ կը կլլեն, պիտի կլլուին։
Քու բոլոր թշնամիներդ գերութեան պիտի երթան։
Քեզ յափշտակողները պիտի յափշտակուին։
Քեզ կողոպտողները կողոպտուելու պիտի մատնեմ.
17Վասն զի քու վէրքդ պիտի դարմանեմ
Եւ քու վէրքդ պիտի բժշկեմ, կ’ըսէ Տէրը,
Քանզի քեզ ‘Աքսորուած’ կոչեցին,
‘Այս այն Սիօնն է, որ փնտռող չկայ’, ըսին»։
18Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես Յակոբին վրանները գերութենէ պիտի դարձնեմ,
Անոր բնակարաններուն պիտի ողորմիմ։
Քաղաքը իր աւերակներուն վրայ պիտի շինուի
Եւ պալատը #30:18 Եբր., իր սովորութեանը պէսառաջուան պէս՝ ՝ պիտի վերականգնի։
19Անոնցմէ պիտի լսուի գովութեան երգ եւ
Ուրախութեան ձայն։
Զանոնք պիտի շատցնեմ ու պիտի չքիչնան,
Զանոնք պիտի փառաւորեմ ու պզտիկ պիտի չըլլան։
20Անոնց տղաքները առաջուան պէս պիտի ըլլան,
Անոնց ժողովը իմ առջեւս պիտի հաստատուի
Ու բոլոր անոնց նեղութիւն տուողները պիտի պատժեմ։
21Անոնց իշխանը իրենցմէ պիտի ըլլայ,
Անոնց վրայ տիրողը իրենց մէջէն պիտի ելլէ։
Զանիկա պիտի մօտեցնեմ ու ինծի մօտ պիտի ըլլայ.
Վասն զի ո՞վ է անիկա, որ իր սիրտը պատրաստեց ինծի մօտենալու։
22Դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք,
Ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ»։
23Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ։
Անիկա աւլող մրրիկ է,
Ամբարիշտներուն վրայ պիտի յարձակի։
24Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ,
Մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չգործադրէ։
Վերջին օրերը ասիկա պիտի հասկնաք։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 30: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.