Միթէ դուն շատ եղեւնափայտեր հաւաքելովդ՝ ՝
Թագաւո՞ր պիտի ըլլաս։
Չէ՞ որ քու հայրդ կերաւ ու խմեց,
Նաեւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ,
Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։
Աղքատին ու տնանկին դատը տեսաւ,
Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։
«Միթէ զիս ճանչնալը ասիկա չէ՞», կ’ըսէ Տէրը։