ԵՐԵՄԵԱՅ 1
1
1Բենիամինի երկիրը, Անաթովթին մէջ եղող քահանաներէն Քեղկիային որդիին Երեմիային խօսքերը, 2Որուն Տէրոջը խօսքը եղաւ, Յուդայի թագաւորին Ամոնին որդիին Յովսիային օրերը, անոր թագաւորութեան տասներեքերորդ տարին։ 3Նաեւ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին օրերը, մինչեւ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեդեկիային տասնըմէկերորդ տարիին վերջը, մինչեւ Երուսաղէմի գերութիւնը, որ հինգերորդ ամսուան մէջ եղաւ։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԿՈՉՈՒՄԸ
4Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
5«Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ,
Դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի,
Քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի»։
6Այն ատեն ես ըսի.
«Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր,
Վասն զի ես մանուկ եմ»։
7Բայց Տէրը ինծի ըսաւ.
«Մի՛ ըսեր թէ ‘Ես մանուկ եմ’,
Վասն զի ուր որ քեզ ղրկեմ՝ պիտի երթաս
Ու ինչ որ քեզի պատուիրեմ՝ պիտի խօսիս։
8Անոնց երեսէն մի՛ վախնար,
Քանզի ես քեզի հետ եմ
Քեզ ազատելու համար»։
9Տէրը իր ձեռքը երկնցուց ու իմ բերնիս դպաւ
Եւ Տէրը ինծի ըսաւ.
«Ահա իմ խօսքերս քու բերանդ դրի։
10Նայէ՛, ես այսօր քեզ ազգերու վրայ
Եւ թագաւորութիւններու վրայ կայնեցուցի,
Որպէս զի խլես ու փլցնես եւ կորսնցնես ու աւերես,
Նաեւ շինես ու տնկես»։
ԵՐԿՈՒ ՏԵՍԻԼՆԵՐ
11Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
«Ո՛վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։
Ես ըսի. «Նշենիի գաւազան մը կը տեսնեմ»։
12Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. «Աղէ՛կ տեսար,
Վասն զի ես իմ խօսքս կատարելու #1:12 Եբր., կը հսկեմպիտի արտորամ՝ ՝։
13Եւ երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Ի՞նչ կը տեսնես»։
Ես ըսի. «Եռացող կաթսայ մը կը տեսնեմ,
Որուն երեսը դէպի հիւսիս է»։
14Եւ Տէրը ինծի ըսաւ.
«Չարիքը հիւսիսէն պիտի բորբոքի
Երկրին բոլոր բնակիչներուն վրայ։
15Քանզի ահա ես հիւսիսի թագաւորութիւններուն
Բոլոր ազգատոհմերը պիտի կանչեմ։
Անոնք պիտի գան եւ ամէն մէկը իր աթոռը
Երուսաղէմի դռներուն առջեւ
Եւ անոր շրջակայ պարիսպներուն վրայ
Ու Յուդայի բոլոր քաղաքներուն վրայ պիտի դնեն։
16Եւ պիտի յայտնեմ անոնց իմ դատաստաններս
Անոնց բոլոր չարութիւններուն համար.
Վասն զի անոնք զիս թողուցին,
Ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին,
Իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն ըրին։
17Ուրեմն դուն քու մէջքդ պնդէ՛ ու ելի՛ր,
Քեզի բոլոր հրամայածս անոնց ըսէ՛,
Անոնց երեսէն մի՛ վախնար։
Չըլլայ որ քեզ անոնց առջեւ ամչցնեմ։
18Այսօր քեզ բոլոր երկրին դէմ,
Այսինքն Յուդայի թագաւորներուն, անոր իշխաններուն,
Անոր քահանաներուն եւ երկրին ժողովուրդին դէմ
Ամուր քաղաքի պէս ու երկաթէ սիւնի պէս
Ու պղնձէ պարիսպներու պէս ըրի։
19Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին,
Բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել.
Վասն զի ես քեզի հետ եմ
Քեզ ազատելու համար»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 1: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.