ԵՐԵՄԵԱՅ 18
18
ԵՐԵՄԻԱ ԲՐՈՒՏԻՆ ՏԱՆԸ ՄԷՋ
1Տէրը Երեմիային ըսաւ. 2«Ելի՛ր ու բրուտին տունը իջի՛ր։ Հոն իմ խօսքերս պիտի լսես»։ 3Ես բրուտին տունը իջայ, որը ճախարակով կը գործէր։ 4Կաւէ ամանը բրուտին ձեռքին մէջ աւրուեցաւ։ Բրուտն ալ անկէ ուրիշ աման մը շինեց, ինչպէս իրեն հաճելի երեւցաւ։ 5Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
6«Միթէ ձեզի՝ այս բրուտին ըրածին պէս ընելու կարող չե՞մ,
Ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէրը,
Ահա ինչպէս է կաւը բրուտին ձեռքին մէջ,
Դուք ալ իմ ձեռքիս մէջ այնպէս էք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։
7Երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ
Թէ պիտի քակեմ, պիտի փլցնեմ ու պիտի կորսնցնեմ,
8Բայց եթէ այն ազգը, որուն վրայով խօսեցայ, իր չարութենէն դառնայ,
Ես ալ պիտի չընեմ այն չարիքը, որ մտածեր էի անոր ընել։
9Իսկ երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ
Թէ պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ, բայց
10Եթէ անիկա իմ խօսքիս մտիկ չընելով՝ իմ առջեւս չարութիւն ընէ,
Ես ալ պիտի չընեմ այն բարիքը, որ խոստացեր էի անոր ընել։
11Հիմա Յուդայի մարդիկներուն
Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսէ՛ ու ըսէ՛.
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Ահա ես ձեզի համար չարիք կը պատրաստեմ
Ու ձեզի համար ծրագիր մը կը պատրաստեմ։
Հիմա բոլորդ ալ ձեր ճամբաներէն դարձէ՛ք
Ու ձեր ճամբաներն ու ձեր գործերը ուղղեցէ՛ք’։
12Բայց անոնք կ’ըսեն. ‘Յոյս չկայ,
Վասն զի մենք մեր խորհուրդներուն ետեւէն պիտի երթանք
Ու բոլորս ալ մեր չար սրտին կամակորութեանը պէս պիտի ընենք’։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՏԷՐԸ
13Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Հիմա ազգերուն մէջ հարցուցէք,
Այսպիսի բան մը ո՞վ լսեր է։
Իսրայէլին կոյսը խիստ սոսկալի բան մը ըրաւ։
14Միթէ Լիբանանին ձիւնը #18:14 Կամ, Սուրսադայէարտին վէմէն՝ ՝ կը պակսի՞,
Կամ հեռուէն վազող պաղ ջուրերը կը ցամքի՞ն։
15Բայց իմ ժողովուրդս զիս մոռցաւ։
Ունայնութիւններու խունկ ծխեցին։
Անոնք իրենց քալած հին ճամբաներուն մէջ մոլորեցան
Եւ ուրիշ շաւիղներէ, զարտուղի ճամբաներէ քալեցին։
16Ասանկով իրենց երկիրը աւերակ
Ու յաւիտենապէս սուլելու ենթակայ ըրին։
Անկէ ամէն անցնողը պիտի զարմանայ
Ու գլուխը պիտի շարժէ։
17Որպէս թէ արեւելեան հովով՝
Զանոնք թշնամիին առջեւ պիտի ցրուեմ,
Անոնց թշուառութեան օրը
Անոնց կռնակ պիտի ցուցնեմ եւ ո՛չ թէ՝ երես»։
ԴԱՒ ՄԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԴԷՄ
18Այն ատեն ըսին.
«Եկէ՛ք, Երեմիային դէմ դաւ լարենք,
Վասն զի քահանայէն՝ օրէնք
Ու իմաստունէն՝ խորհուրդ
Եւ մարգարէէն խօսք պիտի չկորսուի։
Եկէ՛ք, զանիկա լեզուով ջախջախենք
Ու անոր ոեւէ խօսքին ականջ չտանք»։
19«Ո՛վ Տէր, ինծի ականջ տուր
Ու ինծի հետ վէճ ընողներուն ձայնը լսէ՛։
20Միթէ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցուի՞։
Բայց անոնք իմ անձիս համար փոս փորեցին։
Յիշէ՛, թէ քու առջեւդ կայնեցայ,
Որպէս զի անոնց համար բարեխօսութիւն ընեմ
Ու քու բարկութիւնդ անոնցմէ դարձնեմ։
21Անոր համար անոնց տղաքները սովի՛ մատնէ
Ու զանոնք սուրին ձեռքը յանձնէ՛։
Անոնց կիները անզաւակ ու որբեւարի թող ըլլան
Եւ այրերը թող մեռնին
Ու երիտասարդները պատերազմի մէջ սուրով թող զարնուին։
22Եւ անոնց վրայ յանկարծակի ասպատակող գունդեր բեր։
Անոնց տուներէն աղաղակ թող լսուի։
Վասն զի զիս բռնելու համար փոս փորեցին
Եւ իմ ոտքերուս համար ծածուկ որոգայթներ լարեցին։
23Ու դուն, ո՛վ Տէր, գիտես անոնց դաւը
Ինծի դէմ, զիս մեռցնելու համար։
Անոնց անօրէնութիւնը մի՛ քաւեր
Եւ անոնց մեղքը քու առջեւէդ մի՛ ջնջեր,
Հապա անոնք քու առջեւդ թող կործանին.
Քու բարկութեանդ ատենը անոնց դէմ գործէ»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 18: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.