YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 13

13
ՔԹԱՆԷ ԳՕՏԻՆԵՐԸ
1Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Գնա՛, քեզի քթանէ գօտի մը ծախու ա՛ռ եւ զանիկա մէջքդ կապէ՛ ու զանիկա ջուրը մի՛ խոթեր»։ 2Ուստի Տէրոջը խօսքին համաձայն գօտին ծախու առի ու մէջքս կապեցի։ 3Երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 4«Այն ծախու առած գօտիդ, որ քու մէջքդ է, ա՛ռ ու ելի՛ր Եփրատ գնա եւ հոն վէմին ծակին մէջ պահէ՛ զանիկա»։ 5Ես գացի եւ զանիկա Եփրատի եզերքը պահեցի, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց։ 6Եւ շատ օրեր ետքը Տէրը ինծի ըսաւ. «Ելի՛ր, Եփրատ գնա՛, անկէ ա՛ռ այն գօտին, որ քեզի հրամայեցի հոն պահել»։ 7Ես ալ Եփրատ գացի ու փորելով՝ գօտին այն պահած տեղէս առի. բայց գօտին փտտեր էր ու բնաւ բանի մը չէր գար։
8Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով.
9«Յուդային հպարտութիւնը
Ու Երուսաղէմին մեծ հպարտութիւնը այդպէս պիտի աւրեմ։
10Այս չար ժողովուրդը,
Որ իմ խօսքերս լսել չեն ուզեր
Ու իրենց սրտին կամակորութիւնովը կը քալեն,
Օտար աստուածներու ետեւէ կ’երթան
Անոնց ծառայութիւն ընելու եւ անոնց երկրպագութիւն ընելու համար՝
Այդ անպիտան գօտիին պէս պիտի ըլլան։
11Վասն զի ինչպէս մարդը գօտին իր մէջքը կը կապէ,
Իսրայէլին բոլոր տունն ու Յուդային բոլոր տունը
Ինծի այնպէս կապեր էի, կ’ըսէ Տէրը,
Որպէս զի ինծի ժողովուրդ ըլլան,
Նաեւ՝ անուն եւ փառք ու պարծանք։
Բայց անոնք մտիկ չըրին։
ԳԻՆԻԻ ՏԻԿԸ
12Նաեւ այս խօսքը ըսէ անոնց.
‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
«Ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի»’.
Բայց անոնք քեզի պիտի ըսեն.
‘Միթէ մենք չե՞նք գիտեր թէ ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի’։
13Դուն ալ անոնց ըսէ.
‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
Ահա ես այս երկրին բոլոր բնակիչները
Ու Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորները
Եւ քահանաներն ու մարգարէները
Ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները արբեցութեամբ պիտի լեցնեմ
14Եւ զանոնք իրարու զարնելով պիտի կոտրտեմ,
Հայրերը տղոցը հետ մէկտեղ կ’ըսէ Տէրը
Եւ անոնց պիտի չգթամ ու պիտի չխնայեմ
Եւ առանց ողորմելու զանոնք բնաջինջ պիտի ընեմ’։
ԵՐԵՄԻԱ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
15Մտի՛կ ըրէք, ակա՛նջ տուէք, մի՛ հպարտանաք,
Վասն զի Տէրը խօսեցաւ։
16Ձեր Տէր Աստուծոյն փառք տուէ՛ք՝
Դեռ խաւարը ձեր վրայ չհասած
Ու ձեր ոտքերը մութ լեռներու վրայ չհասած
Եւ ձեր լոյսի սպասած ատենը
Աստուած զանիկա մահուան ստուերի չփոխած
Ու զանիկա թանձր մէգի չդարձուցած։
17Բայց եթէ մտիկ չընէք,
Ձեր հպարտութեանը համար իմ հոգիս ծածուկ տեղեր պիտի լայ
Եւ իմ աչքս դառնօրէն պիտի լայ ու արցունք պիտի թափէ,
Վասն զի Տէրոջը հօտը գերի առնուեցաւ։
18Թագաւորին ու թագուհիին ըսէ.
«Ձեր անձը խոնարհեցուցէ՛ք ու գետնի վրայ նստեցէ՛ք,
Վասն զի ձեր գլխէն ձեր փառաւոր թագը ինկաւ»։
19Հարաւային քաղաքները գոցուեցան
Ու բացող մը չկայ.
Բոլոր Յուդա գերութեան գնաց.
Ամէնքը գերութեան գացին։
20«Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք եւ հիւսիսի կողմէն եկողներուն նայեցէ՛ք.
Քեզի տրուած հօտը, քու փառքերուդ խաշինքը ո՞ւր են։
21Ի՞նչ պիտի ըսես, երբ քեզի այցելութիւն ընեն,
Վասն զի դուն անոնց սորվեցուցիր, որ քու վրադ իշխան եւ գլուխ ըլլան.
Միթէ քեզ ծննդական կնոջ պէս ցաւեր պիտի չբռնե՞ն։
22Ու եթէ սրտիդ մէջ ըսես.
‘Այս բաները ինչո՞ւ հանդիպեցան ինծի’,
Քու անօրէնութեանդ շատութենէն քու քղանցքներդ բացուեցան
Եւ գարշապարներդ բռնութեամբ մերկացան։
23Միթէ կարելի՞ է որ Եթովպիացին իր մորթը՝
Կամ ինձը իր խայտուցները փոխէ,
Որ դուք ալ, չարութիւն ընելու սորված ըլլալով,
Կարենաք աղէկութիւն ընել։
24Ուստի անապատի հովէն վերցուած մղեղի պէս
Պիտի ցրուեմ զանոնք։
25Այս է քու վիճակդ եւ քու բաժինդ,
Որ ես քեզի որոշեցի, կ’ըսէ Տէրը,
Քանզի զիս մոռցար ու ստութեան ապաւինեցար։
26Ուստի ես ալ քու քղանցքներդ քու երեսիդ վրայ վերցուցի
Ու քու անարգանքդ երեւցաւ։
27Ես քու շնութիւններդ ու վրնջիւններդ
Եւ քու լիրբ պոռնկութիւնդ
Ու բլուրներու վրայ եւ դաշտի վրայ քու ըրած պղծութիւններդ տեսայ։
Վա՜յ քեզի, ո՛վ Երուսաղէմ.
Պիտի չմաքրուի՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 13: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 13