YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 14

14
ԱՀԱՒՈՐ ԵՐԱՇՏԸ
1Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիային եղաւ երաշտութեան վրայով։
2«Յուդան սուգ կը բռնէ
Եւ անոր դռները կը նուաղին։
Անոնք գետնի վրայ տրտում կը նստին,
Երուսաղէմին աղաղակը բարձրացաւ։
3Անոնց ազնուականները իրենց մանուկները ջուրի կը ղրկեն։
Անոնք աւազանները գացին, բայց ջուր չգտան
Եւ դարձան՝ իրենց պարապ ամաններով։
Ամչցան ու պատկառեցան եւ գլուխնին ծածկեցին։
4Երկրի վրայ անձրեւ չըլլալուն պատճառով ու
Գետինը ճաթելուն համար,
Երկրագործները ամչցան եւ գլուխնին ծածկեցին։
5Քանզի եղնիկը դաշտի մէջ ծնաւ,
Բայց խոտ չըլլալուն համար իր ձագը թողուց։
6Վայրենի էշերը բլուրներու վրայ կայնեցան
Եւ չագալներու պէս օդը ծծեցին։
Աչքերնին տկարացաւ, վասն զի խոտ չկար։
7Թէեւ մեր անօրէնութիւնները մեզի դէմ կը վկայեն,
Մեր յանցանքները շատ են,
Քեզի դէմ մեղք գործեցինք,
Սակայն, ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար ըրէ։
8Ո՛վ Իսրայէլի Յոյսը՝
Նեղութեան ատեն անոր Փրկիչը՝
Ինչո՞ւ համար երկրի վրայ հիւրի պէս
Ու գիշերները իջեւանող ճամբորդի պէս ըլլաս։
9Ինչո՞ւ համար ապշած մարդու պէս
Կամ ազատուելու կարողութիւն չունեցողի պէս ըլլաս։
Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր մէջ ես,
Մենք քու անունովդ կոչուած ենք, ուստի
Մեզ մի՛ թողուր»։
10Այսպէս կ’ըսէ Տէրը այս ժողովուրդին համար.
«Անոնք աստանդական շրջիլը սիրեցին
Եւ իրենց ոտքերը չզսպեցին։
Տէրը անոնց չհաւնեցաւ.
Ուստի անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ
Ու անոնց մեղքերը պիտի պատժէ»։
11Եւ Տէրը ինծի ըսաւ.
«Այս ժողովուրդին բարօրութեան համար աղօթք մի՛ ըներ։
12Եթէ անոնք ծոմ պահեն,
Անոնց աղաղակին մտիկ պիտի չընեմ
Ու եթէ ողջակէզ կամ զոհ մատուցանեն,
Զանոնք պիտի չընդունիմ.
Հապա սուրով, սովով եւ ժանտախտով
Պիտի սպառեմ զանոնք»։
13Ու ես ըսի. «Աւա՜ղ, ո՛վ Տէր Եհովա,
Ահա մարգարէները անոնց կ’ըսեն.
‘Սուր պիտի չտեսնէք
Ու ձեր մէջ սով պիտի չըլլայ,
Հապա ձեզի այս տեղ խաղաղութիւն պիտի տամ’»։
14Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ.
«Մարգարէները իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն։
Զանոնք ես չղրկեցի եւ անոնց չհրամայեցի
Ու անոնց չխօսեցայ։
Անոնք ձեզի սուտ տեսիլքներ, սնոտի գուշակութիւններ
Եւ իրենց սրտին խաբէութիւնները կը մարգարէանան»։
15Ուստի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Այն մարգարէներուն համար, որոնք իմ անունովս մարգարէութիւն կ’ընեն
(Թէպէտեւ զանոնք ես չղրկեցի)
Ու կ’ըսեն թէ ‘Այս երկրին մէջ սուր ու սով պիտի չըլլայ’,
Այն մարգարէները սուրով ու սովով պիտի կորսուին
16Եւ այն ժողովուրդը, որոնց անոնք մարգարէութիւն կ’ընեն,
Սուրին ու սովին միջոցով
Երուսաղէմի փողոցները պիտի ձգուին
Եւ զանոնք եւ անոնց կիները, տղաքներն ու աղջիկները
Թաղող պիտի չգտնուի
Ու անոնց վրայ իրենց չարութիւնը պիտի թափեմ»։
17«Ուստի անոնց՝ այս խօսքը ըսէ.
‘Գիշեր ու ցորեկ աչքերս արցունք պիտի թափեն
Ու բնաւ պիտի չդադարին,
Վասն զի իմ ժողովուրդիս կոյս աղջիկը մեծ կոտորածով,
Խիստ սաստիկ հարուածով կոտորուեցաւ։
18Եթէ դաշտը ելլեմ
Ահա սուրով մեռցուածներ
Եւ եթէ քաղաքը մտնեմ,
Ահա սովով տկարացածներ կան։
Վասն զի թէ՛ մարգարէն եւ թէ՛ քահանան
Իրենց չգիտցած երկիրը կը պտըտին’»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ՊԱՂԱՏԻ
19Միթէ Յուդան բոլորովին մերժեցի՞ր.
Քու հոգիդ Սիօնէն զզուեցա՞ւ.
Մեզի ինչո՞ւ այնպէս զարկիր, որ մեզի բժշկութիւն չըլլայ։
Մենք խաղաղութեան սպասեցինք, բայց խռովութիւն եկաւ,
Բժշկութեան ժամանակին սպասեցինք, բայց վիրաւորները շատցան։
20Մե՛նք, ով Տէր, մեր ամբարշտութիւնը
Ու մեր հայրերուն անօրէնութիւնը կը ճանչնանք
Եւ մենք քեզի դէմ մեղք գործեցինք, սակայն
21Քու անուանդ համար մեզմէ մի՛ զզուիր,
Քու փառքիդ աթոռը մի՛ անարգեր.
Մեզի հետ ըրած ուխտդ յիշէ եւ զանիկա մի՛ աւրեր։
22Միթէ հեթանոսներուն չաստուածներուն մէջ անձրեւ տուող մը կա՞յ,
Կամ թէ երկինքնե՞րը կու տան անձրեւը։
Չէ՞ որ ասիկա ընողը դո՛ւն ես, ո՛վ մեր Տէր Աստուածը.
Ուստի քեզի կը յուսանք,
Վասն զի ասոնց ամէնքը դուն ըրիր։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 14: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in