ԵՐԵՄԵԱՅ 12
12
ԵՐԵՄԻԱ ՏԷՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՊՆԴԷ
1Ո՛վ Տէր, երբ քեզի դէմ գանգատիմ, դուն արդար պիտի գտնուիս.
Սակայն #12:1 Կամ, քու դատաստաններուդիրաւունքի վրայով պիտի խօսիմ քեզի.
Ինչո՞ւ ամբարիշտներուն ճամբան կը յաջողի
Ու բոլոր նենգութիւն ընողները հանգստութիւն կը վայելեն։
2Դուն զանոնք տնկեցիր եւ անոնք արմատացան։
Անոնք կ’աճին ու պտուղ կու տան։
Դուն անոնց բերնին մօտ ես,
Բայց անոնց սրտէն հեռու ես։
3Դուն, ո՛վ Տէր, զիս ճանչցար,
Զիս տեսար ու իմ միտքս քու առջեւդ քննեցիր։
Զատէ զանոնք մորթուելու ոչխարներու պէս,
Սպանդի օրուան համար #12:3 Եբր., սրբէ՛, կամ, նուիրէ՛պատրաստէ։
4Մինչեւ ե՞րբ երկիրը սուգ պիտի բռնէ
Իր բնակիչներուն չարութեանը համար
Ու բոլոր դաշտին խոտը պիտի չորնայ։
Անասուններն ու թռչունները հեռացան,
Վասն զի ըսին. «Անիկա մեր վախճանը պիտի չտեսնէ»։
5«Եթէ դուն հետեւակներուն հետ վազեցիր ու քեզ յոգնեցուցին,
Հապա ձիաւորներուն հետ ի՞նչպէս պիտի մրցիս։
Դուն որ խաղաղութեան երկրին մէջ ապահով ես,
Ի՞նչ պիտի ընես՝ երբ Յորդանան գետը յորդի։
6Քանզի քու եղբայրներդ ու քու հօրդ տունն ալ,
Անոնք անգամ քեզի դէմ նենգութիւն ըրին
Եւ քու ետեւէդ բարձրաձայն աղաղակեցին։
Թէեւ անոնք քեզի աղէկ բաներ ալ խօսին,
Դուն անոնց մի՛ հաւատար»։
ՏԷՐՈՋԸ ՎԻՇՏԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
7«Իմ տունս թողուցի, իմ ժառանգութիւնս ձգեցի,
Հոգիիս սիրածը իր թշնամիներուն ձեռքը տուի։
8Իմ ժառանգութիւնս անտառի առիւծին պէս եղաւ ինծի,
Անիկա բարձր ձայնով իմ վրաս պոռաց։
Այդ պատճառով զանիկա ատեցի։
9Իմ ժառանգութիւնս #12:9 Կամ, գիշատիչգոյնզգոյն թռչունի մը պէս եղաւ ինծի,
Թռչունները անոր չորս կողմն են։
Եկէ՛ք, անապատին բոլոր գազանները հաւաքեցէ՛ք,
Բերէ՛ք, որ ուտեն։
10Շատ հովիւներ իմ այգիս աւերեցին,
Իմ բաժինս ոտնակոխ ըրին
Եւ իմ ցանկալի վիճակս ամայի անապատի դարձուցին։
11Զանիկա ամայութեան դարձուցին,
Որը ամայի ըլլալով իմ առջեւս սուգ բռնեց։
Բոլոր երկիրը ամայացաւ,
Քանզի մարդ մը չկայ, որ այս բաներուն մասին մտածէ։
12Անապատին բոլոր բլուրներուն վրայ աւարառուներ եկան.
Վասն զի Տէրոջը սուրը կ’ուտէ
Երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը։
Ոեւէ մարմնի խաղաղութիւն չկայ։
13Ցորեն ցանեցին, բայց փուշ պիտի հնձեն.
Աշխատանք թափեցին, բայց օգուտ պիտի չտեսնեն.
Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը պատճառով
Ձեր արդիւնքներէն պիտի ամչնաք։
ՏԷՐՈՋԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
14Այսպէս կ’ըսէ Տէրը իմ չար դրացիներուս համար,
Որոնք իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին տուած ժառանգութեան կը դպչին.
«Ահա ես զանոնք իրենց երկրին երեսէն պիտի խլեմ,
Յուդային տունն ալ անոնց մէջէն պիտի խլեմ։
15Զանոնք խլելէս ետքը
Պիտի դառնամ անոնց ողորմիմ
Եւ ամէն մէկը՝ իր ժառանգութեանը
Ու ամէն մէկը իր երկիրը պիտի դարձնեմ։
16Եթէ անոնք իմ ժողովուրդիս ճամբաները սորվին
Ու իմ անունովս երդում ընեն՝ ըսելով ‘Կենդանի է Տէրը’
(Ինչպէս անոնք իմ ժողովուրդիս՝ Բահաղի անունովը երդում ընել սորվեցուցին),
Այն ատեն իմ ժողովուրդիս մէջ պիտի #12:16 Եբր., շինուինհաստատուին։
17Բայց եթէ մտիկ չընեն,
Այն ատեն այն ազգը արմատէն պիտի խլեմ
Ու պիտի կորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 12: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.