ԵՍԱՅԵԱՅ 9
9
ԱՊԱԳԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Բայց այնպէս խաւար պիտի չըլլայ, ինչպէս նեղութեան ժամանակը,
Երբ ժամանակին անարգեց Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը.
Հապա վերջին ատենը պիտի փառաւորէ ծովուն ճամբան,
Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան։
2Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ,
Մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ։
3Ազգը շատցուցիր, անոր ուրախութիւնը մեծցուցիր.
Անոնք քու առջեւդ կ’ուրախանան՝ հունձքի ատենի ուրախութեան պէս,
Ինչպէս կը ցնծան անոնք, որ աւար կը բաժնեն։
4Վասն զի Մադիամի օրուանը պէս՝
Անոր ծանր լուծը ու կռնակին գաւազանը
Եւ անոր վրայ բռնութիւն ընողին ցուպը կոտրեցիր։
5Քանզի շառաչիւնով պատերազմողներուն բոլոր #9:5 Կամ, սռնապաններըզէնքերը
Եւ արիւնաթաթախ հանդերձները
Պիտի այրին եւ հրոյ ճարակ ըլլան։
6Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ,
Մեզի որդի մը տրուեցաւ
Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։
Անոր անունը պիտի կոչուի
Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած,
Յաւիտենականութեան Իշխան։
7Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ
Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ,
Որպէս զի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան
Իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա։
Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
8Տէրը Յակոբին պատգամ ղրկեց
Ու անիկա Իսրայէլին վրայ իջաւ։
9Բոլոր ժողովուրդը պիտի իմանայ,
Այսինքն Եփրեմ ու Սամարիայի բնակիչները,
Որոնք ամբարտաւանութեամբ եւ սրտի հպարտութեամբ կ’ըսեն.
10«Թէեւ աղիւսները ինկան,
Բայց մենք տաշուած քարերով պիտի շինենք։
Մոլաթզենիները կտրուեցան,
Բայց մենք անոնց տեղ եղեւնափայտեր պիտի դնենք»։
11Սակայն Տէրը անոր վրայ Ռասինին հակառակորդները պիտի յարուցանէ
Ու անոր թշնամիները պիտի #9:11 Կամ, սպառազինէգրգռէ։
12Ասորիները՝ #9:12 Եբր., առջեւէնարեւելքէն, Փղշտացիները՝ #9:12 Եբր., ետեւէնարեւմուտքէն
Անոնք լեցուն բերանով Իսրայէլը պիտի ուտեն։
Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,
Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
13Քանզի ժողովուրդը զինք զարնողին չի դառնար
Ու զօրքերու Տէրը չի փնտռեր։
14Տէրը Իսրայէլին գլուխն ու պոչը,
Արմաւենիի ոստն ու կնիւնը
Մէկ օրուայ մէջ պիտի կտրէ։
15(Ծերն ու պատուաւոր մարդը գլուխն է
Եւ ստութիւն սորվեցնող մարգարէն պոչն է)
16Եւ այս ժողովուրդին առաջնորդները պիտի մոլորեցնեն զանոնք
Եւ անոնցմէ առաջնորդուածները պիտի կլլուին։
17Այս պատճառով Տէրը անոր երիտասարդներուն պիտի չհաճի
Եւ անոր որբերուն ու որբեւարիներուն պիտի չողորմի.
Վասն զի ամէնքն ալ կեղծաւոր ու չարագործ եղան
Եւ ամէն բերան անզգամութիւն կը խօսի։
Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,
Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
18Քանզի անօրէնութիւնը կրակի պէս կ’այրէ,
Ցախերն ու փուշերը կը սպառէ,
Անտառին թանձրախիտ ծառերը կ’այրէ
Ու անոնք կը ցնդին վեր ելլող ծուխի պէս։
19Զօրքերու Տէրոջը բարկութենէն երկիրը պիտի #9:19 Կամ, խաւարիայրի
Ու ժողովուրդը հրոյ ճարակ եղածի պէս պիտի ըլլայ։
Մարդ իր եղբօրը պիտի չխնայէ։
20Աջ կողմը եղածը պիտի յափշտակէ ու անօթի պիտի մնայ։
Ձախ կողմինն ալ պիտի ուտէ ու պիտի չկշտանայ։
Ամէն մարդ իր բազուկներուն միսը պիտի ուտէ։
21Մանասէն Եփրեմը պիտի ուտէ ու Եփրեմը՝ Մանասէն։
Անոնք մէկտեղ Յուդային վրայ պիտի յարձակին։
Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,
Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 9: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.