1
ԵՍԱՅԵԱՅ 9:6
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Իշխան։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 9:6
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 9:2
Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, Մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 9:2
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 9:7
Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, Որպէս զի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան Իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա։ Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 9:7
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 9:5
Քանզի շառաչիւնով պատերազմողներուն բոլոր զէնքերը Եւ արիւնաթաթախ հանդերձները Պիտի այրին եւ հրոյ ճարակ ըլլան։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 9:5
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 9:1
Բայց այնպէս խաւար պիտի չըլլայ, ինչպէս նեղութեան ժամանակը, Երբ ժամանակին անարգեց Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը. Հապա վերջին ատենը պիտի փառաւորէ ծովուն ճամբան, Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 9:1
6
ԵՍԱՅԵԱՅ 9:3
Ազգը շատցուցիր, անոր ուրախութիւնը մեծցուցիր. Անոնք քու առջեւդ կ’ուրախանան՝ հունձքի ատենի ուրախութեան պէս, Ինչպէս կը ցնծան անոնք, որ աւար կը բաժնեն։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 9:3
7
ԵՍԱՅԵԱՅ 9:4
Վասն զի Մադիամի օրուանը պէս՝ Անոր ծանր լուծը ու կռնակին գաւազանը Եւ անոր վրայ բռնութիւն ընողին ցուպը կոտրեցիր։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 9:4