YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 64

64
1Երանի՜ թէ երկինքը ճեղքելով վար իջնէիր,
Քու ներկայութենէդ լեռները #64:1 Կամ, սասանէինհալէին։
2Խռիւները՝ բռնկցնող կրակի պէս,
Ջուրերը՝ եռացնող կրակի պէս,
Որ քու անունդ թշնամիներուդ յայտնէիր
Ու ազգերը քու երեսէդ դողային
3Երբ այն սոսկալի բաները ըրիր, որոնց չէինք յուսար,
Իջա՛ր եւ քու երեսէդ լեռները #64:3 Կամ, սասանեցանհալեցան։
4Քանզի սկիզբէն ի վեր չլսուեցաւ ու ականջ չլսեց
Եւ աչք չտեսաւ քեզմէ զատ ուրիշ Աստուած մը,
Որ իրեն յուսացողներուն այսպիսի բաներ ընէ։
5Անոնց հանդիպեցար, որոնք ուրախութեամբ արդարութիւն կ’ընեն
Եւ քու ճամբաներուդ մէջ քեզ կը յիշեն։
Ահա բարկացար, վասն զի մեղք գործեցինք
Եւ անոնց մէջ երկար ատեն մնացինք. արդեօք պիտի փրկուի՞նք։
6Բայց ամէնքս պիղծ բանի պէս եղանք
Ու մեր բոլոր արդար գործերը անմաքուր լաթի պէս են։
Ամէնքս տերեւի պէս կը թառամինք
Ու մեր անօրէնութիւնները հովի պէս մեզ կը հեռացնեն։
7Քու անունդ կանչող չկայ,
Որ արթննայ ու քեզմէ ոյժ գտնէ,
Քանզի քու երեսդ մեզմէ ծածկեցիր
Ու մեր անօրէնութիւններուն պատճառով մեզ մաշեցուցիր։
8Բայց հիմա, ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։
Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։
Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք։
9Շատ մի՛ բարկանար, ո՛վ Տէր
Ու մեր անօրէնութիւնը յաւիտեան մի՛ յիշեր։
Ահա նայէ՛, կաղաչենք, ամէնքս քու ժողովուրդդ ենք։
10Սուրբ քաղաքներդ անապատ եղան,
Սիօն անապատ եղաւ,
Երուսաղէմ աւերակ եղաւ։
11Մեր սուրբ ու փառաւոր տունը,
Որուն մէջ մեր հայրերը քեզ կ’օրհնէին,
Հրոյ ճարակ եղաւ։
Մեր բոլոր ցանկալի տեղերը ամայացան։
12Դեռ ինքզինքդ պիտի զսպե՞ս, ո՛վ Տէր,
Տակաւին պիտի լռե՞ս ու մեզ խիստ շատ պիտի նեղե՞ս։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 64: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in