1
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:1
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ Ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:1
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:3
Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան Եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:3
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:2
Վասն զի ահա խաւարը՝ երկիրը Ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ, Բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի Եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:2
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:22
Քիչուորը՝ հազարաւոր Ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. Ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:22
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:19
Անգամ մըն ալ ցորեկը քու լուսատուդ արեւը պիտի չըլլայ Ու գիշերը լուսինը իր պայծառութիւնովը քեզի լոյս պիտի չտայ. Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս Եւ քու Աստուածդ քու փառքդ պիտի ըլլայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:19
6
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:20
Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի Ու քու լուսինդ պիտի չնուազի. Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ Եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:20
7
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:5
Այն ատեն պիտի տեսնես եւ ուրախանաս Ու սիրտդ պիտի ուրախանայ ու ցնծայ, Քանզի ծովուն առատութիւնը քեզի պիտի դառնայ, Ազգերուն հարստութիւնը քեզի պիտի գայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:5
8
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:4
Աչքերդ վերցո՛ւր ու բոլորտիքդ նայէ՛. Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Քու տղաքներդ հեռուէն պիտի գան Եւ քու աղջիկներդ գրկի մէջ մանուկներու պէս պիտի տարուին։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:4
9
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:21
Ու քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ Ու երկիրը յաւիտենապէս պիտի ժառանգէ։ Իմ տնկած տունկս՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ Իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:21
10
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:18
Անգամ մըն ալ քու երկրիդ մէջ՝ բռնութիւն Եւ քու սահմաններուդ մէջ յափշտակութիւն ու կոտորած տեղի պիտի չունենայ, Հապա քու պարիսպներդ՝ Փրկութիւն Ու դռներդ Գովութիւն պիտի անուանես։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:18
11
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:11
Քու դռներդ միշտ բաց պիտի ըլլան, Ցորեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին, Որպէս զի քեզի կրեն ազգերուն ստացուածքը Եւ անոնց թագաւորները բերուին։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:11
12
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:6
Ուղտերուն երամակը եւ Մադիամի ու Գեփայի տաճիկ ուղտերը, քեզ պիտի ծածկեն։ Ամէնքը Սաբայէն պիտի գան, Ոսկի ու կնդրուկ պիտի բերեն Եւ Տէրոջը փրկութիւնը պիտի աւետեն։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:6
13
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:10
Օտարներուն որդիները քու պարիսպներդ պիտի շինեն Ու անոնց թագաւորները քեզի ծառայութիւն պիտի ընեն, Քանզի իմ բարկութիւնովս քեզ զարկի, Բայց բարեհաճութիւնովս քեզի պիտի ողորմիմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:10
14
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:15
Դուն որ երեսէ ձգուած ու ատելի եղար Եւ քեզմէ անցնող չեղաւ, Քեզ՝ յաւիտենական փառք Ու ազգէ ազգ տեւող ուրախութիւն պիտի ընեմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:15
15
ԵՍԱՅԵԱՅ 60:16
Ազգերուն կաթը պիտի ծծես, Թագաւորներուն ստինքը պիտի ծծես Եւ պիտի գիտնաս թէ ես Տէ՛րս եմ քու Ազատիչդ Ու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 60:16