ԵՍԱՅԵԱՅ 58
58
ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
1«Բարձրաձայն կանչէ եւ մի՛ խնայեր,
Ձայնդ փողի պէս բարձրացուր
Եւ իմ ժողովուրդիս՝ իրենց յանցանքը
Ու Յակոբին տանը՝ իրենց մեղքերը յայտնէ։
2Անոնք ամէն օր զիս կը փնտռեն
Եւ իմ ճամբաներս գիտնալ կը փափաքին,
Այնպիսի ազգի մը պէս, որ արդարութիւն կ’ընէ
Ու իր Աստուծոյն օրէնքները զանց չ’ըներ։
Ինծի արդարութեան կանոնները կը հարցնեն,
Աստուծոյ մօտենալ կը փափաքին,
3 Ու կ’ըսեն՝
‘Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար,
Մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չգիտցար’։
Ահա ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր բաղձանքը կը կատարէք
Եւ ձեր բոլոր #58:3 Կամ, գործողները կը հարստահարէքպահանջները խստութեամբ կը պահանջէք՝ ՝։
4Ահա կռիւի ու վէճի
Եւ չարութեան բռունցքով զարնելու համար ծոմ կը պահէք,
Որ ձեր ձայնը բարձրերը լսել տաք։
5Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս
Ու մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այսպէ՞ս կ’ըլլայ.
Իր գլուխը կնիւնի պէս ծռելով
Եւ իր տակ քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ’ըլլայ։
Ասիկա ծոմապահութիւն ու Տէրոջը ընդունելի օ՞ր պիտի անուանես։
6Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝
Անիրաւութեան կապերը քակելը,
Լուծին կապերը թուլցնելը,
Հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը,
Ամէն լուծ կտրելը,
7Հացդ անօթիին բաժնելը,
Թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը,
Մերկ մը հագուեցնելը
Ու մարմինդ անտեսելն է։
8Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի
Ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի #58:8 Եբր., բուսնիյայտնուի։
Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ
Ու Տէրոջը փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ։
9Այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ,
Պիտի աղաղակես ու անիկա պիտի ըսէ. ‘Ահա ես’։
Եթէ քու մէջէդ լուծը,
Մատով ցուցնելն ու չար խօսքերը վերցնես,
10Եթէ #58:10 Եբր., քու հոգիդ անօթիին ընծայեսանօթին յօժարութեամբ կերակրես՝ ՝
Եւ կարօտին հոգին կշտացնես,
Այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի
Ու քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ։
11Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ,
Քու հոգիդ #58:11 Կամ, անջուր տեղերու մէջերաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ,
Ոսկորներդ պիտի զօրացնէ.
Դուն ջրարբի պարտէզի պէս
Աղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր։
12Քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն։
Նախկին դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես։
Դուն փլածներ նորոգող
Ու բնակութեան համար ճամբաներ շտկող պիտի կոչուիս։
ՇԱԲԱԹԸ ՊԱՀԵԼՈՒՆ ՎԱՐՁՔԸ
13Եթէ շաբաթը՝ իմ սուրբ օրս՝
Քու ցանկութիւնդ կատարելէ ոտքդ դարձնես
Ու շաբաթը՝ քու զուարճութիւնդ
Եւ Տէրոջը նուիրուած օրը պատուական անուանես,
Զանիկա պատուես՝ քու ճամբաներուդ չհետեւելով,
Քու ցանկութիւնդ չկատարելով ու պարապ խօսք չխօսելով,
14Այն ատեն Տէրոջմով պիտի ուրախանաս։
Քեզ երկրին բարձր տեղերը պիտի հանեմ,
Քու հօրդ Յակոբին ժառանգութիւնը քեզի պիտի կերցնեմ.
Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 58: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.