1
ԵՍԱՅԵԱՅ 54:17
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի Եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։ Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է Ու անոնց արդարութիւնը ինծմէ է», կ’ըսէ Տէրը։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 54:17
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 54:10
Քանզի լեռները պիտի վերնան Եւ բլուրները պիտի սասանին, Բայց իմ ողորմութիւնս քեզմէ պիտի չվերնայ Ու իմ խաղաղութեանս ուխտը պիտի չսասանի», Կ’ըսէ Տէրը, որ քեզի կ’ողորմի։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 54:10
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 54:4
Մի՛ վախնար, վասն զի պիտի չամչնաս Ու մի՛ շփոթիր, վասն զի պիտի չնախատուիս, Քանզի քու մանկութեանդ նախատինքը պիտի մոռնաս Եւ քու որբեւարութեանդ մեղադրանքը անգամ մըն ալ պիտի չյիշես
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 54:4
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 54:5
Քանզի քու այրդ քու Ստեղծիչդ է, Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է Ու քու Փրկիչդ Իսրայէլի Սուրբն է, Անիկա երկրին Աստուածը պիտի կոչուի։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 54:5
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 54:2
«Վրանիդ տեղը լայնցուր, Քու բնակարանիդ վարագոյրները թող տարածուին. Մի՛ խնայեր, չուաններդ երկնցուր ու ցիցերդ ամրացո՛ւր։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 54:2
6
ԵՍԱՅԵԱՅ 54:13
Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին Ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 54:13
7
ԵՍԱՅԵԱՅ 54:8
Քիչ մը՝ ՝ սրտմտութեամբ, մէկ վայրկեան երեսս քեզմէ ծածկեցի, Բայց յաւիտենական ողորմութիւնով քեզի պիտի ողորմիմ», Կ’ըսէ քու Փրկիչդ Եհովան։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 54:8
8
ԵՍԱՅԵԱՅ 54:7
«Փոքր վայրկեան մը քեզ թողուցի, Բայց մեծ ողորմութիւններով քեզ պիտի հաւաքեմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 54:7
9
ԵՍԱՅԵԱՅ 54:9
«Քանզի ասիկա ինծի Նոյին ջուրերուն պէս է. Ինչպէս երդում ըրի թէ՝ Նոյին ջուրերը անգամ մըն ալ երկրի վրայ չանցնին, Նոյնպէս երդում ըրի, որ քեզի չբարկանամ ու քեզ չյանդիմանեմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 54:9
10
ԵՍԱՅԵԱՅ 54:12
Քու մարտկոցներդ կարմիր յակինթներով՝ ՝, Դռներդ՝ կարկեհաններով, Բոլոր պարիսպներդ թանկագին քարերով պիտի շինեմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 54:12