ԵՍԱՅԵԱՅ 4
4
1Այն օրը եօթը կին մէկ այր մարդ պիտի բռնեն ու ըսեն.
«Մեր հացը ուտենք ու մեր հանդերձը հագնինք,
Բայց միայն քու անունդ կանչուի մեր վրայ՝
Մեր նախատինքը վերցնելու համար»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ
2Այն օրը Տէրոջը շառաւիղը
Փառաւոր ու պատուական պիտի ըլլայ
Եւ Իսրայէլի ազատուածներուն՝
Երկրին պտուղը պարծանքի եւ պատիւի համար պիտի ըլլայ։
3Որպէս զի Սիօնի մէջ մնացածը
Ու Երուսաղէմի մնացորդը,
Այսինքն Երուսաղէմի մէջ բոլոր ողջ #4:3 Եբր., գրուածներըմնացողները,
Սուրբ կոչուին,
4Երբ Տէրը Սիօնի աղջիկներուն աղտը լուայ
Ու դատաստանի հոգիով եւ այրող հոգիով
Երուսաղէմի արիւնները անոր մէջէն սրբէ։
5Տէրը Սիօն լերանը վրայ
Ու անոր ժողովարաններուն վրայ
Ցորեկը ամպ եւ մէգ
Ու գիշերը փայլուն կրակի բոց պիտի ստեղծէ,
Որպէս զի բոլոր փառքին վրայ հովանի ըլլայ։
6Ցորեկը վրան պիտի ըլլայ,
Տաքութեան համար՝ հովանի
Եւ մրրիկին ու անձրեւի համար
Ապաստանարան ու ծածկոց ըլլալու։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 4: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.