YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 49

49
ԻՍՐԱՅԷԼ, ԱԶԳԵՐՈՒ ԼՈՅՍ ՄԸ
1Ո՛վ կղզիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք,
Ո՛վ ժողովուրդներ, հեռուէն ակա՛նջ տուէք.
Տէրը զիս արգանդէն կանչեց,
Իմ անունս մօրս որովայնէն յիշեց
2Եւ իմ բերանս սրած թուրի պէս ըրաւ։
Զիս իր ձեռքին հովանիին տակ ծածկեց,
Զիս փայլուն նետի պէս ըրաւ։
Իր կապարճին մէջ պահեց զիս
3Եւ ինծի ըսաւ. «Դուն իմ ծառաս ես,
Ո՛վ Իսրայէլ, քեզմով պիտի փառաւորուիմ»։
4Ու ես ըսի. «Պարապ տեղը աշխատեցայ
Եւ իմ զօրութիւնս ոչինչ ու դատարկ տեղը գործածեցի.
Բայց իմ իրաւունքս Տէրոջը առջեւն է
Եւ իմ գործս իմ Աստուծոյս քովն է»։
5Հիմա այսպէս կ’ըսէ Տէրը,
Որ զիս որովայնէն իրեն ծառայ ըլլալու համար ստեղծեց,
Որ Յակոբը անոր դարձնեմ
Եւ Իսրայէլ անոր քով հաւաքուի,
Որ Տէրոջը առջեւ փառաւորուիմ
Եւ իմ Աստուածս ինծի զօրութիւն ըլլայ.
6 Այսպէս կ’ըսէ. «Յակոբին ցեղերը նորէն հաստատելու համար
Եւ Իսրայէլին ազատուածները դարձնելու համար,
Իմ ծառաս ըլլալդ քեզի քիչ է։
Ահա քեզ ազգերուն լոյս պիտի ընեմ,
Որպէս զի մինչեւ երկրին ծայրը իմ փրկութիւնս ըլլաս»։
7Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Իսրայէլի Փրկիչը, անոր Սուրբը,
Անարգուած անձին, ազգերու ատելի եղողին, իշխաններու ծառային.
«Թագաւորները պիտի տեսնեն ու ոտքի պիտի ելլեն.
Իշխաններն ալ երկրպագութիւն պիտի ընեն
Տէրոջը համար, որ հաւատարիմ է,
Իսրայէլի Սուրբին համար, որ քեզ ընտրեր է»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ
8Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ընդունելի ժամանակի մը մէջ քեզի լսեցի,
Փրկութեան օրը քեզի օգնութիւն ըրի,
Քեզ պահեցի եւ ժողովուրդին նախապէս ուխտ ըրի,
Որպէս զի երկիրը հաստատես,
Աւերուած ժառանգութիւնները՝ բաժնես
9Եւ կապուածներուն ըսես՝ «Ելէ՛ք»
Ու խաւարի մէջ եղողներուն՝ «Յայտնուեցէ՛ք»։
Անոնք ճամբաներու վրայ պիտի արածին
Եւ անոնց արօտը բոլոր բլուրներուն վրայ պիտի ըլլայ։
10Անոնք պիտի չանօթենան ու չծարաւին,
Խորշակը կամ արեւը պիտի չզարնէ անոնց,
Քանզի անոնց ողորմութիւն ընողը պիտի առաջնորդէ անոնց
Ու ջուրի աղբերակներու քով պիտի տանի զանոնք։
11Բոլոր լեռներս ճամբայ պիտի ընեմ
Ու իմ պողոտաներս պիտի բացուին։
12Ահա ոմանք՝ հեռուէն,
Ոմանք՝ հիւսիսէն ու արեւմուտքէն
Եւ ոմանք Սինէացիներու երկրէն պիտի գան»։
13Ո՛վ երկինք, ուրա՛խ եղէք ու ո՛վ երկիր, ցնծութի՛ւն ըրէ,
Ո՛վ լեռներ, ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք,
Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին մխիթարութիւն տուաւ
Ու իր տնակներուն ողորմեցաւ։
14Բայց Սիօն ըսաւ. «Եհովան զիս թողուց
Ու Տէրը զիս մոռցաւ»։
15Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ,
Այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չի գթայ։
Թէեւ անոնք մոռնան,
Բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ։
16Ահա ես քեզ ին ձեռքերուս մէջ դրոշմեցի,
Քու պարիսպներդ միշտ իմ առջեւս են։
17Քեզ շինողները պիտի գան
Եւ քեզ փլցնողները եւ աւերողները պիտի մեկնին։
18Աչքերդ վերցուր ու բոլորտիքդ նայէ՛.
Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։
Տէրը կ’ըսէ. «Որչափ ատեն որ ես կենդանի եմ,
Անշուշտ անոնք բոլորը զարդերու պէս պիտի հագնիս
Եւ անոնցմով հարսի պէս պիտի զարդարուիս։
19Քանզի քու աւերակներդ, ամայի տեղերդ
Ու քու կործանուած երկիրդ
Հիմա իր բնակիչներուն նեղ պիտի գայ
Եւ քեզ կլլողները պիտի հեռանան։
20Քու ամլութենէդ յետոյ ծնանելու որդիներդ
Քու ականջներուդ պիտի ըսեն.
«Այս տեղը ինծի նեղ է,
Տե՛ղ տուր ինծի, որ բնակիմ»։
21Ու դուն սրտիդ մէջ պիտի ըսես.
«Ասոնք ինծի ո՞վ ծնաւ.
Ես անզաւակ ու ամուլ էի,
Ես գերի ու աքսորուած էի,
Ասոնք ո՞վ մեծցուց։
Ահա ես մինակ մնացեր էի,
Ասոնք ո՞ւր էին»։
22Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան.
«Ահա իմ ձեռքս ազգերու վրայ պիտի վերցնեմ,
Իմ դրօշակս ժողովուրդներու մէջ պիտի կանգնեցնեմ.
Անոնք քու տղաքներդ իրենց գրկին մէջ պիտի կրեն,
Քու աղջիկներդ անոնց ուսերուն վրայ պիտի վերցուին։
23Թագաւորները քու խնամակալներդ պիտի ըլլան,
Անոնց թագուհիները՝ քու դայեակներդ։
Երեսնին գետինը ծռելով՝ քեզի երկրպագութիւն պիտի ընեն,
Ոտքերուդ փոշին պիտի լզեն
Եւ պիտի գիտնաս, թէ ե՛ս եմ Տէրը։
Ինծի ապաւինողները պիտի չամչնան»։
24Միթէ հզօրէն աւարը կ’առնուի՞,
Կամ #49:24 Կամ, իրաւունք ունեցողահարկու մարդուն գերի առածը կ’ազատուի՞։
25Բայց Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Հզօրին գերի առածն անգամ պիտի առնուի
Ու բռնաւոր մարդուն աւարը պիտի ազատուի
Ու քեզի հետ վիճողներուն դէմ ես պիտի վիճիմ
Եւ քու տղաքներդ ե՛ս պիտի ազատեմ։
26Քեզ հարստահարողներուն իրենց մարմինները պիտի կերցնեմ,
Իրենց արիւնը նոր գինիի պէս խմելով՝ պիտի գինովնան։
Ամէն մարմին պիտի գիտնայ
Թէ ե՛ս եմ Տէրը, որ քեզ ազատեցի
Ու քու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը»։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 49: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in