YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 50

50
1Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ո՞ւր է ձեր մօրը ապահարզանի թուղթը,
Որով ես զանիկա արձակեցի.
Կամ ո՞վ է այն պարտատէրս,
Որուն ես ձեզ ծախեցի։
Ահա դուք ձեր անօրէնութիւններուն համար ծախուեցաք
Ու ձեր մայրը ձեր յանցանքներուն համար արձակուեցաւ։
2Ինչո՞ւ համար իմ եկած ատենս մարդ մը չկար
Ու կանչած ատենս պատասխան տուող մը չկար։
Միթէ իմ ձեռքս կարճըցա՞ւ, որ փրկելու կարող չըլլամ,
Կամ թէ ազատելու զօրութիւն չունի՞մ։
Ահա ես սաստելով ծովը կը ցամքեցնեմ,
Գետերը անապատի կը դարձնեմ,
Անոնց ձուկերը ջուր չըլլալուն համար կը հոտին
Ու ծարաւէն կը մեռնին։
3Երկինքներուն խաւար կը հագցնեմ։
Ու ծածկոցի համար անոնց վրայ քուրձ կը դնեմ»։
ՏԷՐՈՋԸ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
4Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ,
Որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։
Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ,
Անիկա իմ ականջս կը բանայ,
Որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։
5Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ
Ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ։
6Իմ կռնակս զարնողներուն
Եւ այտերս փետտողներուն տուի.
Իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի,
7Բայց Տէր Եհովան ինծի կ’օգնէ,
Անոր համար ամօթապարտ պիտի չըլլամ,
Անոր համար իմ երեսս գայլախազի պէս ըրի
Ու գիտեմ թէ պիտի չամչնամ։
8Զիս արդարացնողը մօտ է։
Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի։ Միասին մէջտեղը կենանք։
Իմ դատախազս ո՞վ է։ Թող ինծի մօտենայ։
9Ահա Տէր Եհովան ինծի պիտի օգնէ։
Ո՞վ զիս յանցաւոր պիտի հանէ։
Ահա ամէնքը հանդերձի պէս պիտի մաշին,
Ցեցը պիտի ուտէ զանոնք։
10Ձեր մէջ Տէրոջմէն վախցող,
Անոր ծառային ձայնին մտիկ ընող կա՞յ,
Որ մութի մէջ կը քալէ ու բնաւ լոյս չունի։
Թող անիկա Տէրոջը անուանը ապաւինի
Ու իր Աստուծոյն կռթնի։
11Ահա դուք ամէնքդ, որ կրակ կը վառէք
Ու կայծերով կը շրջապատուիք,
Ձեր կրակին լոյսովը
Ձեր վառած կայծերուն մէջ քալեցէք։
Ասիկա ձեզի իմ ձեռքովս պիտի ըլլայ,
Դուք տրտմութեամբ պիտի պառկիք։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 50: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in