ԵՍԱՅԵԱՅ 48
48
ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՏԷՐՆ Է
1Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ Յակոբի տուն,
Որ Իսրայէլի անունովը կանչուած էք
Ու Յուդայի #48:1 Եբր., ջուրերէնաղբիւրէն ելեր էք
Եւ Տէրոջը անունովը երդում կ’ընէք
Ու Իսրայէլի Աստուածը կը յիշէք,
Բայց ճշմարտութեամբ չէ ու արդարութեամբ չէ։
2(Քանզի անոնք Սուրբ քաղաքին անունովը կը յիշուին
Եւ Իսրայէլին Աստուծոյն կը կռթնին,
Որուն անունը Եհովա Սաբաւովթ է)։
3Առաջուան բաները կանուխէն պատմեցի։
Անոնք իմ բերնէս ելան եւ զանոնք իմացուցի.
Զանոնք յանկարծ ըրի ու եղան։
4Որովհետեւ գիտէի թէ դուն խիստ ես
Եւ քու պարանոցդ երկաթէ ջիղեր ունի
Ու պղնձէ ճակատ մը ունիս։
5Քեզի կանուխէն պատմեցի
Ու դեռ չեղած քեզի իմացուցի,
Որ չըլլայ թէ ըսես. «Զանոնք իմ արձանս ըրաւ
Եւ իմ քանդակած ու ձուլածոյ կուռքս հրամայեց»։
6«Դուն զանոնք լսեցիր, նայէ, անոնց ամէնքը կատարուեցան
Ու դուն զանիկա պիտի չհրապարակե՞ս.
Ես քեզի ասկէ ետքը նոր ու ծածուկ բաներ պիտի գիտցնեմ,
Որոնք դուն չգիտցար։
7Անոնք հիմա՛ ստեղծուեցան եւ ո՛չ թէ առաջուընէ։
Ասկէ առաջ զանոնք չլսեցիր,
Որ չըլլայ թէ ըսես. ‘Ահա զանոնք գիտցայ’։
8Դուն ո՛չ լսեցիր, ո՛չ ալ գիտցար։
Սկիզբէն քու ականջդ չբացուեցաւ.
Վասն զի գիտցայ թէ դուն խիստ նենգաւոր ես։
Դուն որովայնէն ապստամբ կոչուեցար։
9Եւ իմ անուանս համար բարկութիւնս պիտի յետաձգեմ
Եւ իմ փառքիս համար պիտի համբերեմ քեզի,
Որպէս զի քեզ չկորսնցնեմ։
10Ահա քեզ մաքրեցի, բայց ոչ թէ #48:10 Կամ, արծաթովարծաթի պէս՝ ՝։
Քեզ նեղութեան հալոցին մէջ փորձեցի։
11 Ասիկա ինծի՛ համար, ինծի՛ համար պիտի ընեմ։
Ինչո՞ւ իմ անունս պղծուի։
Ես իմ փառքս ուրիշի չեմ տար։
ԿԻՒՐՈՍ ՏԷՐՈՋԸ ԸՆՏՐԱԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
12Ո՛վ Յակոբ ու իմ կանչած Իսրայէլս, ինծի՛ մտիկ ըրէք.
Ես նոյնն եմ։
Առաջինը ե՛ս եմ, վերջի՛նն ալ ես եմ։
13Իմ ձեռքս երկիրն ալ հիմնեց
Ու իմ աջ ձեռքս տարածեց երկինքը։
Երբ ես զանոնք կանչեմ,
Անոնք մէկտեղ իմ առջեւս պիտի կենան։
14Ամէնքդ հաւաքուեցէ՛ք ու մտի՛կ ըրէք։
Անոնցմէ ո՞վ պատմեց այս բաները։
Տէրոջը սիրածը Բաբելոնի մէջ անոր կամքը պիտի գործադրէ
Եւ իր բազուկը Քաղդէացիներուն վրայ պիտի երկնցնէ։
15Ե՛ս, ե՛ս խօսեցայ ու զանիկա կանչեցի։
Զանիկա բերի եւ անոր ճամբան պիտի յաջողի։
16Ինծի՛ մօտեցէք, ասիկա՛ լսեցէք.
Առաջուընէ ծածուկ չխօսեցայ։
Այս բաներուն եղած ժամանակէն ի վեր ես հոն եմ»։
Ու զիս Տէր Եհովան՝ անոր Հոգին ղրկեց։
ՏԷՐՈՋԸ ԾՐԱԳԻՐԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
17Այսպէս կ’ըսէ Տէրը,
Քու Փրկիչդ, Իսրայէլի Սուրբը.
«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ,
Որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ,
Քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ՛առաջնորդեմ։
18Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։
Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս
Ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար.
19Քու սերունդդ՝ աւազի չափ
Ու որովայնիդ ծնունդը անոր խիճին չափ պիտի ըլլար։
Անոր անունը իմ առջեւէս պիտի չկտրուէր ու չկորսուէր»։
20Բաբելոնէն ելէ՛ք, Քաղդէացիներէն փախէ՛ք.
Ասիկա յաղթութեան երգով պատմեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք.
Ասիկա մինչեւ երկրի ծայրը տարածեցէ՛ք,
Ըսելով. «Տէրը իր Յակոբ ծառան փրկեց»։
21Երբ զանոնք անապատներու մէջ պտըտցուց, չծարաւցան.
Անոնց համար վէմէն ջուրեր վազցուց,
Վէմը պատռեց ու անկէ ջուրեր բղխեցան։
22«Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ’ըսէ Տէրը։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 48: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.