1
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:3
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Եւ խաւարի մէջ ծածկուած գանձերը Ու պահուած հարստութիւնները քեզի պիտի տամ, Որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ որ քեզ անունովդ կը կանչեմ։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 45:3
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:2
Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ, Խորտուբորտ տեղերը պիտի շտկեմ, Պղնձէ դռները պիտի փշրեմ, Երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 45:2
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:5-6
Ես եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ, Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։ Ես քեզի գօտի կապեցի, թէեւ զիս չէիր ճանչնար, Որպէս զի արեւելքէն ու արեւմուտքէն գիտնան Թէ ինծմէ զատ մէ՛կը չկայ։ Ե՛ս եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 45:5-6
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:7
Լոյսը հաստատողը եւ խաւարը ստեղծողը, Խաղաղութիւն ընողն ու չարիքը ստեղծողը, Այս բոլոր բաները ընողը ես Տէրս եմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 45:7
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:22
Ո՛վ երկրի բոլոր ծայրեր, ինծի՛ նայեցէք, որպէս զի փրկուիք. Քանզի ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը չկայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 45:22
6
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:1
Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ իր օծեալ Կիւրոսին, Որուն աջ ձեռքը բռնեցի, Որպէս զի ազգերը անոր առջեւ հնազանդեցնեմ, Թագաւորներուն մէջքը թուլցնեմ, Անոր առջեւ դռներուն փեղկերը բացուին, Դռները բնաւ չգոցուին։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 45:1
7
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:23
Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, Իմ բերնէս արդարութեան խօսք ելաւ ու ետ չի դառնար, ‘Թէ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի Եւ ամէն լեզու երդում պիտի ընէ’։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 45:23
8
ԵՍԱՅԵԱՅ 45:4
Իմ Յակոբ ծառայիս համար Եւ իմ ընտրած Իսրայէլիս համար Քեզ քու անունովդ կանչեցի։ Քեզի մականուն դրի՝ թէեւ զիս չէիր ճանչնար։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 45:4