1
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:19
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի։ Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք։ Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ Ու անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի բղխեցնեմ։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:19
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:2
Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ, Երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս, Երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս, Բոցը քեզ պիտի չբռնկեցնէ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:2
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:18
«Առաջուանները մի՛ յիշէք Ու հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:18
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:1
Հիմա, ո՛վ Յակոբ, քեզ ստեղծողը Ու ո՛վ Իսրայէլ, քեզ ձեւակերպող Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, վասն զի ես քեզ փրկեցի, Քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն իմս ես։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:1
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:4
Քանի որ իմ առջեւս պատուական եղար, Պատիւ գտար եւ ես քեզ սիրեցի. Անոր համար քու անձիդ փոխարէն՝ մարդ Ու քու հոգիիդ փոխարէն ժողովուրդներ պիտի տամ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:4
6
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:3
Քանզի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ Իսրայէլի Սուրբը՝ քու Փրկիչդ եմ. Եգիպտոսը քեզի իբր փրկանք, Եթովպիան ու Սաբան քու տեղդ տուի։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:3
7
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:5
Մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ. Քու սերունդդ արեւելքէն պիտի բերեմ Եւ քեզ արեւմուտքէն պիտի հաւաքեմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:5
8
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:25
«Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ Ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:25
9
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:10
«Իմ վկաներս դուք էք», կ’ըսէ Տէրը, Նաեւ իմ ընտրած ծառաս. Որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաք Եւ հասկնաք թէ ես եմ. Ինծմէ առաջ Աստուած չեղաւ Ու ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:10
10
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:11
Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմ Եւ ինծմէ ուրիշ փրկիչ չկայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:11
11
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:13
Սկիզբէն ի վեր ես նոյնն եմ Ու չկայ մէկը, որ իմ ձեռքէս կարենայ ազատիլ. Երբ ես բան մը ընեմ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:13
12
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:20-21
Զիս դաշտի գազանները, Չագալներն ու ջայլամները պիտի փառաւորեն, Վասն զի իմ ժողովուրդիս, իմ ընտրեալներուս, խմցնելու համար, Անապատի մէջ ջուրեր Եւ անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի տամ։ Եւ այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի, Անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:20-21
13
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:6-7
Հիւսիսին պիտի ըսեմ՝ «Տո՛ւր» Ու հարաւին՝ «Մի՛ արգիլեր». Իմ տղաքներս հեռուէն Ու աղջիկներս երկրի ծայրէն բե՛ր, Այսինքն բոլոր իմ անունովս կոչուածները. Վասն զի անոնք իմ փառքիս համար ստեղծեցի, Զանոնք ձեւակերպեցի ու կազմեցի»։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:6-7
14
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:16-17
Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, որ ծովու մէջ ճամբայ Ու զօրաւոր ջուրերու մէջ շաւիղ կը բանայ, Որ կառքն ու ձին, զօրքը եւ հզօրութիւնը կը հանէ, Անոնք մէկտեղ կը պառկին ու չեն ելլեր, Անոնք պատրոյգի պէս կը մարին եւ կ’անցնին։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:16-17
15
ԵՍԱՅԵԱՅ 43:15
Ես եմ Եհովան՝ ձեր Սուրբը, Իսրայէլի Ստեղծիչը, ձեր Թագաւորը։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 43:15