ԵՍԱՅԵԱՅ 13
13
ԱՍՏՈՒԱԾ ԲԱԲԵԼՈՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1Բաբելոնին համար տրուած պատգամը, որ Ամովսին որդիին Եսայիին յայտնուեցաւ։
2Մերկ լերանը վրայ դրօշակ տնկեցէ՛ք,
Բարձր ձայնով կանչեցէք անոնց,
Ձեռքով նշան ըրէք, որպէս զի իշխաններուն դռները մտնեն։
3Իմ #13:3 Եբր., սրբուածներուսորոշածներուս հրաման ըրի.
Իմ զօրաւորներս, իմ փառքիս համար ուրախացողները,
Իմ բարկութիւնս գործադրելու կանչեցի։
4Լեռներուն վրայ բազմութեան ձայն մը կայ,
Մեծ ժողովուրդի մը ձայնին պէս,
Մէկտեղ հաւաքուած ազգերու թագաւորութիւններուն աղմուկին ձայնը կայ.
Զօրքերու Տէրը պատերազմի համար իր զօրքերը աչքէ կ’անցնէ։
5Հեռաւոր երկրէն, երկնքի ծայրէն,
Տէրը ու անոր բարկութեանը գործիքները
Բոլոր երկիրը աւերելու կու գան։
6Ողբացէ՛ք, վասն զի Տէրոջը օրը մօտ է.
Անիկա Ամենակարողէն եկած աւերման պէս պիտի գայ։
7Անոր համար բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան
Ու ամէն մարդու սիրտ պիտի հալի։
8Անոնք պիտի սոսկան։
Նեղութիւն ու անձկութիւն պիտի տիրէ անոնց,
Ծննդական կնոջ պէս ցաւ պիտի քաշեն։
Ամէն մարդ իր ընկերին վրայ պիտի նայի ու ապշի։
Անոնց երեսները բոցագոյն պիտի ըլլան։
9Ահա Տէրոջը օրը կու գայ՝
Անգթութեամբ, սրտմտութեամբ եւ սաստիկ բարկութեամբ,
Որպէս զի երկիրը աւերակ դարձնէ
Ու մեղաւորները անկէ բնաջինջ ընէ։
10Վասն զի երկնքի աստղերն ու անոնց համաստեղութիւնները
Իրենց լոյսը պիտի չտան։
Արեւը իր ելած ատենը պիտի խաւարի
Եւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։
11Ես պիտի պատժեմ աշխարհը իր չարութեանը համար
Եւ ամբարիշտները՝ իրենց անօրէնութեանը համար։
Հպարտներուն ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ
Եւ բռնաւորներուն գոռոզութիւնը պիտի ցածցնեմ։
12Մարդը զուտ ոսկիէն
Ու Ոփիրի ոսկիէն պատուական պիտի ընեմ։
13Ուստի պիտի սարսեմ երկինքը
Ու երկիր իր տեղէն պիտի սասանի
Զօրքերու Տէրոջը սրտմտութիւնովը՝
Անոր սաստիկ բարկութեանը օրը։
14 Բաբելոնի բնակիչները հալածուած այծեամի պէս պիտի ըլլան
Ու մոլորած ոչխարներու պէս, ու զանոնք հաւաքող մը պիտի չըլլայ։
Անոնց ամէն մէկը իր ժողովուրդին պիտի դառնայ
Եւ ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։
15Ով որ գտնուի՝ պիտի խոցուի
Եւ ով որ գտնուի՝ սուրով պիտի իյնայ։
16Անոնց տղաքը աչքերնուն առջեւ գետինը պիտի զարնուին,
Անոնց տուները պիտի կողոպտուին
Եւ անոնց կիները պիտի պղծուին։
17Ահա անոնց դէմ Մարերու ազգը ոտքի պիտի հանեմ,
Որոնք արծաթը բանի տեղ չեն դներ
Ու ոսկիէն չեն ախորժիր։
18 Անոնց աղեղները երիտասարդները պիտի խոցեն
Ու անոնք որովայնի պտուղին գթութիւն պիտի չընեն։
Անոնց աչքը պիտի չգթայ տղաքներուն։
19Թագաւորութիւններուն փառքը
Եւ Քաղդէացիներուն փառաւորութեանը պարծանքը եղող Բաբելոնը
Տակնուվրայ պիտի ըլլայ,
Ինչպէս Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։
20Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ
Եւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի։
Հոն Արաբացիները վրան պիտի չկանգնեցնեն
Եւ հովիւները իրենց հօտը հոն պիտի չպառկեցնեն.
21Հապա հոն #13:21 Կամ, անապատի գազաններվայրենի կատուներ՝ ՝ պիտի պառկին
Ու անոնց տուները ոռնացող անասուններով պիտի լեցուին
Եւ հոն ջայլամներ պիտի բնակին
Ու հոն այծամարդեր պիտի կաքաւեն։
22Անոր պալատներուն մէջ բորենիներ
Ու զբօսանքի տուներուն մէջ ճագարներ պիտի կանչուըռտեն։
Եւ անոր ժամանակը հասնելու վրայ է
Ու անոր օրերը ա՛լ պիտի չերկննան։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 13: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.