YouVersion Logo
Search Icon

ՈՎՍԵԱՅ 9

9
ՈՎՍԷԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՊԱՏԻԺԸ Կ’ԻՄԱՑՆԷ
1Ժողովուրդներուն պէս մի՛ ցնծար եւ մի՛ ուրախանար, ո՛վ Իսրայէլ,
Քանզի քու Աստուծմէդ հեռանալով պոռնկութիւն ըրիր։
Ամէն ցորենի կալի վրայ պոռնկութեան վարձքը սիրեցիր։
2Կալն ու հնձանը զանոնք պիտի չկերակրեն
Եւ քաղցուն հոն պիտի #9:2 Եբր., ստէաւրուի։
3Անոնք Տէրոջը երկրին մէջ պիտի չբնակին,
Հապա Եփրեմը Եգիպտոս պիտի դառնայ։
Ասորեստանի մէջ պիղծ բաներ պիտի ուտեն։
4Տէրոջը գինիի նուէր պիտի չմատուցանեն
Եւ անոր ընդունելի պիտի չըլլան.
Անոնց զոհերը սգաւորներու հացին պէս պիտի ըլլան իրենց,
Զանիկա ուտողները պիտի պղծուին.
Քանզի անոնց հացը իրենց անձերուն համար է, բայց
Տէրոջը տունը պիտի չմտնէ։
5Ի՞նչ պիտի ընէք տօնին օրը
Ու Տէրոջը տօնախմբութեան օրը։
6Քանզի ահա կործանումէն փախչելով կ’երթան։
Եգիպտոս զանոնք պիտի հաւաքէ,
Մեմփիս զանոնք պիտի թաղէ։
Եղիճը պիտի ժառանգէ անոնց արծաթը,
Անոնց վրաններուն մէջ փուշեր պիտի բուսնին։
7Պատուհասի օրերը հասան,
Հատուցման օրերը հասան,
Իսրայէլ պիտի գիտնայ։
Քու անօրէնութեանդ շատութեանը
Եւ քու մեծ հակառակութեանդ համար,
Մարգարէն՝ անմիտ ու հոգեւոր մարդը խենդ եղաւ։
8Եփրեմ՝ իմ Աստուծոյս ժողովուրդին դէտն է,
Սակայն անոր բոլոր ճամբաներուն գայթակղութիւն կը լարէ
Ու իր Աստուծոյն տանը հակառակութեան պատճառ կ’ըլլայ։
9Գաբաայի օրերուն պէս խիստ շատ ապականեցան։
Անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ։
Անոնց մեղքը պիտի պատժէ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԵՂՔԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ
10Իսրայէլը անապատի մէջ եղող խաղողի պէս գտայ
Եւ ձեր հայրերը թզենիին կանխահաս պտուղին պէս տեսայ,
Սակայն անոնք Բելփեգովր մտան
Ու իրենց անձը ամօթալից գործերու նուիրեցին
Եւ իրենց սիրած բանին պէս իրենք ալ զզուելի եղան։
11Եփրեմին փառքը՝
Ծնունդէն եւ արգանդէն ու յղութենէն առաջ՝
Թռչունի պէս պիտի թռչի։
12Թէեւ իրենց տղաքները մեծցնեն,
Զանոնք պիտի յափշտակեմ մինչեւ որ մէկը չմնայ։
Վա՜յ անոնց, երբ անոնցմէ քաշուիմ։
13Եփրեմն ալ, ինչպէս տեսայ, զուարճալի տեղ մը տնկուած էր,
Բայց Եփրեմ իր տղաքները ջարդուելու կը պատրաստէ։
14Տո՛ւր անոնց, ո՛վ Տէր, ինչ որ պիտի տաս։
Անոնց վիժող արգանդ ու չոր ստինքներ տուր։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ
15Անոնց բոլոր չարութիւնը Գաղգաղայի մէջ է,
Քանզի հոն անոնցմէ զզուեցայ։
Անոնց չար գործերուն պատճառով
Զանոնք իմ տունէս պիտի վռնտեմ,
Զանոնք անգամ մըն ալ պիտի չսիրեմ։
Անոնց բոլոր իշխանները ապստամբ նետեր են։
16Եփրեմ զարնուեցաւ,
Անոնց արմատը չորցաւ, պտուղ պիտի չտան։
Եթէ անոնք ծնանին ալ,
Անոնց արգանդին ցանկալի պտուղներն ալ պիտի մեռցնեմ։
ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
17Իմ Աստուածս զանոնք պիտի մերժէ,
Քանի որ իրեն մտիկ չըրին.
Ուստի ազգերու մէջ թափառական պիտի ըլլան։

Currently Selected:

ՈՎՍԵԱՅ 9: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in