YouVersion Logo
Search Icon

ՈՎՍԵԱՅ 8

8
ՏԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ
1Փողը բերանդ դի՛ր։
Թշնամին Տէրոջը տանը վրայ արծիւի պէս պիտի գայ,
Քանզի իմ ուխտս զանց ըրին
Ու իմ օրէնքիս դէմ յանցանք գործեցին։
2Իսրայէլ ինծի կ’աղաղակէ ու կ’ըսէ.
«Ո՛վ իմ Աստուածս, մենք քեզ կը ճանչնանք»։
3Իսրայէլ բարին մերժեց, ուստի
Թշնամին պիտի հալածէ զանիկա։
4Անոնք թագաւորներ դրին, բայց ոչ ինծմով։
Իշխաններ ընտրեցին, բայց ես չգիտցայ։
Իրենց արծաթովն ու ոսկիովը իրենց կուռքեր շինեցին,
Որպէս զի բնաջինջ ըլլան։
5Քու հորթդ, ո՛վ Սամարիա, մերժուեցաւ.
Իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքեցաւ.
Մինչեւ ե՞րբ անմեղութիւնը ձեռք պիտի չբերեն։
6Քանզի ասիկա ալ Իսրայէլէն է,
Արհեստաւորը շինեց զանիկա, ուրեմն Աստուած չէ.
Ուստի կտոր կտոր պիտի ըլլայ Սամարիայի հորթը։
7Քանզի հով ցանեցին ու մրրիկ պիտի հնձեն.
Անիկա հասուն ցորեն պիտի չբերէ
Ու անոր արդիւնքէն ալիւր պիտի չըլլայ։
Եթէ ըլլայ ալ՝ օտարները պիտի ուտեն զանիկա։
8Իսրայէլ կլլուեցաւ։
Հիմա ազգերուն մէջ անպէտ ամանի պէս պիտի ըլլան։
9Քանզի անոնք առանձնակեաց վայրենի իշու պէս Ասորեստան գացին։
Եփրեմ վարձքով սիրականներ բռնեց։
10Թէեւ ազգերէն օգնականներ վարձքով բռնեն ալ, հիմա զանոնք պիտի հաւաքեմ.
# 8:10 Կամ, թագաւորին ու իշխաններուն բեռէն քիչ մը պիտի հանգստանան Թագաւորն ու իշխանները օծելէ քիչ մը պիտի դադարին՝ ՝։
11Քանզի Եփրեմ շատ սեղաններ շինեց,
Որոնք իրեն մեղքի համար եղան։
12Իմ օրէնքիս մեծ բաները անոր գրեցի,
Սակայն օտար բանի պէս սեպուեցաւ։
13Անոնք զհաբերութիւնը կը սիրեն,
Անոնք միս կը զոհեն ու կ’ուտեն,
Բայց Տէրը անոնցմէ չի հաճոյանար։
Հիմա անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ
Եւ անոնց մեղքերը պիտի պատժէ.
Անոնք Եգիպտոս պիտի դառնան։
14Քանզի Իսրայէլ իր Ստեղծողը մոռցաւ ու #8:14 Կամ, պալատներմեհեաններ շինեց։
Յուդա պարսպապատ քաղաքները շատցուց.
Բայց ես անոր քաղաքներուն վրայ կրակ պիտի թափեմ,
Որը անոր ամրոցները պիտի այրէ։

Currently Selected:

ՈՎՍԵԱՅ 8: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in