YouVersion Logo
Search Icon

ՈՎՍԵԱՅ 10

10
1Իսրայէլ լայնատարած որթատունկ մըն է,
Իրեն համար պտուղ կը բերէ։
Իր պտուղին շատութեանը չափ սեղաններ շատցուց,
Իր երկրին գեղեցկութեանը պէս գեղեցիկ կուռքեր շինեց։
2Անոնց սիրտը փոփոխական է, հիմա յանցաւոր պիտի երեւին։
Տէրը անոնց սեղանները պիտի փլցնէ,
Անոնց կուռքերը պիտի կործանէ։
3Վասն զի հիմա անոնք պիտի ըսեն.
«Մենք թագաւոր չունինք,
Քանզի Տէրոջմէն չվախցանք։
Թագաւորը մեզի ի՞նչ կրնայ ընել»։
4Ուխտ ըրած ատեննին սուտ երդում ընելով խօսեցան։
Պատուհասը արտին ակօսներուն մէջ թունաւոր խոտերու պէս պիտի բուսնի։
5Սամարիայի բնակիչները Բեթաւանի հորթերուն պատճառով պիտի վախնան,
Քանզի անոր վրայ անոր ժողովուրդը սուգ պիտի ընէ
Ու անոր քուրմերը անոր փառքին համար պիտի դողան,
Քանզի անիկա գերութեան տարուեցաւ։
6Անիկա ալ Ասորեստան պիտի տարուի՝
Յարէբ թագաւորին պարգեւ ըլլալու համար։
Եփրեմ ամօթ պիտի զգայ
Ու Իսրայէլ իր խորհուրդէն պիտի ամչնայ։
7 # 10:7 Կամ, Սամարիա իր թագաւորովը Սամարիայի թագաւորը՝ ՝ բնաջինջ պիտի ըլլայ
Ջուրի երեսին վրայ եղող փրփուրի պէս։
8Աւենի բարձր տեղերը եւ Իսրայէլի մեղքը աւերակ պիտի ըլլան։
Անոնց սեղաններուն վրայ փուշ ու տատասկ պիտի բուսնի։
Լեռներուն պիտի ըսեն՝ «Մեզ ծածկեցէ՛ք»
Ու բլուրներուն՝ «Մեր վրայ ինկէ՛ք»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՃԻՌԸ Կ’ԻՄԱՑՆԷ
9Գաբաայի օրերէն ի վեր մեղք գործեցիր, ո՛վ Իսրայէլ.
Հոն հաստատուեցան քուկիններդ։
Միթէ Գաբաայի մէջ չարութեան որդիներուն դէմ եղած պատերազմը պիտի չհասնի՞։
10Կամակոր ժողովուրդին դէմ պիտի ելլեմ զանոնք պատժելու համար
Եւ ժողովուրդները անոնց դէմ պիտի հաւաքուին,
Երբ իրենց կրկնակի #10:10 Կամ, ակօսներուն մէջանօրէնութիւններուն համար պատժուին։
11Ու Եփրեմ երինջ մըն էր, որ կը սիրէր կամնել,
Բայց ես անոր պարանոցին գեղեցկութեանը վրայ լուծ մը անցուցի։
Եփրեմը կառքի պիտի լծեմ,
Յուդան պիտի հերկէ,
Յակոբը անոր ետեւէն պիտի տափանէ։
12Ձեզի արդարութիւնով ցանեցէ՛ք
Ու ողորմութիւնով հնձեցէ՛ք։
Չմշակուած երկիրը հերկեցէ՛ք,
Քանզի Տէրը փնտռելու ատենն է,
Մինչեւ ինք գայ ու ձեր վրայ արդարութիւն տեղացնէ։
13Ամբարշտութեամբ ցանեցիք ու անօրէնութիւն հնձեցիք,
Ստութեան պտուղը կերաք,
Քանզի դուք ձեր կուռքերուն եւ մարտիկներուն ապաւինեցաք,
14Ուստի ձեր ժողովուրդներուն մէջ խռովութիւն պիտի ելլէ
Եւ ձեր բոլոր բերդերը պիտի կործանուին,
Ինչպէս Սաղման պատերազմին օրը Բեթարբէլը կործանեց,
Ուր մայրը իր տղաքներուն վրայ գետինը զարնուեցաւ։
15Բեթէլ ձեզի ասոր պէս պիտի ընէ,
Ձեր չափազանց չարութեանը համար։
Փոթորիկի մէջ Իսրայէլի թագաւորը բոլորովին պիտի ջնջուի։

Currently Selected:

ՈՎՍԵԱՅ 10: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in