YouVersion Logo
Search Icon

ՈՎՍԵԱՅ 7

7
1Երբ Իսրայէլը պիտի բժշկէի,
Եփրեմին անօրէնութիւնը
Ու Սամարիային չարութիւնները յայտնուեցան.
Քանզի անոնք նենգութեամբ կը գործեն։
Գողը ներս կը մտնէ
Ու դուրսը աւազակները կը մերկացնեն։
2Իրենք չեն մտածեր,
Թէ ես իրենց բոլոր չարութիւնը կը յիշեմ։
Հիմա իրենց գործերը զիրենք պաշարեցին,
Անոնք իմ երեսիս առջեւն են։
ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
3Իրենց չարութիւնովը՝ թագաւորը
Ու իրենց ստութիւններովը իշխանները կ’ուրախացնեն։
4Ամէնքն ալ շնացող են,
Տաք թոնիրի կը նմանին,
Որուն հացագործը կը դադրեցնէ կրակը խառնելը
Խմորը շաղելէն ետք, մինչեւ որ թթուի։
5Մեր թագաւորին տօնն է այսօր,
Իշխանները գինիին տաքութենէն #7:5 Կամ, զանիկա հիւանդացուցինհիւանդացան։
Անիկա իր ձեռքը ծաղրողներուն երկնցուց։
6Որովհետեւ անոնց սրտերը նենգութեամբ վառարանի մը նման բռնկած են։
Ամբողջ գիշերը բարկութիւնը բորբոքեցաւ,
Առտուն բոցավառ կրակի պէս բռնկեցաւ։
7Ամէնքը թոնիրի պէս տաքցան
Ու իրենց դատաւորները կերան։
Անոնց բոլոր թագաւորները ինկան.
Անոնցմէ ո՛չ ոք զիս կը կանչէ։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ
8Եփրեմ ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ։
Եփրեմը չդարձուած շօթի պէս է։
9Օտարները անոր զօրութիւնը կերան ու ինք չի գիտեր.
Նոյնիսկ մազերուն մէջ ճերմակ ինկաւ ու ինք չի գիտեր։
10Եւ Իսրայէլին հպարտութիւնը իր դէմ կը վկայէ,
Սակայն անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն չեն դառնար
Ու զանիկա չեն փնտռեր։
11Եփրեմ միամիտ ու անխելք աղաւնիի պէս եղաւ։
Եգիպտացիները կը կանչեն, Ասորեստան կ’երթան։
12Երբ անոնք երթան, անոնց վրայ իմ վարմս պիտի տարածեմ,
Որպէս զի զանոնք երկնքի թռչունի պէս իջեցնեմ
Ու զանոնք պատժեմ, ինչպէս ժողովուրդին մէջ տարածուեր էր։
13Վա՜յ անոնց, քանզի ինծմէ փախան։
Կորուստը անոնց պիտի հասնի, քանզի ինծի դէմ յանցանք գործեցին։
Թէեւ զանոնք ես փրկեցի,
Բայց անոնք ինծի դէմ սուտ խօսեցան։
14Երբ անոնք իրենց անկողիններուն վրայ կ’ողբային,
Իրենց սրտովը ինծի չաղաղակեցին։
Անոնք ցորենի ու գինիի համար կը հաւաքուին
Ու ինծի դէմ կ’ապստամբին։
15Թէպէտ զանոնք խրատեցի
Ու անոնց բազուկները զօրացուցի,
Սակայն #7:15 Կամ, ինծի դէմ չարութիւն խորհեցանատիկա ինծի չարութիւն սեպեցին։
16Անոնք կը դառնան, բայց, ո՛չ Բարձրեալին։
Անոնք խաբեբայ աղեղի պէս են։
Անոնց իշխանները իրենց լեզուին կատաղութեանը համար սուրով պիտի իյնան։
Ասիկա պիտի ըլլայ անոնց նախատինքը Եգիպտոսի մէջ։

Currently Selected:

ՈՎՍԵԱՅ 7: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in