ՈՎՍԵԱՅ 13
13
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՎՃԻՌԸ
1Երբ Եփրեմ դողալով կը խօսէր, Իսրայէլի մէջ ան բարձրացաւ,
Բայց Բահաղով յանցաւոր եղաւ ու մեռաւ։
2Հիմա նորէն մեղք կը գործեն
Ու իրենց համար արծաթէ
Ձուլածոյ կուռքեր ու արձաններ կը շինեն,
Որոնք արհեստաւորի գործեր են։
Անոնց զոհ կը մատուցանեն ու կ’ըսեն.
«Զոհ ընող մարդիկ թող հորթերը համբուրեն»։
3Անոր համար անոնք՝ առաւօտեան ամպի պէս,
Կանուխ իջած վաղանցիկ ցօղին պէս,
Կալէն փոթորիկով վերցուած մղեղին պէս
Ու ծխնելոյզէն ելած ծուխին պէս պիտի ըլլան։
4Սակայն ես Եգիպտոսի երկրէն ի վեր քու Տէր Աստուածդ եմ
Ու ինծմէ զատ ուրիշ աստուած մի՛ ճանչնար,
Քանզի ինծմէ զատ ուրիշ Փրկիչ չկայ։
5Ես քեզ անապատի մէջ՝
Խիստ անջրդի երկրի մէջ ճանչցայ։
6Անոնք իրենց արօտին համեմատ կշտացան,
Կշտացան ու անոնց սիրտը հպարտացաւ։
Անոր համար զիս մոռցան։
7Ուստի անոնց առիւծի պէս պիտի ըլլամ,
Ճամբուն քովի ինձի պէս դարանամուտ պիտի ըլլամ։
8Իր ձագերը կորսնցուցած արջի պէս անոնց վրայ պիտի յարձակիմ
Ու անոնց սրտին վարագոյրը պիտի պատռտեմ,
Զանոնք առիւծի պէս պիտի ուտեմ։
Դաշտի գազանը պիտի պատառէ զանոնք։
9Դուն քեզ կորսնցուցիր, ո՛վ Իսրայէլ,
Բայց քու օգնութիւնդ միայն ինծմէ է։
10Հիմա ո՞ւր է քու թագաւորդ,
Որպէս զի քու բոլոր քաղաքներդ ազատէ
Եւ ո՞ւր են այն իշխանները, որ քեզ պահեն,
Որոնց համար ըսիր թէ «Ինծի թագաւոր ու իշխաններ տուր»։
11Իմ բարկուիթւնովս քեզի թագաւոր տուի
Ու իմ սրտմտութիւնովս հեռացուցի։
12Եփրեմին անօրէնութիւնը կապուած է,
Անոր մեղքը պահուած է։
13Անոր վրայ ծննդական կնոջ ցաւերը պիտի հասնին։
Անիկա իմաստուն տղայ չէ,
Ապա թէ ոչ՝ արգանդին բերանը այնչափ ատեն չէր կենար։
14Զանոնք գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկեմ,
Զանոնք մահուանէ պիտի ազատեմ։
Ըսէ՛, ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու տանջանքդ.
Ըսէ՛, ո՛վ գերեզման, ո՞ւր է աւերումդ։
Իմ աչքերէս գութը պիտի ծածկուի։
15Թէեւ անիկա եղբայրներուն մէջ պտղաբեր ըլլայ,
Արեւելեան հովը պիտի գայ,
Անապատէն Տէրոջը հովը պիտի ելլէ.
Անոր աղբիւրը պիտի ցամքի,
Անոր աղբերակը պիտի չորնայ.
Անոր բոլոր թանկագին առարկաներուն գանձը պիտի կողոպտուի։
16Սամարիա աւերակ պիտի ըլլայ,
Քանզի իր Աստուծոյ դէմ ապստամբեցաւ.
Անոնք սուրով պիտի իյնան,
Անոնց պզտիկ տղաքը գետինը պիտի զարնուին
Ու յղի կիները պիտի ճեղքուին։
Currently Selected:
ՈՎՍԵԱՅ 13: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.