YouVersion Logo
Search Icon

ՈՎՍԵԱՅ 12

12
ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՅՈՒԴԱՅ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆ
1Եփրեմ զիս կը պաշարէ ստութեամբ
Ու Իսրայէլի տունը՝ նենգութեամբ.
Բայց Յուդան տակաւին Աստուծմէ կը ճանչցուի
Ու սուրբերուն մէջ հաւատարիմ է։
2Եփրեմ հով կը ճարակէ ու արեւելեան հովին ետեւէն կը վազէ.
Ամէն օր ստութիւնն ու յափշտակութիւնը կը շատցնէ.
Դաշնակցութիւն կ’ընէ Ասորեստանի հետ
Ու իւղը կը տանի Եգիպտոս։
3Տէրը Յուդայի հետ ալ վէճ ունի
Ու Յակոբը՝ անոր ճամբաներուն համեմատ՝ պիտի պատժէ
Ու անոր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ անոր։
4Անիկա արգանդին մէջ իր եղբօրը գարշապարէն բռնեց
Եւ իր ուժովը Աստուծոյ հետ ըմբշամարտեցաւ։
5Հրեշտակին հետ ըմբշամարտեցաւ ու յաղթեց,
Լացաւ եւ անկէ շնորհք խնդրեց։
Բեթէլի մէջ Աստուծոյ հանդիպեցաւ,
Աստուած հոն անոր խօսեցաւ,
6Այսինքն զօրքերու Տէր Աստուածը,
Որուն անունը Եհովա է։
ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՅԼ ԽՕՍՔԵՐ
7«Ուրեմն դուն քու Աստուծոյդ օգնութեամբ դարձիր,
Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պահէ
Ու միշտ քու Աստուծոյդ յուսա»։
8 Եփրեմ վաճառական է, անոր ձեռքը նենգութեան կշիռ կայ,
Անիկա հարստահարելը կը սիրէ։
9Ու Եփրեմ ըսաւ. «Իրաւցընէ հարստացայ,
Ինծի ստացուածք գտայ,
Իմ վաստակներուս համար
Անօրէնութիւն պիտի չգտնեն իմ վրաս, որ մեղք ըլլայ.։
10Իսկ ես Եգիպտոսի երկրէն քու Տէր Աստուածդ եմ»
Քեզ տակաւին վրաններու մէջ պիտի բնակեցնեմ՝ հանդիսաւոր տօնի օրերու պէս։
11Եւ մարգարէներուն միջոցով խօսեցայ,
Տեսիլքները շատցուցի,
Մարգարէներուն միջոցով առակներ գործածեցի։
12Արդարեւ եթէ Գաղաադ անօրէն է, անպայման պիտի ոչնչանայ.
Եթէ Գաղգաղայի մէջ արջառներ զոհեցին,
Անոնց սեղաններն անգամ արտի ակօսներուն քով եղող քարակոյտերու պէս պիտի ըլլան։
13Եւ Յակոբ Ասորիներու երկրէն փախաւ
Ու Իսրայէլ կնոջ համար ծառայութիւն ըրաւ
Ու կնոջ համար հովիւ եղաւ։
14Տէրը մէկ մարգարէով Եգիպտոսէն հանեց Իսրայէլը
Ու անիկա մէկ մարգարէով պահպանուեցաւ։
15Եփրեմ դառնութեամբ Աստուած բարկացուց.
Անոր համար իր արիւնը իր վրայ պիտի քսուի
Ու Տէրը անոր նախատինքը անոր պիտի հատուցանէ։

Currently Selected:

ՈՎՍԵԱՅ 12: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in