ՈՎՍԵԱՅ 11
11
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ԱՊՍՏԱՄԲ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՆԴԷՊ
1«Երբ Իսրայէլը մանուկ էր, զանիկա կը սիրէի
Ու իմ որդիս Եգիպտոսէն կանչեցի։
2 Որչափ զանոնք կանչեցի, այնչափ անոնք իմ երեսէս հեռացան։
Բահաղիմներուն զոհ մատուցանեցին
Ու կուռքերուն խունկ ծխեցին։
3Ես Եփրեմին քալել սորվեցուցի.
Զանոնք #11:3 Կամ, թեւերովսիրենց թեւերէն՝ ՝ կը վերցնէի,
Սակայն չգիտցան թէ ես զիրենք բժշկեցի։
4Զանոնք կարեկցութեան չուաններով, սիրոյ կապերով առաջնորդեցի
Ու անոնց պարանոցէն լուծը հանողներու պէս եղայ իրենց
Եւ զանոնք քաղցրութեամբ կերակրեցի։
5Անոնք Եգիպտոս պիտի չդառնան,
Հապա Ասորեստանցին պիտի ըլլայ անոնց թագաւորը,
Քանզի ինծի դառնալ մերժեցին։
6Անոնց քաղաքներուն դէմ պատերազմ պիտի մղուի,
Անոնց դռներուն նիգերը պիտի կոտրին
Եւ զիրենք պիտի բնաջնջէ
Իրենց խորհուրդներուն համար։
7Իմ ժողովուրդս ինծի դէմ ապստամբելու հակամէտ է։
Թէեւ անոնք Բարձրեալին կը հրաւիրուին,
Սակայն ոեւէ մէկը զանիկա չի բարձրացներ։
8Քեզ ի՞նչպէս տամ, ո՛վ Եփրեմ,
Քեզ ի՞նչպէս յանձնեմ, ո՛վ Իսրայէլ.
Քեզ ի՞նչպէս Ադմայի պէս ընեմ։
Քեզ ի՞նչպէս Սեբոյիմի պէս դնեմ։
Իմ սիրտս ներսիդիս կը խռովի,
Կարեկցութիւններս ալ միանգամայն կը բռնկին։
9Իմ սաստիկ բարկութիւնս պիտի չգործադրեմ։
Եփրեմը կրկին պիտի չաւերեմ,
Քանզի ես Աստուած եմ եւ ո՛չ թէ մարդ,
Քու մէջդ եղող Սուրբը ես եմ
Ու #11:9 Կամ, քաղաք չեմ մտներբարկութեամբ պիտի չգամ՝ ՝։
10Տէրոջը ետեւէն պիտի երթան,
Անիկա առիւծի պէս պիտի մռնչէ,
Երբ անիկա մռնչէ,
Արեւմուտքի կողմէն տղաքները արտորալով պիտի գան։
11Անոնք Եգիպտոսէն՝ թռչունի պէս
Ու Ասորեստանի երկրէն աղաւնիի պէս արտորալով պիտի գան։
Զանոնք իրենց տուներուն մէջ պիտի բնակեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
Currently Selected:
ՈՎՍԵԱՅ 11: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.