YouVersion Logo
Search Icon

ՈՎՍԵԱՅ 1

1
1Տէրոջը խօսքը, որ Բէերիի որդիին Ովսէէին եղաւ, Յուդայի թագաւորներուն, Ոզիային, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային եւ Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը։
ՈՎՍԷԷԻ ԿԻՆՆ ՈՒ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ
2Ովսէէի միջոցով եղած Տէրոջը խօսքին սկիզբը։ Տէրը ըսաւ Ովսէէին. «Գնա՛, քեզի պոռնկութեան կին մը ու պոռնկութեան տղաքներ ա՛ռ, քանզի երկիրը Տէրոջմէ խոտորելով՝ խիստ շատ պոռնկացաւ»։
3Անիկա գնաց ու Դաբելայիմին աղջիկը՝ Գոմերը՝ առաւ եւ անիկա յղացաւ ու անոր որդի մը ծնաւ։ 4Տէրը անոր ըսաւ. «Անոր անունը Յեզրայէլ դի՛ր, քանզի քիչ ատենէն Յեզրայէլի մէջ թափուած արիւնները Յէուին տունէն պիտի պահանջեմ ու Իսրայէլին տանը թագաւորութիւնը պիտի վերջացնեմ։ 5Այն օրը Յեզրայէլի հովիտին մէջ Իսրայէլին աղեղը պիտի կոտրեմ»։
6 Գոմեր դարձեալ յղացաւ ու աղջիկ մը ծնաւ։ Տէրը ըսաւ Ովսէէին. «Անոր անունը #1:6 Այսինքն, չողորմեալԼօրուհամա դի՛ր, քանզի ա՛լ պիտի չողորմիմ Իսրայէլի տանը. #1:6 Կամ, որ անոնց կերպով մը ներեմհապա զանիկա բոլորովին պիտի վերցնեմ՝ ՝։ 7Բայց Յուդային տանը ողորմութիւն պիտի ընեմ ու զանոնք իրենց Տէր Աստուծմով պիտի փրկեմ։ Զանոնք աղեղով կամ սուրով կամ պատերազմով, ձիերով կամ ձիաւորներով պիտի չփրկեմ»։
8Երբ Լօրուհաման կաթէն կտրեց, նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ 9Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Անոր անունը #1:9 Այսինքն, իմ ժողովուրդսԼօամմի դի՛ր, քանզի դուք իմ ժողովուրդս չէք ու ես ձեզի Աստուած պիտի չըլլամ»։
ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ
10«Բայց Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազի պէս պիտի ըլլայ, որ անչափ ու անթիւ է ու այն տեղ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ ‘Դուք իմ ժողովուրդս չէք’, հոն անոնք ‘Կենդանի Աստուծոյն որդիները պիտի կոչուին’։ 11Եւ Յուդայի որդիներն ու Իսրայէլի որդիները մէկտեղ պիտի հաւաքուին ու իրենց վրայ իշխան մը պիտի դնեն ու երկրէն պիտի ելլեն, քանզի Յեզրայէլի օրը մեծ պիտի ըլլայ»։

Currently Selected:

ՈՎՍԵԱՅ 1: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in